Սփիւռք

Կացութիւնը կը շարունակէ վտանգաւոր մնալ, եւ առանց երկխօսութեան չկայ լուծում

ՀՅԴ Լիբանանի Կենտրոնական կոմիտէի եւ Հայկական Պատգամաւորական բլոքի ներկայացուցիչ Յակոբ Բագրատունի «Էն. Բի. Էն.» պատկերասփիւռի կայանին հետ ունեցաւ հարցազրոյց մը՝ «Ալ սիասա ալ եաում» յայտագիրէն:

Հարցազրոյցին ընթացքին Յ. Բագրատունի շեշտեց, որ նախագահական ընտրութեան թղթածրարին առումով դժբախտաբար կայ սառած վիճակ մը՝ ներքին եւ արտաքին առումով:

«Եթէ մենք ներքին լիբանանեան մակարդակի վրայ սառցահալ մը կատարելու անզօր ենք, ապա կարելի չէ արտաքին աշխարհին վստահիլ, որովհետեւ օտար պետութիւնները ունին իրենց սեփական քաղաքականութիւնը, շահերն ու մօտեցումները»,- ըսաւ ան՝ ընդգծելով, որ այսօր դժւարութիւն կայ նաեւ խորհրդարանի լիագումար նիստ մը կատարելու՝ վաւերացնելու համար 2024-ի պետական ամավարկը, որուն շուրջ կան տարակարծութիւններ:

«Ցաւ ի սիրտ կառավարութիւնը, անկախ այն իրողութենէն, որ ան օրինականութիւն կը վայելէ թէ ոչ, պատրաստած է պետական ամավարկ մը եւ առանց լաւ սերտելու շուկան ու ֆինանսական կացութիւնը՝ հսկայական տուրքեր զետեղելով, այդ ամավարկը փոխանցած է խորհրդարան: Հոս կը հաստատենք, որ լիբանանցի քաղաքացին պետական ամավարկը ֆինանսաւորելու միակ աղբիւրը չէ: Հետեւաբար կան ճիգեր՝ մեղմացնելու համար քաղաքացիներուն վրայ պարտադրւած տուրքերը: Բայց եւ այնպէս տակաւին վերջնական արդիւնքի մը կարելի չէ եղած յանգիլ»,- ըսաւ ան:

Լիբանանի յատուկ միջազգային հնգեակին կողմէ նախագահական ընտրութիւն կատարելու նպատակով ի գործ դրած ջանքերուն մասին հարցումի մը պատասխանելով՝ Յ. Բագրատունի նկատել տւաւ, որ ինք վերջերս Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Արամ Ա կաթողիկոսին ընկերակցած է՝ Կատար կատարած անոր հովւապետական այցելութեան ընթացքին:

«Այդ այցելութեան շրջագիծին մէջ Դոհայի մէջ հանդիպում մը ունեցանք Կատարի վարչապետ, արտաքին գործոց նախարար Մոհամմեդ բէն Աբդուլ Ռահման բէն Ջասեմ Ալ Թանիի հետ:

Հանդիպումը կարեւոր էր եւ տեւեց շուրջ 75 վայրկեան: Հանդիպումին մէկ մասը յատկացւած էր Կատարի հայ համայնքին, ինչպէս նաեւ քննարկւեցան շրջանային հարցեր, նաեւ խօսւեցաւ աշխարհին մէջ տիրող մարդկային բոլոր արժէքներուն՝ մասնաւորաբար ժողովրդավարութեան եւ մարդկային իրաւունքներուն անկումին մասին:

Լիբանանեան քաղաքական տագնապին քննարկումին շրջագիծին մէջ մաղթեցինք, որ հնգեակը աւելի եւս կազմակերպւի եւ իր ներքին տարակարծութիւնները թօթափէ: Իմացանք, որ Կատար կաշխատի միջազգային հնգեակի բաղկացուցիչներուն միջեւ տարակարծութիւնները մեղմացնելու, ինչպէս նաեւ այդ յանձնախումբին ներկայացուցչական մակարդակը բարձրացնելու եւ գումարելու ժողով մը, որ շատ հաւանաբար տեղի պիտի ունենայ Լիբանանի մէջ, յունւարի աւարտին կամ փետրւարի սկիզբին:

Կատար կընդգծէ նաեւ լիբանանեան ներքին համախոհութիւն գոյացնելու անհրաժեշտութիւնը՝ երկխօսութեան միջոցով, որ կրնայ կայանալ խորհրդարանի նախագահ Նեբիհ Բըրրիի առաջարկած տարբերակով կամ նախապէս Դոհայի մէջ գումարւած ժողովի տարբերակով: Կատարի վարչապետը հաստատեց, որ իրենք ամէն ջանք ի գործ պիտի դնեն ներքին լիբանանեան երկխօսութիւնը յաջողցնելու եւ նախագահական ընտրութեան յանգելու: Ան հաստատեց, որ Կատար յստակ թեկնածուի մը չի զօրակցիր, այլ՝ հանրապետութեան նախագահի համապատասխան վարւելակերպ կը ցուցաբերէ այն անձին հանդէպ, որ նախագահ կընտրւի»,- շեշտեց պատգամաւոր Բագրատունի:

Ներքին լիբանանեան սառցահալ մը կատարելու հաւանականութեան մասին հարցումի մը պատասխանելով՝ Յ. Բագրատունի հաստատեց, որ այդ իմաստով բնաւ լաւատեսութիւն չկայ, որովհետեւ կացութիւնը լարւած է եւ տարակարծութիւնները՝ յատկապէս «Հեզբօլլահ»-ի զէնքին առումով, խորացած:

Լիբանանի մէջ ոմանք կը մերժեն այն իրականութիւնը, որ Դիմադրութիւնը Գազային կը զօրակցի, սակայն պէտք է իմանալ ու նկատի ունենալ, որ Լիբանան կղզի մը չէ, հոն կան հարիւր հազարաւոր պաղեստինցի գաղթականներ, գաղթակայաններ, միլիոնաւոր սիրիացի տեղահանւածներ, քաղաքական ուժեր, որոնք պատմականօրէն կը զօրակցին Պաղեստինեան դատին:

«Նաեւ պէտք է նկատի ունենալ, որ ՀԱՄԱՍ-ի՝ անկախ անոր գաղափարաբանութեան նկատմամբ մեր ունեցած վերապահութենէն, կատարած «Աքսայի ջրհեղեղ» գործողութիւնը արկածախնդրութիւն մը չէր, այլ՝ իսրայէլեան բռնագրաւումի հետեւանք: Գազայէն իսրայէլեան բռնագրաւումը վերացնելը նախաքայլն է կարելի որեւէ լուծման՝ նկատի ունենալով մարդկային բոլոր սկզբունքներուն եւ արժէքներուն անկումը՝ սկսեալ ժողովրդավարութենէն, մարդկային իրաւունքներէն եւ ազգային ինքնորոշման իրաւունքէն, այնպէս ինչպէս պատահեցաւ, երբ Ադրբեջան Արցախի դէմ պատերազմ սանձազերծեց: Ոչ ոք խօսեցաւ 120.000 հայերու բռնի տեղահանութեան մասին, եւ երբ ոճրագործ մը անպատիժ մնայ, այլ ոճրագործներ կը քաջալերւին եւ նոյն ոճիրները գործելու չեն վարանիր: Բայց եւ այնպէս այսօր աշխարհը կը հետապնդէ միջազգային շահեր՝ նաւթ, գազ եւ այլն»,- ըսաւ ան:

Յ. Բագրատունի յայտնեց, որ այս կացութեան մէջ լիբանանցիները պէտք է գիտնան առիթը օգտագործել՝ նախ եւ առաջ ներքին տարակարծութիւնները չխորացնելու եւ յանգելու այնպիսի փուլի մը, որ պատերազմի վտանգէն հեռու պահւի երկիրը:

«Պատերազմը երկու կողմ կունենայ. այս պարագային «Հեզբօլլահ» կատարեալ պատասխանատուութեամբ կը վարւի եւ Լիբանանի ազգային շահերը նկատի կունենայ, սակայն սիոնիստական կողմը անմիտ կերպով կը հակազդէ, եւ յանկարծ պատերազմը կրնայ լայնածաւալ բնոյթ ստանալ Լիբանանի դէմ: Հետեւաբար այդ պարագային կարելի չէ ըսել, թէ «Հեզբօլլահ» Լիբանանը Իսրայէլի դէմ պատերազմի մէջ ներքաշած է»,- ըսաւ ան:

Յ. Բագրատունի ընդգծեց, որ Լիբանանի դէմ պատերազմի շղթայազերծման վտանգը առկայ է, հակառակ անոր որ այդ պատերազմը յետաձգելու դիւանագիտական ճիգեր կան: «Սակայն վտանգը առկայ է, որովհետեւ այսօր աշխարհամարտ գոյութիւն ունի: Նւազագոյն հրթիռարձակումը, որ պատերազմ յայտարարելու համազօր է, այսօր եզրերու փոփոխութիւն կրած է եւ վերածւած ահաբեկչական այս կամ այն խարիսխը թիրախաւորելու սահմանափակ գործողութեան, այլ խօսքով՝ բախման կանոններու շրջագիծին մէջ գործւող բախումներու կամ ռմբակոծումներու, որոնց ծիրը սկսած է ընդարձակւիլ: Իսկ հարաւային Լիբանանի սահմանին վրայ իսրայէլեան ուժերուն կուտակումները բացայայտ են, եւ անոնց զինւորական պատասխանատուներուն յայտարարութիւններն ու սպառնալիքները՝ անպակաս: Իսրայէլ պատերազմ սանձազերծելու պատրւակի կարիք չունի»,- շեշտեց Յ. Բագրատունի՝ աւելցնելով, որ Գազայի դէմ Իսրայէլի սանձազերծած պատերազմը միջազգային պատասխանատւութիւն կենթադրէ:

Լիբանանի դէմ հաւանական որեւէ պատերազմի պարագային երկիրը ամրապնդւած պահելու ծրագիրներու գոյութեան մասին հարցումի մը պատասխանելով՝ Յ. Բագրատունի նշեց, որ դժբախտաբար երկիրը բնական ողողումներու դէմ պաշտպանւած չէ, «եւ Աստւած մի արասցէ, եթէ նման բան պատահի, ապա իւրաքանչիւր խմբաւորում հազիւ ինքզինք կրնայ փրկել: Ներքին լիբանանեան իմաստով միասնականութեան չգոյութիւնը դարձեալ իր ժխտական դերակատարութիւնը կրնայ ունենալ, որովհետեւ 2006-ին լիբանանցին դիմաւորեց եւ խնամեց իր եղբայր լիբանանցին, սակայն այսօր այդ մթնոլորտը գոյութիւն չունի: Այս առումով ողջունելի է Դիմադրութեան կեցւածքը, որ պատրաստ է պատերազմի, սակայն պատերազմի մէջ չի փափագիր ներքաշւիլ»,- յայտնեց ան:

Անդրադառնալով արտաքին յարաբերութիւններու խորհրդարանական յանձնախումբին եւ Լիբանանի մէջ Ֆրանսիայի դեսպան Հերւէ Մակրոյի հետ 48 ժամ առաջ տեղի ունեցած հանդիպումին՝ Յ. Բագրատունի նշեց, որ Մակրօ շեշտած է, թէ Լիբանանի Հանրապետութեան նախագահի ընտրութեան թղթածրարը պէտք է կարելի եղածին չափ հեռու պահել Գազայի պատերազմէն: «Մակրօ հաստատեց, որ միջազգային հնգեակին մօտ եւս կան տարակարծութիւններ, սակայն անոր նպատակը նախագահական ընտրութիւն կատարելն է»,- ըսաւ ան՝ աւելցնելով, որ սիրիացի տեղահանւածներու թղթածրարին հարցով Ֆրանսիա կը մերժէ յանձնառութիւն ցուցաբերել Եւրոխորհրդարանի որոշումին հանդէպ եւ համաձայն է տեղահանւածներու տունդարձին:

Պատգամաւոր Բագրատունի յայտնեց նաեւ, որ Մակրօ հաստատած է, որ Ֆրանսիայի նախագահական պատւիրակ Ժան Իւ Լը Դըրիան պիտի վերադառնայ Լիբանան:

Պատասխանելով Լը Դըրիանի հետ իր ունեցած հանդիպումներուն մասին հարցումի մը՝ Յ. Բագրատունի նշեց. «Ֆրանսիա որոշում պարտադրելու կարգավիճակին մէջ չէ, եւ ոչ ալ նախագահական յստակ թեկնածուի մը կը զօրակցի: Անոնք կը թելադրեն համախոհութիւն գոյացնել անձնաւորութեան մը շուրջ՝ երկխօսութեան ճամբով: Երկխօսութիւն մը՝ լիբանանցի ղեկավարներուն հայեցողութեամբ: Բայց եւ այնպէս, տակաւին լիբանանցի ղեկավարները համաձայն չեն կատարելու այդ երկխօսութիւնը, եւ երկիրը կառաջնորդեն աւելի մեծ փորձանքի մը, որ կացութեան ընտելացումի փորձանքն է: Առանց հանրապետութեան նախագահի եւ հրաժարած ու խորհրդարանին վստահութեան քւէն չստացած, ընթացիկ հարցերու կառավարութեան մը իշխանութեամբ գոյատեւելու իրականութիւնը իսկապէս մեծ վտանգ է եւ կրնայ առաջնորդել գոյացութեան տագնապի»:

Մարատա հոսանքի ղեկավար Սլէյման Ֆրենժիէի ի պատիւ Ընկերվար առաջադիմական կուսակցութեան պատրաստած ընթրիքին եւ մերձեցումին մասին հարցումի մը պատասխանելով՝ Յ. Բագրատունի ողջունեց Ընկերվար առաջադիմական կուսակցութեան մօտեցումը եւ բաց գործակցութիւնը լիբանանեան քաղաքական բոլոր ուժերուն հետ՝ ընդգծելով, որ Վալիդ եւ Թէյմուր Ժոմբլաթները կրնան այս իմաստով դերակատարութիւն ունենալ: Այս ծիրին մէջ ան աւելցուց նաեւ, որ Ընկերվար առաջդիմական կուսակցութեան պատւիրակութիւն մը մօտիկ ապագային պիտի այցելէ նաեւ ՀՅԴ Լիբանանի Կենտրոնական կոմիտէին:

Յ. Բագրատունի նշեց, որ հանրապետութեան նախագահը պէտք է համախոհութեամբ ընտրւի՝ հաստատելով, որ Հ. Յ. Դաշնակցութիւնը կը մերժէ, որ Լիբանանի հանրապետութեան նախագահը 65 քւէով ընտրւի: «Մենք վկայած ենք, որ նոյնիսկ երբ համախոհութեամբ եւ պատգամաւորներու քւէներուն մեծ համեմատութեամբ ընտրւած են հանրապետութեան նախագահները, անոնց պաշտօնավարութեան ընթացքին տագնապներ եւ խոչընդոտներ երեւան եկած են ու խանգարած անոնց գործունէութիւնը: Հետեւաբար 65 քւէով ընտրւող նախագահը այս երկրին մէջ ոչինչ կրնայ կատարել»,- յայտնեց ան:

Յ. Բագրատունի հաստատեց, որ քաղաքական որեւէ կարեւոր որոշումի յանգելու համար փոխադարձ զիջումներ պէտք է կատարւին: Կացութիւնը կը շարունակէ վտանգաւոր մնալ եւ առանց երկխօսութեան լուծում չկայ:

«Ազդակ»

Առնչւող Յօդւածներ

Back to top button