Հայաստան - ԱրցախՀՅԴ Մամուլ

«Աշխարհը նոյնը չի լինելու»․․․ բնականաբար

Այլեւս սովորութիւն դարձած է. 19 Բաղրամեանի այժմու բնակիչներէն «զհաց մեր հանապազորդ»-ի յաճախակիութեամբ կը լսւին տարօրինակ եւ զարմանալի լուրեր, գիւտեր, իմաստութիւննե՜ր։

Անցեալ շաբաթ, քննարկւեցաւ տարեշրջանի կառավարական բիւջէն, եւ ի՜նչ զարմանք, մոռցւած էր բռնագաղթի ենթարկւած արցախահայութեան իրավիճակը։

Իսկ այս օրերուն, կարելի է կամուրջներ նետել մէկ կողմէ՝ ՀՀ Ազգային ժողովի նախագահ Ալէն Սիմոնեանի անտրամաբանական եւ նէօ-ժողովրդավարական ձաբռտուքներուն եւ միւս կողմէ՝ Երեւանի մէջ կայացած՝ ԵԱՀԿ-ի խորհրդարանական վեհաժողովի աշնանային նստաշրջանին առիթով՝ վարչապետ Փաշինեանի խաղաղութիւն մուրացող «խոստովանանք»-ներուն միջեւ։

Եթէ Սիմոնեանի սովորութիւն դարձած ցնց(դ)իչ արտայայտութիւնները ոչ մէկ մտահոգութիւն կը ստեղծեն ունկնդիրներուն, պարագան նոյնը չէ Երեւանի «Կարէն Դեմիրճեան» մարզահամերգային համալիրին մէջ, վարչապետ Փաշինեանի ո՛չ մարզական, ո՛չ ալ համերգային, այլ քաղաքական լուրջ նիւթ ընդգրկող՝ միամիտ, պարտւողական եւ սնանկ յայտարարութիւններուն։

Սիմոնեան, սովորականին նման եւ մտային (հարց է թէ տեղ մը միտք կա՞յ) խոր համոզումով, յայտնեց, թէ ներկայ հարցերու ստեղծման եւ հանգուցալուծման հիմնական թնճուկը Արցախն է։ Ան նոյնիսկ ժպրհեցաւ շեշտել, թէ արցախահայութիւնը… կը վտանգէ Հայաստանի անվտանգութիւնը։ Հայը ինքզինք չի կրնար մխիթարել ըսելով, որ Փաշինեան եւ ուրիշներ ալ նոյն վտանգը կը տեսնեն:

Նմանօրինակ տեսլական մը ունեցող եւ խղճի ամենայն հանգստութեամբ արտայայտւող պաշտօնատար մը երբ կը շարունակէ մնալ իրեն տրամադրւած դիրքին վրայ, ու 19 Բաղրամեանի աթոռներուն վրայ հանգստօրէն զինք ունկնդրող եւ ընկալող «խուլ ու համր» գաղափարակիցները լուռ ու մունջ մտիկ կընեն եւ ոչ մէկ բողոք կարձագանգեն․․․։ Անդին, բանական մարդը, հայրենիքին ու Արցախին արժէքը չանտեսող հայը միայն ընդվզում կապրի ի տես եւ ի լուր վիճակի մը, որուն շարունակութիւնը համա-եւրոպական ոլորտէն ներս կատարւեցաւ վարչապետին այլանդակ հաստատումներով։

Փաշինեան շեշտեց, թէ վերջին ամիսներուն պատահած դէպքերուն լոյսին տակ, կասկածէ վեր է, որ աշխարհը նոյնը պիտի չըլլայ (Աստւած հոգին լուսաւորէ Լափալիսին)։ Ինչպէ՞ս բացատրել կամ մեկնաբանել անոր դիտարկումը, որ շարունակւեցաւ լրատւական տեղեկագրութեամբ, թէ՝ շնորհիւ Եւրոխորհրդարանին ժրաջան աշխատանքին, կարելի եղած է խաղաղութեան հասնիլ: Յետոյ, անգամ մը եւս դուրս տւաւ նորագոյն գիւտ-յանկերգը, թէ Հայաստանի տարածքը 29 հազար 800 քառակուսի քլմ․ է, իսկ Ադրբեջանի տարածքը՝ 86 հազար 600 քառակուսի քլմ․, այլ խօսքով, անգամ մը եւս հաստատեց, թէ Արցախը կընդունի իբրեւ ադրբեջանական հողամաս։ Իսկ յանկերգին վերջին «յաւելւա՞ծը»… Տեղեկութիւններ՝ կղզիացած տարածքներուն (անկլաւ) մասին։

