Հայաստան - ԱրցախՍփիւռք

ՀՕՄ-ի «Արցախի ընտանիքներու դրամահաւաք»-ը կը շարունակւի

Ինչպէս որ տեղեակ էք արդէն, վերջին ամիսներուն հայ ազգը կը դիմագրաւէ հսկայական մարտահրաւէրներ Արցախի հայաթափման հետեւանքով: Այլ միութիւններու եւ կազմակերպութիւններու համագործակցութեամբ, Հայ Օգնութեան միութիւնը Կանադայի մէջ եւս գործի լծւեցաւ իր միջոցներով ձեռք երկարելու Արցախի բռնագաղթի ենթարկւած ընտանիքներուն օգնութեան ծրագրին:

Այսպէս, համականադական բնոյթով ստեղծւած Միացեալ մարմինը, 26 հոկտեմբերի 2023-ին, գումարեց իր առաջին ժողովը, լայնածաւալ հանգանակային արշաւ մը կազմակերպելու նպատակով: Սոյն Միացեալ մարմնին մաս կազմեցին շուրջ 27 ներկայացուցիչներ եւ աշխատանքը համակարգելու համար նշանակւեցան զոյգ ատենապետներ՝ Օնտարիօ եւ Քեբեկ նահանգներու իբրեւ ներկայացուցիչներ:

Վերոյիշեալ անդրանիկ ժողովին որոշւեցաւ ենթայանձնախումբ մը յառաջացնել առցանց աճուրդ մը կազմակերպելու նպատակով: Իրարայաջորդ հինգ շաբաթներու ընթացքին, նորակազմ ենթայանձնախումբի անդամներու ժրաջան աշխատանքին եւ անխոնջ ճիգերուն շնորհիւ կարելի եղաւ 338 արժէքաւոր նւէրներ ապահովել ընկեր-ընկերուհիներու, բարեկամներու, ծանօթներու եւ արւեստագէտներու աջակցութեամբ:

Կիրակի, 3 դեկտեմբերի, 2023-ին, առաւօտեան ժամը 8:00-էն մինչեւ երեկոյեան ժամը 10:00 տեղի ունեցաւ սպասւած աճուրդը:

Ուրախ ենք յայտարարելու, որ հակառակ տիրող սղաճին եւ տնտեսական դժւար պայմաններուն, աճուրդը հասաւ իր նպատակին: Մինչեւ առցանց աճուրդի փակումը «ծախւած» ապրանքներու թիւը հասած էր աւելի քան 240-ի։ Միեւնոյն ատեն կը կատարւէին նիւթական նւիրատւութիւններ: Այդ օրը ընդհանուր առմամբ կարողացանք հանգանակել $41,950: Առ ի գիտութիւն բոլորիդ, յայտնենք, որ մինչեւ օրս Հայաստան ուղարկած ենք $80,000 ԱՄՆ դոլար:

Այս առթիւ յատուկ շնորհակալութիւն կուզենք յայտնել բոլոր նւիրատուներուն եւ մեր բոլոր աջակիցներուն: Այսօրւան դրութեամբ մեր մօտ եղած գումարը հասած է շուրջ $270,000:

«Արցախի ընտանիքներու դրամահաւաք»-ը սեպտեմբերի 23-էն ի վեր սկսած է եւ տակաւին կը շարունակւի: Մեր թիրախն է կէս միլիոնի հասնող գումար մը ապահովել տեղահան ընտանիքներուն հոգերը մասամբ մը թեթեւցնելու համար:

Ինչպէս գիտենք, Կաղանդը կը մօտենայ: Չմոռնաք, որ անոր իմաստը՝ նւիրելու մէջ կը կայանայ:

Ուստի, ՀՕՄ-ի Կանադայի Շրջանային վարչութիւնը դարձեալ կոչ կուղղէ այն հայրենակիցներուն, որոնք տակաւին նւիրատւութիւններ չեն կատարած եւ կը խնդրէ իրենցմէ նիւթական աջակցութիւն բերել Արցախի ընտանիքներուն:

Նիւթական օժանդակութիւնը կարելի է ուղարկել.-

1) Վճարագրով՝ ARS Foundation-ին, հետեւեալ հասցէին՝

Armenian Relief Society of Canada,

3401 Olivar Asselin, Montreal, QC H4J 1L5

2) Այցելելով ՀՕՄ-ի Կանադայի Շրջանի կայքէջը՝ https://ars-canada.ca/

սեղմելով Donate Now կոճակը, ապա ընտրելով Aid to Artsakh fund-ը՝

3) Ե-փոխանցումով (E-transfer), ՀՕՄ-ի Շրջ. վարչութեան է-նամակի հասցէին՝ ars-canada@bellnet.ca

Բոլոր պարագաներուն կը խնդրենք նշել, թէ դուք ձեր նւիրատւութիւնները կը կատարէք Արցախի ընտանիքներու օժանդակութեան (Artsakh fund), որուն դիմաց պիտի ստանաք տուրքէ զերծ ստացագիր:

Առաջիկայ ամիսներուն Կանադայի տարածքին հանգանակւած բոլոր գումարները ՀՕՄ-ի Կենտրոնական վարչութեան միջոցաւ պիտի յանձնւին ՀՕՄ-ի Հայաստանի միաւորին։

ՀՕՄ-ի Կանադայի Շրջանային վարչութիւն
4 դեկտեմբերի, 2023

Arfd.am

Առնչւող Յօդւածներ

Back to top button