ՄիջազգայինՔաղաքական

Պատերազմներու վառելանիւթ եւ… փշրանքներ

Քանի մը օր առաջ, Եւրոմիութիւնը որոշեց 50 միլիարդ եւրոյի օժանդակութիւն տրամադրել Ուկրանիոյ: Սա պատահեցաւ այն օրերուն, երբ եւրոպական ցամաքամասին մէկ ծայրէն միւսը բողոքի ցոյցեր տեղի կունենային, մարդիկ կը բողոքէին ապրուստի յարաճուն սղութեան դէմ, բարձրաղաղակ կը յայտարարէին, որ բազմագլխանի տագնապին գլխաւոր պատճառներէն մէկն են Ուկրանիոյ տրամադրւած անսահմանափակ օժանդակութիւնները: Մէկ խօսքով, ցուցարարները իրենց կառավարութիւններուն – եւ զանոնք ոտքի կագնեցնողներուն – կըսէին, որ դուք մեր բերնէն մեր հացը կը կտրէք, որպէսզի Ուկրանիոյ օգնութիւն հասցնէք:

Հարցը հոն չէ, թէ Ուկրանիոյ պէ՞տք է օգնել, այլ «շան գլուխը» թաղւած է այլ տեղ, թէ՝ այդ օգնութեան որքա՞ն մասը կը հասնի կարիքաւորին ու աղէտեալին, որքա՞նը կը հոսի զէնքի մթերանոցներուն մէջ, խորքին մէջ՝ զէնքի վաճառորդներուն գանձանակները (Ուկրանիոյ մէջ գաղթակղութիւն մը ալ պայթեցաւ, թէ հասնող օժանդակութիւնները կը վաճառւին այլոց ու կը լեցնեն իշխանական որոշ մարդոց գրպանները):

Ուկրանիոյ տրամադրւած օժանդակութիւնները (որքան ալ որ արդարացուցիչ պատճառներ ունենան) մեծ մասամբ պատւած են մշուշի ամպերով: Մերթ ընդ մերթ, եւ մասնավճարներու ձեւով, աշխարհը կիմանայ, թէ այսքան կամ այդքան գումար կը տրամադրւի Ուկրանիոյ, սակայն հազւադէպօրէն կը խօսւի ՀԱՄԸՆԴՀԱՆՈՒՐԻՆ, բոլորը ընդգրկող թիւերուն մասին:

Համացանցի ճամբով արագ «հետախուզութիւն» մը կատարողը ապշեցուցիչ իրականութիւններու դիմաց կը գտնէ ինքզինք: Ուկրանիոյ պատերազմին պայթումէն ետք անցած է երկու տարի (եւ հիմա «կաւետեն», որ գոնէ տարի մըն ալ պիտի շարունակւի…), եւ պաշտօնական ցուցակներ կը հաղորդեն որոշ մանրամասնութիւններ, թէ ինչպէ՛ս վառելանիւթ կը հոսի այդ ու նման հնոցներու (իսկ եթէ կան քողարկեալ բաժիններ, այդ ալ կը նմանի Ալիեւի հետ Նիկոլ Փաշինեանի գոյացուցած համաձայնութիւններուն):

Միացեալ Նահանգներ ցարդ տրամադրած է շուրջ 75 միլիարդ դոլար (71 միլիարդ եւրօ): Եւրոմիութեան նոր խոստումը, ինչպէս ծանօթ է, 50 միլիարդ եւրօ է: Այս խմբակը Ուկրանիոյ պատերազմը ամենէն մեծ ֆինանսաւորողն է, ընդամէնը շուրջ 85 միլիարդ եւրոյով (անշուշտ բաժին մըն ալ կայ մարդասիրական եւ տնտեսական օժանդակութեան խորագիրին տակ): Յաջորդը Գերմանիան է՝ 21 միլիարդ եւրօ, կը հետեւին Բրիտանիան, Նորւեգիան, Ճաթոնիան, Կանադան եւ… շարքը երկար է՝ ընդամէնը շուրջ 50 երկիրներ, մեծ մասամբ՝ եւրոպական ցամաքամասէն, նաեւ՝ Ասիայէն ու Հարաւային Ամերիկայէն: Ուշագրաւ է, որ Աֆրիկէէն այս ցանկին մաս կը կազմեն միայն արաբական երկու երկիր: Ցանկին վրայ են Թուրքիան եւ Ադրբեջանը…