Չմոռնանք նորագո՛յն գիւտը. Փաշինեան խօսեցաւ իր նորագոյն քաղաքական «մետաքսեայ ճանապարհ»-ին, այսինքն «խաղաղութեան խաչմերուկ»-ին մասին, ահազանգ հնչեցուց, թէ Ալիեւ բազմիցս Հայաստան-ի փոխարէն կը գործածէ «Արեւմտեան Ադրբեջան» եզրոյթը։ Կա՞յ մէկը, որ այս վարչապետէն կը սպասէ այնքան յիշողութիւն եւ իմաստութիւն, որպէսզի անդրադառնայ, թէ իր «խաղաղութեան խաչմերուկ»-ի ցնորական մենախօսութեան հետեւանքներէն մէկն ալ այն է, որ հայոց պատմութեան դասագիրքերէն վերցւած են Արցախն ու արցախահայութեան մասին մանրամասն տեղեկութիւններ։

Հաւանաբար վարչապետին միակ ճիշտ հաստատումը այն «վատ լուր»-ն էր, թէ Հայաստան եւ Ադրբեջան տակաւին կը խօսին դիւանագիտական տարբեր լեզուներով եւ յաճախ (դուք հասկցէ՛ք՝ երբեք) զիրար չեն հասկնար։

Սա սոսկ վատ լուր մը չէ, այլ հասկցողին համար շա՜տ աւելին։ Փաստօրէն, վատութեան եւ վարչապետին ապիկարութեան տարողութիւնը չափելու համար, կարժէ արձանագրել, որ նոյն «խաղաղասէր»-ը մէկ կողմէ կը հաւաստէ, որ Ադրբեջանի հետ 70 առ հարիւրով համաձայնութեան հասած է, իսկ քանի մը վայրկեան ետք կը նկատէ, որ Ադրբեջան թշնամանք ունի, «զիրար չենք հասկնար», եւ իրեններուն հետ կը բացայայտէ այն մտավախութիւնը, թէ նոր պատերազմ կրնայ շղթայազերծւիլ: Է՛, մա՛րդ, ո՞ր ըսածիդ հաւատանք: Ինքնահակասումն ու ինքնաժխտումն ալ պէտք է տեղ մը սահման ունենան, նւազագոյն տրամաբանութիւն մը պահպանեն…

Հետեւութիւն մը: Ականատես ենք երկու բոլորովին ներհակ ուղղութիւններ, որոնց հետեւաքները լրջօրէն վտանգ կը ստեղծեն Կովկասեան բարձաւանդակին մէջ, ուր «խաղաղութեան խաչմերուկ» հասկացութիւնը գոյութիւն չունի ո՛չ միայն Թուրքիոյ եւ Ադրբեջանի քով, այլ փաշինեանական մենախօսութիւնը անարձագանգ կը մնայ բարեկամին, կրաւորականին ու… մեզ շրջապատող աշխարհին կողմէ։

Կրկնենք գիւտարար վարչապետին առաջին նախադասութիւնը. «Աշխարհը նոյնը չի լինելու», իսկ ինչ որ «լինելու է», հեռու, շա՜տ հեռու է երազային «խաղաղութեան խաչմերուկ»-ութոփիայէն։ Ու մեզի համար ամենէն վտանգաւո՞րը՝ ո՛չ միայն «ապագայ կա՛յ» յանկերգը շոգիացած է, այլ Սիւնիքէն ու Տաւուշէն սկսեալ՝ ամբողջ Հայաստանը դրւած են շոգիանալու վտանգին տակ: Երեւակայեցէ՜ք, որ շշուկներ հրապարակ նետւած են, թէ Փաշինեան դարձեալ կրնայ դիմել կանխահաս ընտրութիւններու եւ ամրագրել Հայաստանի վերջնական լուծարքի իր դաւադիր ծրագիրը…:

Արթնութեան պահը երէ՛կ էր, պատերազմէն ե՛տք էր, մինչեւ իսկ անկէ՛ ալ առաջ: Հայորդին ինքն իրեն չի՛ կրնար արտօնել յաւելեալ ուշացում:

«Հայրենիք»-ի խմբագրական,
Բոստոն

Առնչւող Յօդւածներ

Back to top button