ՄշակութայինՍփիւռք

RETURN TO HOMELESSNESS

(Հեղինակ բժիշկ Վարդան Թաշճեան)

2023-ի վերջերուն, Newman Springs Publishing հրատարակչատունէն լոյս տեսաւ բժիշկ եւ մասնագիտութեամբ մանկաբոյժ Վարդան Թաշճեանի «Return to Homlessness» խորագրեալ հատորը:

Գիրքը նոր է եւ… նոր չէ: Նոր չէ, որովհետեւ հեղինակը 2019-ին լոյս ընծայած էր «Գաղթակայանէն բժշկութիւն» հատորը, նմանապէս պատկերազարդ եւ շուրջ 350 էջ: Return…ը այդ հատորին անգլերէն տարբերակն է: Նոր է՝ ո՛չ միայն, որովհետեւ նոր լոյս տեսած է, այլ անիկա հիւսւած է հայերէն տարբերակէն բաւական տարբեր յղացքով՝ աւելի ամփոփ ու որոշ տրամաբանութեամբ՝ անկէ ընտրեալ էջերով, որոշ հպումներով, վերախմբագրութեամբ:

ԸՍՏ ՁԵՒԻ

Հատորը կընդգրկէ աւելի քան 50 գլուխ, որոնք տարածւած են շուրջ 160 էջերու վրայ: Գլուխները ընդհանրապէս կարճ են, երբեմն նւազ քան մէկ էջ, երբեմն շուրջ 7-8 էջ: Նիւթերուն կընկերանան համապատասխան լուսանկարներ եւ պատկերներ: Սեղմ գլուխներով նիւթերը ներկայացնելու այս ձեւը ընտրւած է, յայտկապէս նկատի ունենալով, որ նոր տասնամեակներուն, երկար բան կարդալը շատերուն տաղտուկ կրնայ պատճառել: Չէ՞ որ «դիմատետր»-ն ու նման սարքեր այսօր գերի դարձուցած են ընթերցողը: Սակայն պէտք է արձանագրենք հետեւեալը. երբ հեղինակը գիրքէն օրինակ մը կը մակագրէր ու կը նւիրէր մեզի, կարճ թելադրանք մը ըրաւ. «Արագ, մէկ շունչով մի՛ կարդար… Օրական մէկ-երկու գլուխ…»:

Բովանդակութեան մասին խօսելէ առաջ, արձանագրենք, որ բժիշկ Վ. Թաշճեան գիրի մարդ է տասնամեակներէ ի վեր, սկսելով ծննդավայրէն՝ Բէյրութէն (ծնած է Բուրջ Համուդի կից Թիրօ հիւղաւանը) մինչեւ կեանքի այլ փուլեր (եղած է Կանադա, ապա հաստատւած է Լոս Անջելէս): Կանուխ երիտասարդութեան օրերէն՝ ան աշխատակցած է մեր մամուլին, իսկ վերջին աւելի քան տասը տարիներուն, երբ բժշկական ասպարէզին «բեռը» որոշ չափով թեթեւցած է իր ուսերէն, հրապարակ եկած է հատորներով. «Ամենայն սիրով», բանաստեղծութիւններ, «Բժիշկ, դեղ, դիւանդ», երգիծական ոտանաւորներ, «Գաղթակայանէն բժշկութիւն»: Ուրեմն, անգլերէն այս հատորը իր չորրորդ «զաւակն» է (ունի իր քայլերուն հետեւող երկու զաւակ):

ԸՍՏ ԲՈՎԱՆԴԱԿՈՒԹԵԱՆ

Այս հատորը հիմնականօրէն յուշագրական գործ է, ինչպէս անոր ծնունդ տւած հայերէն հատորը: Յուշերը թուղթին յանձնող մը ընդհանրապէս կը պահէ ժամանակագրական որոշ ընթացք մը, այսինքն՝ մանկութիւն, պատանութիւն, երիտասարդութիւն, չափահասութիւն եւ հասուն տարիք (բժիշկը 90 տարեկան է), թէեւ կրնան արձանագրւիլ տեղին՝ յետ-առաջ ոստումներ: Այդպէս էր հայերէն տարբերակը: Այստեղ, սակայն, հեղինակը ունեցած է յուշերը նա՛եւ ոչ հայու ակնոցով ներկայացնելու մօտեցումը, առաւելաբար լուսարձակի տակ կը բերէ իր այն աշխատանքները, որոնք իրականացուցած է Լոս Անջելէս (Կալիֆորնիա) հաստատւելէն ետք, այսինքն՝ վերջին աւելի քան 40 տարիները:

Հատորին մէջ կայ ուժեղ կերպով տիրապետող ԲԱՆ մը՝ իր ենթաբաժանումներով եւ ճառագայթումներով: Խորագիրն իսկ կը խտացնէ այդ ԲԱՆը: Ծնած է եւ մանկութիւնը բոլորած՝ Թիրօ հիւղաւանին մէջ, Ցեղասպանութենէն փրկւած ընտանիքի մը յարկին տակ, այսինքն՝ հայերուն վիճակւած թշւառութեան բոլոր պտուղները ունեցած է հիւղակ-բնակարանին մէջ: Երբ կըսենք ընտանիք՝ պէտք չէ հասկնալ միայն հայր ու մայր, այլ հոն են մեծ մայրը, հօրեղբայրը, քոյրն ու դրացիներ, ազգականներ, ուսուցիչ, թաղին մէջ «հռչակ ունեցող» մարդիկ, այսինքն՝ հիւղաւանին նեղ ու ընդարձակ ընտանիքները, որոնք աղքատիկ ու անտանելի վիճակի մէջ ապրելով, իրողապէս անտունի էին, զուրկ՝ մարդավայել բնակարանէ եւ անոր ստորոգելիներէն: Հատորը, սակայն, չի բացւիր այդ օրերու դէպքերուն յիշողութեամբ, այլ Լոս Անջելէսի անտունիներուն հետ իբրեւ դարմանող բժիշկ՝ իր շփումներուն, աշխատանքին բացումով: Այս մարդը ինքն իրեն առաքելութիւն տւած է երթալ, ծանօթանալ կեանքի-ապրուստի դաժան պայմաններուն այն հազարաւորներուն, որոնք այս կամ այն պատճառով օր մը կորսնցուցած են իրենց բնակարանը (հատորին մէջ կը յիշատակէ, որ նմաններուն թիւը կանցնի 70 հազարը, հիմա արդէն պաշտօնապէս կը յայտարարեն, որ թիւը անցած է 170 հազարը…): Ճամբաներու եզրին, կամուրջներու տակ կամ բաց տարածքներու մէջ, վրաններու, մինչեւ իսկ փայտաշէն կամ խաւաքարտակերտ «տնակներու» մէջ բնակողները կը դիմագրաւեն ահաւոր վիճակներ եւ մարտահրաւէրներ. տարանցիկ հիւանդութիւն, թմրամոլութիւն, հոգեկան հիւանդութիւններ, անօթութիւն եւ մասամբ նորին, այդ բոլորը զանոնք կը դարձնեն կռւազան, այլամերժ, սակայն նաեւ ԿԱՐԵԿՑԱՆՔԻ ԿԱՐՕՏ, եւ ահա ա՛յս կէտն է որ գործի դաշտ կը կանչէ այս բժիշկը ու իրեն նմանները: Եթէ ուրիշներ ընդհանրապէս այս առաքելութեան կը մօտենան մարդասիրական զգացումներով ու նկատումներով, բժիշկ Վ. Թաշճեան ունի մղիչ յատուկ դրդապատճառ. ինք ալ մանկութեան ու պատանութեան ապրած է նման վիճակներ, ուրեմն, այս անտունիներուն հետ ունի այդ օրերէն իսկ եկող հոգեկան կապ, հաղորդակցութիւն, որուն ընդհանուր խորագիրներն են ԿԱՐԵԿՑԱՆՔ, ԿԱՐՕՏԵԱԼԻՆ ՕԳՆՈՒԹԵԱՆ ՁԵՌՔ ԵՐԿԱՐԵԼՈՒ ՄՂՈՒՄ: Ան կը պատմէ անտունիներու հետ իր փորձառութիւններէն, անոնց մատուցած ֆիզիկական ու հոգեբանական դարմանումներէն, բայց մանաւանդ անոնց կողմէ իբրեւ սրտակից-բարեկամ ընդունւելու զգացումէն բխող ինքնավարձատրութենէն:

Անտունիներու հետ՝ անոնց իսկ ապրած միջավայրն ու առօրեան քանի մը օր բաժնեկցելու փորձառութեան պատումէն ետք, յետ կերթայ դէպի կեանքի առաջին փուլերը, մանրապատումներով կը ներկայացնէ Թիրօ հիւղաւանի վիճակը, ուսումնառութեան փուլերն ու ճամբուն կանգնած խոչընդոտները յաղթահարելու պայքարը: Բժիշկ դառնալն ու անմիջական շրջապատին, մարդկութեան ձեռք երկարելու զգացումը կը դառնան յաճախանք, կեանքի ձեւ: Քաջալերանքի փոխարէն, ընդհանրապէս կը գտնէ հակառակը, թէ՝ կերազէ անհասանելիին մասին: Այսուհանդերձ, խոր երախտիքով կը խօսի ծնողներուն մասին, որոնք եղած են քաջալերող եւ նեցուկ: Աւելի ուշ, անոնց կորուստը (մայրը զոհ գացած է արկածի) զինք կը մատնեն խոր վիշտի, եւ այդ դէպքերուն պատումը, աւելի ուշ նաեւ տիկնոջ կորուստը կարձանագրւին գրական ոճով, գեղարւեստական ճաշակով:

Հատորին գլուխները ահա այսպէս կը յաջորդեն իրարու: Լոս-անջելէսեան եւ այլ աւաններու մէջ իր ծառայութիւնները կը միահիւսւին կեանքի աւելի կանուխ փուլերու յուշերով, իրարու կը յաջորդեն յուզում պատճառող, սրտառուչ դէպքեր. օրինակի համար, իր դարմանած մանուկներէն մէկ քանին կեանքի աելի ուշ փուլերուն դարձեալ իր դիմաց կելլեն եւ դառնանուշ յուշեր կարթնցնեն: Ընթերցողին, այս պարագային՝ ոչ-հայ ընթերցողին աչքին դիմաց քանի-քանի անգամ կը պարզւին բժիշկին, ծնողներուն ու սերնդակիցներուն այն տառապանքները, որոնք հետեւանք են Ցեղասպանութեան: Այս իմաստով, հայութեան կորուստներուն եւ պահանջատիրութեան անուղղակի պատկերումը կը տարածւի հատորի էջերուն, առանց ծայրայեղ զգացականութեան կամ քարոզչութիւն ընելու միտումի: Իրականութեանց ամենէն պարզ ներկայացումը՝ գիրով ու ԿԵԱՆՔԻ ՆԿԱՐԱԳՐՈՒԹԵԱՄԲ, յաճախ նոյնքան ուժեղ քարոզչութիւն է, որքան ցոյցերն ու նման արարքները: Այս բոլորը կատարւած են գիտակից մօտեցումով: Այլապէս յուզիչ են եւ բարացուցական՝ Բէյրութ իր վերադարձի եւ հայկական բարեսիրական հաստատութեանց հետ վերստին շփման մէջ մտնելու դրւագները, որոնք շեշտակիօրէն կը մտնեն յուշագրական կալւածին մէջ:

Էջերուն ընդմէջէն, բազմիցս կը ճառագայթեն երախտագիտական եւ սիրոյ այն զգացումները, որոնք զինք հարստացուցած են մանկութեան օրերէն ի վեր. երախտապարտութիւն՝ ծնողներուն եւ հարազատներուն, ուսուցիչներուն, դասախօսներուն, մասնաւորաբար անօգնականներուն օգնութեան ու դարմանումի գործին մէջ աշխատակիցներուն, մէկ խօսքով, իբրեւ բժիշկ՝ զինք արարողներուն եւ աշխատանքի դաշտեր տրամադրողներուն, ըլլա՛յ Լիբանանի, ըլլա՛յ Կալիֆորնիոյ մէջ:

ԱՐԺԱՆԻՔՆԵՐ

Հատորը աւարտողը անխուսափելիօրէն կունենայ բազում մտածումներ: Կը զգայ, կը տեսնէ, որ Հիպոկրատի երդումը տւած այս բժիշկը լիակատար կերպով հաւատարիմ մնացած է այդ երդումին, իրմէ պահանջւած՝ հազար մղոն ծառայութիւնը մատուցած է տասնապատիկ ծաւալով, սակայն ինքզինք պահած է լուսարձակներէ հեռու: Հատորին նպատակներէն մէկը այն չէ, որ ըսէ՝ «ընթերցող, տե՛ս, թէ ինչպիսի՛ տառապանքներ կրած, Ցեղասպանութեան զոհ գացած ժողովուրդի մը ժառանգորդն եմ, տե՛ս, թէ ինչո՛ւ բժշկութիւնը ընտրած եմ իբրեւ կեանքի առաքելութիւն, եւ ո՛չ թէ իբրեւ ապրուստ ապահովելու եւ նիւթական բարօրութեան հասնելու, թուրքին պարտադրած թշւառութեան դէմ ազնիւ վրիժառութեան ասպարէզ»: Նպատակը միայն այն չէ, որ ընթերցողին ըսէ. «Տե՛ս, թէ ինչպիսի՜ հսկայածաւալ գործ տեսած եմ անօգնականներ դարմանելու դաշտին մէջ, որովհետեւ Շւայցերի, Մայր Թերեզայի եւ Մարիա Ջէյքըպսընի նման տիպարներ ընդունած եմ իբրեւ կեանքիս ու ասպարէզիս ուղեցոյց, ճիգ ըրած եմ հետեւելու հայ անւանի բժիշկներու եւ բժշկապետերու օրինակին»: Հատորին անգիր պատգամներէն է այն, որ մարդս, հա՛յը, կրնայ աշխատանքով ու յարատեւութեամբ, չընկերնելու կամքով՝ Հիւղաւանի պատերէն անդին նայիլ, քայլ առ քայլ բարձրանալ բժշկութեան ու մասնագիտութեան աստիճաններէն վեր, ձեռք բերածէն առատաձեռնօրէն բաժին հանել ճակատագրակիցներու, ՄԱՐԴԿՈՒԹԵԱՆ: Այս բոլորին կողքին, եւ ասոնք վաւերագրելով, կը ցանկայ, որ բժշկութեան ասպարէզին ծառայողներ չանտեսեն, չմոռնան, որ կան հսկայական փաղանգներ, որոնք ընդհանրապէս ակամայ ինկած են ԿԱՐՕՏԵԱԼԻ վիճակին մէջ, եւ ՄԱՐԴԻԿ պէտք է օգնութեան ձեռք երկարեն առաւելաբար ՄԱՐԴԱԿԵՐՏ այս պատուհասին ենթակայ դարձած խեղճերուն:

Փորձն ու փորձառութիւնը -որ կը տարածւի նաեւ միջազգային եւ պետական կազմակերպութեանց վրայ- յաճախ զինք կը տանին խորաթափանց, թէեւ հպանցիկ խորհրդածութիւններու: Անտունիներու փաղանգները, կըսէ, ծնունդ են մասամբ բնական աղէտներու, սակայն մեծ մասամբ մարդակերտ են. պատերազմներ, տեղահանութիւն-բռնագաղթ, ընչաքաղցութիւն եւ մահացու մեղքերը բազմացնող գործօններու: Փորձառութիւնը զինք հասցուցած է բազում եզրակացութիւններուն, թէ անհատական ճիգերը կարեւոր են, բայց բաւարար չեն, անհրաժեշտ է պետական եւ միջազգային լայնածաւալ գործ՝ ծրագրում եւ մատակարարում: Չի մտներ անտունի դառնալու ծալքերուն մէջ, այլ տագնապը կը դիտէ իբրեւ բժիշկ, մարդասէր եւ ՄԱՐԴԿԱՅՆՈՒԹԵԱՆ քարոզիչ (բառին ամենէն ազնիւ իմաստով):

Հայերէն տարբերակին մէջ բաւական լայն տեղ տրւած էր հայկական կեանքին մէջ իր ունեցած ծառայութիւններուն, հայրենիք այցելութեան փորձառութիւններուն եւ անոնցմէ քաղւած տպաւորութիւններուն: Անգլերէնին մէջ, այս երեսը կը ներկայանայ շատ աւելի սեղմ, օրինակ՝ յիշատակում կըլլայ Արամ Խաչատուրեանի հետ ուսանողութեան օրերուն ունեցած հանդիպումին, այլապէս, «անձնական կեանք»-ի էջերէն ներկայ են ընկերները, կնոջ ծանօթանալը, զաւակներուն ծնունդը, ուրախութեան եւ վիշտի պահեր:

Այս քանի մը տողերը պարզապէս հակիրճ ուրւագիծն են հատորին, որուն այս՝ անգլերէն տարբերակին հիմնական հասցէն անգլիախօս հայն է եւ հայութեան կեանքով հետաքրքրւող օտարը: Այս առումով, գոհունակութեամբ պէտք է արձանագրել, որ հատորին ողջունահանդէսներ կազմակերպւած են ամերիկեան եւ ամերիկահայ մէկէ աւելի ընկերակցութիւններու եւ կազմակերպութիւններու կողմէ, հայկական միջավայրի մէջ ալ ողջունահանդէսներ կը ծրագրւին Լոս Անջելէս եւ այլուր: Հատորին տարածումը սկզբնապէս յանձն առած է հրատարակչատունը, կարելի է ձեռք բերել ամերիկեան մեծ գրախանութներէ, համացանցային «վաճառատուներէ», ո՛չ միայն հաղորդ դառնալու համար երախտագէտ ու երախտաւոր մարդու մը կեանքին ու ծառայութիւններուն, այլ նաեւ անկէ օրինակներ նւիրելու օտար բարեկամներու:

Ս. ՄԱՀՍԷՐԷՃԵԱՆ

Առնչւող Յօդւածներ

Back to top button