Գազայի մէջ 4 ամիս առաջ պայթած նորագոյն պատերազմը նոր թեւեր տւած է ոճրագործ այս պետութեան օժանդակութիւն հասցնողներու մրցումին: Միացեալ Նահանգներ, որ Իսրայէլի հիմնումէն ի վեր շուրջ 300 բիլիոն դոլար տրամադրած է այս երկրին (մեծ մասը՝ զինական), հիմա օրակարգի վրայ ունի յատուկ փաթեթ մը. 14 միլիարդի օժանդակութիւն՝ Ուկրանիոյ եւ Իսրայէլի: Եւ որովհետեւ ընտրութիւններու տարի է, այս հարցը իբրեւ խաղաթուղթ կը գործածւի մրցակիցներու կողմէ: Միւս կողմէ, ամերիկացիք պաղեստինցիներուն կը տրամադրեն Իսրայէլ ղրկւածին հազիւ մէկ մանր կոտորակը, իսկ անցեալ շաբաթ ալ որոշեցին առկախել ՈՒՆՐՎԱ-ին տրամադրելի 300000 դոլար յատկացումը (սա ՄԱԿ-ի այն բաժանմունքն է, որ պաղեստինցի գաղթականներուն օժանդակութիւն կը տրամադրէ):

Փակագիծ մը բանանք: Միացեալ Նահանգներ Հայաստանի 3,3 միլիարդ դոլարի օժանդակութիւն տրամադրած են… 1992-էն ի վեր, իսկ Իսրայէլ կը ստանայ ՏԱՐԵԿԱՆ աւելի քան 3 միլիարդ դոլարի օժանդակութիւն (Իսրայէլ անկէ բաժին մը կօգտագործէ Ադրբեջանը զինելու համար…): Նոյն գերպետութիւնը 2020-էն ի վեր Արցախի տրամադրած է 28 միլիոն դոլար…

***

Նպատակ չունինք մանրամասն հաշւեցոյց մը ներկայացնելու, որ զինւորապէս եւ տնտեսապէս հզօր երկիրները որքա՞ն օժանդակութիւն կը տրամադրեն ասոր-անոր: Այլ կուզենք ուշադրութիւն կենտրոնացնել մէկ քանի – եւ ճանչցւած – իրականութիւններու վրայ, որոնք լուսանցքայնացնելու ճիգ կըլլայ աշխարհով մէկ:

Աշխարհի տարածքին, այսօր հազարապատիկ մեծ գումարներ կը տրամադրւին երկիրներ քանդելու «առաքելութեանց», քան թէ աղէտեալներու օժանդակութեան: Պաղեստինցիներուն, արցախցիներուն եւ նման ահաւոր վիճակի մատնւողներուն հասնող օժանդակութիւնները միայն փշրանքներ են՝ բաղդատած նո՛յն այդ օժանդակութիւնները հասցնողներուն հրահրած պատերազմներուն: Ո՞վ կրնայ գնահատել մօտաւոր ու ամբողջական տարողութիւնը այն նիւթական վնասներուն (մարդկայինը անգնահատելի է), որոնք հասան Արցախին, Գազային ու պաղեստինեան այլ շրջաններու, Լիբանանին, Եմէնին եւ… այս ցանկն ալ երկար է: Հապա՞ բազմատասնեակ միլիոններու հասնող գաղթականները…

