Հայաստան - ԱրցախՍփիւռք

Հայ Օգնութեան միութիւնը կրկնակի թափով կը շարունակէ բռնի տեղահանւած արցախահայութեան օժանդակութեան ծրագրերը

Արցախի ազատագրական պայքարի առաջին օրերէն իսկ, ՀՕՄ-ը իր աշխարհասփիւռ միաւորներով ընդմիշտ եղած է Արցախի եւ արցախահայութեան կողքին, ան Արցախի մէջ հիմնած է մանկապարտէզներ եւ իրականացուցած է բազմաթիւ բարեսիրական ծրագիրներ: Բնականաբար, այս տագնապալի օրերուն եւս ՀՕՄ-ը իր օգնութեան ձեռքը կրկին պիտի մեկնէր արցախահայութեան:

19 սեպտեմբերի 2023-ին` ի տես եւ ի լուր արցախահայութեան դիմագրաւած արհաւիրքներուն, ՀՕՄ-ի բոլո՛ր միաւորները անմիջապէս գործի անցան եւ, ինչպէս միշտ, շուտով արձագանգեցին Արցախի կանչին` նիւթապէս ու բարոյապէս սատար հանդիսանալու մեր հայրենակիցներուն։

Արցախահայութեան շտապ օժանդակութեան յատկացումներով կատարւեցան հետեւեալ աշխատանքները:

Առաջին փուլ

Այս փուլին բաժնւեցան աւելի քան 1500 սննդեղէնի եւ մաքրութեան իրերու արկղեր` հետեւեալ պատկերով.-

– 440 արկղեր տրամադրւեցան Արցախի ներկայացուցչութեան` Աւստրալիոյ ՀՕՄ-ի եւ գաղութի հանգանակած գումարով:

– Աւելի քան հարիւր արկղեր փոխադրւեցան Գորիս եւ բաժնւեցան այնտեղ հանգրւանած արցախահայութեան:

– Համագործակցութեամբ շրջանի ուղեկից կազմակերպութիւններուն (ՀՄԸՄ, ՀԵՄ, Համազգային, ՀՅԴ), ինչպէս նաեւ զանազան երկիրներէ հայրենիք ժամանած կամաւոր հայորդիներու օգնութեամբ, ՀՕՄ-ի հովանաւորութեամբ Արամ Մանուկեան կենտրոնին մէջ աւելի քան հազար (1000) արկղ սննդեղէն ու մաքրութեան իրեր պատրաստւեցան եւ բաժնւեցան Հայաստանի զանազան մարզերու մէջ հաստատւած (Երեւան, Արագածաոտն, Արարատ, Արմաւիր, Շիրակ, Գեղարքունիք, Լոռի, Տաւուշ, Սիւնիք, Կոտայք, Վայոց Ձոր) Արցախէն բռնի տեղահանւած ընտանիքներու:

Անձնազոհ բարերարներու նւիրատւութեամբ ձեռք բերւած ուտեստեղէն, հագուստներ, անկողնային եւ խոհանոցային իրեր տրամադրւեցան ՀՕՄ-ի կենտրոն դիմած բռնի տեղահանւած արցախահայութեան:

Երկրորդ փուլ

Երկար շաբաթներու արձանագրութիւններէ եւ պատրաստութիւններէ ետք, 18 նոյեմբերի 2023-ին, ՀՕՄ-ը թափ տւաւ բարեսիրական աշխատանքի 2-րդ փուլին եւ բռնի տեղահանւած արցախահայութեան տրամադրեց սննդեղէն եւ մաքրութեան անհրաժեշտ իրեր, որոնք կը բաժնւին ՀՕՄ-ի եւ ՀԵՄ-ի ժրաջան անդամներուն միջոցով։

Բարեսիրական այս աշխատանքին 20000 տոննա մակարոնով իր մասնակցութիւնը բերաւ նաեւ «Մենք ենք մեր Սարերը» բարեգործական հասարակական կազմակերպութիւնը։

Ցարդ ՀՕՄ-ը բաժնած է 7000 արկղ (ամէն մէկ արկղ կը պարունակէ 100 ամերիկեան դոլար արժողութեամբ սննդեղէն եւ մաքրութեան իրեր) այսպիսով աւելի քան 30,000 հայորդիներ օգտւած են ՀՕՄ-ի սոյն ծրագիրէն:

Հայ Օգնութեան միութիւնը պիտի շարունակէ անաչառ եւ հետեւողական զօրակցութիւն ցուցաբերել արցախահայութեան` որդեգրելով այլ երկարաժամկէտ ու մնայուն ծրագրեր:

Առնչւող Յօդւածներ

Back to top button