Հայաստան - ԱրցախՔաղաքական

Համազգային զօրաշարժ՝ ի խնդիր Արցախի փրկութեան

Հայաստանի Հանրապետութեան անկախութեան 32-րդ տարեդարձը կողջունենք տագնապալից պայմաններու մէջ: Երկար ամիսներու սովէ ու տառապանքէ ետք, այսօր Արցախը կը գտնւի մահւան դէմ-յանդիման:

Արդարեւ, Ադրբեջանի հետզհետէ ծաւալող սպառնալիքներուն ու սադրանքներուն դիմաց, ըրինք զիջումներ, վարեցինք բանակցութիւններ, կատարեցինք յայտարարութիւններ, հրապարակեցինք դատապարտութիւններ, դիմեցինք միջազգային համայնքին, թակեցինք դռները մեր մօտաւոր եւ հեռաւոր բարեկամներուն:

Սակայն, ոչի՛նչ փոխւեցաւ: Ո՛չ ոք լսեց մեզ: Ո՛չ ոք գործնապէս բաժնեց մեր մտահոգութիւնները եւ զօրակից եղաւ մեր իրաւունքներուն: Միւս կողմէ, արիւնարբու թշնամին առաւել կատաղութեամբ շարունակեց իր պատերազմը հայ ժողովուրդին դէմ, զէնքով թէ քարոզչութեամբ, հայկական հողերու վրայ թէ աշխարհի տարածքին՝ դառնալով աւելի անգութ ու յարձակողապաշտ:

Թուրքիան ու Իսրայէլը շարունակեցին իրենց ամբողջական զօրակցութիւնը իրենց դաշնակից ու բարեկամ Ադրբեջանին:

Ադրբեջանի կողմէ ֆինանսաւորւող թուրք քաղաքագէտներ ու հրեայ խախամներ անվերապահօրէն պաշտպանեցին Ադրբեջանի ցեղապաշտ քաղաքականութիւնը Արցախի ու Հայաստանի դէմ, նոյնի՛սկ դատապարտելով «ցեղասպանութիւն» բառին գործածութիւնը, 20-րդ դարու առաջին ցեղասպանութեան զոհ դարձած մեր ժողովուրդին կողմէ:

Միջազգային համայնքը, Միացեալ Ազգերու Կազմակերպութենէն սկսեալ մինչեւ Եւրոմիութիւն, բաւարարւեցաւ լոկ կոչեր հրապարակելով:

Ցարդ, ո՛չ մէկ գործնական քայլ՝ ամիսներէ ի վեր շրջափակումի ենթարկւած ու սովամահ դարձած Արցախի ժողովուրդին օգտակար դառնալու: Ո՛չ մէկ շօշափելի նախաձեռնութիւն՝ Արցախի ժողովուրդի պատմական ու մարդկային իրաւունքները պաշտպանող: Եւ աւելի՛ն, Ադրբեջանը ցեղասպանութիւն է, որ կը փորձէ գործադրել Արցախի հարիւր քսան հազար (120,000) անմեղ հայերուն դէմ՝ քաղաքակիրթ աշխարհին դիմաց…:

Փաստօրէն անպաշտպան ենք ու առանձին:

Կարելի չէ՛ այլեւս հանդուրժել մեր ժողովուրդին դէմ կատարւող սադրանքները, սպառնալիքները, ռմբակոծումները ու յարձակումները: Կարելի չէ՛ այլեւս համակերպիլ պարտադրւած իրավիճակներուն: Արցախի ժողովուրդին անվտանգութեան ու իրաւունքներուն պաշտպանութիւնը միջազգային համայնքին պարտաւորութիւնն է եւ նաեւ ու մանաւանդ մեր ազգին համար առաջնահերթութիւն: Եթէ այսօր յաւերժ կորստեան սեմին գտնւող Արցախը չկարենանք փրկել, վաղը կրնայ Հայաստանը նմանօրինակ կացութեան մէջ գտնւիլ: Զգո՜յշ, հազա՛ր անգամ զգոյշ…:

Ըլլանք արթուն ու հեռատես: Պատահական չեն Ադրբեջանի կողմէ առնւած զինւորական-քաղաքական յաջորդական քայլերը: Անոնք սերտօրէն ուսումնասիրւած ու ծրագրւած են եւ համահունչ՝ շրջանի աշխարհաքաղաքական պայմաններու հոլովոյթին եւ շատ հաւանաբար քաջալերւած շրջանի որոշ ուժերու կողմէ:

Ո՞ւր ենք մենք: Ի՞նչ կընենք մենք:

Հայաստանը անորոշութեան եւ անտարբերութեան ամպերով է ծածկւած. իսկ արիւնաքամ դարձած Արցախը ամրօրէն կը մնայ պատնէշի վրայ: Պատի՛ւ իրեն: Արցախը մեր ժողովուրդի իրաւունքներուն ու Հայաստանի ամբողջականութեան, անվտանգութեան եւ անկախութեան պաշտպանութեան առաջին ճակատն է. պէտք է զայն ամէն գնով պահել ամուր:

Արդ, չենք կրնար այլեւս հանդիսատես մնալ ներկայ ահաւոր ու աննախատեսելի վտանգներով լեցուն կացութեան դիմաց՝ սոսկ տագնապելով ու դատապարտելով: Ժողովուրդը կըսէ՝ բաժակը յորդած է. դանակը ոսկորին է հասած արդէն:

 Հետեւաբար, սա պահուն Անթիլիասի Մայրավանքէն կոչ կուղղենք

ՀԱՄԱԶԳԱՅԻՆ ԶՕՐԱՇԱՐԺ-ի

Այո՛, համազգային զօրաշարժ. այլընտրանք չկայ:

Սիրելի՛ զաւակներ հայ ազգին, այսօր անցեալը ու ներկան քննադատելու ժամանակը չէ. այսօր Արցախի ներկան ու Հայաստանի ապագան փրկելու ժամանակն է: Համախմբւինք համազգային այս սրբազան տեսլականին ու յանձնառութեան շուրջ՝ մեր ազգին ողջ ներուժով: Հո՛ս է մեր զօրութեան կռւանը:

Հետեւաբար,

Առաջին, պէտք է ողջ հայութիւնը ոտքի ելլէ՝ Հայաստանի, Արցախի ու Սփիւռքի մէջ, աշխարհին դիմաց արտայայտելով իր խոր ընդվզումը ու անխախտ միասնականութիւնը, ինչպէս նաեւ իր ամբողջական զօրակցութիւնը Արցախի ժողովուրդի ինքնորոշման իրաւունքին:

Երկրորդ, պէտք է շուտով համազգային մաշտաբով հանդիպում մը կազմակերպւի – հրամայական անհրաժեշտութիւն մը, որուն մասին նախապէս անդրադարձած ենք – մասնակցութեամբ մեր ազգին հոգեւոր, քաղաքական, պետական ու կուսակցական ղեկավարներուն, ճշտելու համար նոր ռազմավարութիւն ու մարտավարութիւն, իրատես ու խոհեմ մօտեցումով: Արդարեւ, աշխարհաքաղաքական շահերու բախումի յորձանուտին մէջ, հրամայական է, որ Հայաստանը հաւասարակշռւած դիրքորոշումներ որդեգրէ՝ հեռու մնալով միակողմանի մօտեցումներէ:

Սիրելի՛ ժողովուրդ հայոց,

Վստահինք մեր սեփական ուժին: Մեր ազգին ուժը իր հաւաքական հաւատքին, վճռակամութեան ու միութեան մէջ է: Ա՛յլ ճամբայ չունինք մեր դիմաց: Եկէ՛ք միասնաբար քայլենք այս ճամբէն՝ վերանորոգ հաւատքով զօրացած ու վառ յոյսով շաղախւած:

ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ

ՄԵԾԻ ՏԱՆՆ ԿԻԼԻԿԻՈՅ

21 Սեպտեմբերի, 2023

Անթիլիաս

 

* Հինգշաբթի 21 սեպտեմբեր, 2023-ին Հայաստանի վերանկախութեան 32-րդ տարեդարձին առիթով, Անթիլիասի Մայրավանքի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ Տաճարին մէջ տեղի ունեցաւ Հանրապետական Մաղթանք, զօրակցական աղօթք եւ մաղթանք Արցախի խաղաղութեան համար, նախագահութեամբ՝ Ն. Ս. Օ. Տ. Տ. Արամ Ա Վեհափառ Հայրապետին:

Առնչւող Յօդւածներ

Back to top button