Կան ազնիւ մտածողներ, որոնք տագնապը կը դիտեն հետեւեալ ձեւով. գոնէ տեղ մը օգնութեան կը հասնին, բոլորովին անտարբեր չեն մնար: Բայց հազւագիւտ են այն ազնիւները, որոնք հարց կու տան, որ ինչո՞ւ պէտք է այսքան քանդում ու ջարդ կատարւի, բռնագաղթներ տեղի ունենան, որպէսզի յետոյ ալ կարիքաւորներուն օժանդակութիւն տրամադրւի իբրեւ… ողորմութիւն: Զանգւածներ, իրաւատէր ժողովուրդներ ինչո՞ւ պէտք է մատնւին մուրացկանի վիճակի, մինչդեռ եթէ խաղաղութեան տրամաբանութիւնը, ՄԱՐԴԿԱՅՆՈՒԹԻՒՆԸ վերականգնին ու պահպանւին, մարդիկ կրնան ապրիլ խաղաղ, կրնան ապահովել օրւան հացը եւ քիչ մըն ալ աւելին, հալածական չեն դառնար ռումբերէ, ո՛չ ալ ստիպւած կըլլան փոթորկոտ ծովերը դուրս գալ փոքրամարմին մակոյկներով ու հազարներով կուլ երթալ փոթորկալի ջուրերու:

***

Նման մտածում արտայայտողին՝ կրնան երեսին տալ, որ երազատես է, իդէալապաշտ, ոտքերը գետնէն կտրած ծակ-գլուխ, որովհետեւ հիմա (եւ յաճախակի փուլերու), գերիշխող տրամաբանութիւնը այն է, որ պատերազմները անհրաժեշտութիւն են, որպէսզի… աշխարհը զարգանայ: Ա՛յդ է բնական ընթացքը:

Աշխարհը տեսած է երկու աշխարհամարտ, որոնք մոռացութեան մատնեցին նախընթաց դարերու երկարաշունչ ու մահասփիւռ պատերազմները (հին դարաշրջաններէն մինչեւ 20-րդ դար), իսկ հիմա փաստօրէն կապրինք մասնիկներով մղւող Գ Աշխարհամարտը: Հսկայական կորուստներ պատճառող այդ աշխարհամարտերը տեղ մը, օր մը կանգ առած են, մարդիկ տխմարները հեռացուցած են իշխանութեանց ղեկերէն, աւելի՛ն, աշխատած են դարմանել այդ արհաւիրքներուն հետեւանքները, վէրքերը: Եւ յաջողա՛ծ են:

Բ Աշխարհամարտէն ետք քանդւած, կործանած Եւրոպան վերականգնեցաւ, շնորհիւ Մարշըլի ծրագիրին: Հիրոսիմա եւ Նագասակի քաղաքները կորիզային առաջին իրական փորձարկումներուն զոհ տւած, այլապէս քանդւած Ճապոնիան նմանապէս վերականգնեց ինքզինք, Կորէան նմանապէս ետին թողուց տասնամեակներու «մանր աշխարհամարտ»-ին հետեւանքները: Թէ Եւրոպան եւ թէ ծայրագոյն Արեւելքի երկիրները (նաեւ այլք) սուղ վճարեցին «ներդրումներ» կատարողներուն, հիմա ալ կը վճարեն, սակայն, ինչպէս նշեցինք, օր մը, տեղ մը ԲԱՆԱԿԱՆՈՒԹԻՒՆԸ վերականգնեց ինքզինք, պատերազմները շահագործողները տեսնւեցան (հոգ չէ թէ բարձրաղաղակ չհրապարակւեցան այդ կողմերը), աշխարհը ճանչցաւ համեմատաբար խաղաղ, հաւասարակշռւած յարաբերութիւններու փուլեր:

Իսկ հիմա, աշխարհի ղեկին դարձեալ նստած են տխմարներու փաղանգներ, որոնք դարձած են ՊԱՏԵՐԱԶՄ ՇԱՀԱԳՈՐԾՈՂՆԵՐՈՒՆ հարկատուները, խամաճիկները, իսկ վնասւողները կը մխիթարեն փշրանքներու մատուցումով, եւ կուզեն, որ աղէտեալները շնորհակա՜լ ըլլան իրենց:

Իրողական Գ Աշխարհամարտին ելքը տարբեր չի կրնար ըլլալ. խելամիտներ, բանիմացներ ի վերջոյ պիտի վերագրաւեն մոլորած ղեկը: Այս հեռանկարով է, որ պիտի շարժին տուժողները, եւ պէտք է զգուշանան անդառնալի, անդարմանելի սխալներ գործելէ:

Ս. ՄԱՀՍԷՐԷՃԵԱՆ
6 փետրւարի 2024

Առնչւող Յօդւածներ

Back to top button