Սփիւռք

Հաղորդագրութիւն ՀՄԸՄ-ի Պատգամաւորական 13-րդ Ընդհանուր ժողովի

ՀՄԸՄ-ի Պատգամաւորական 13-րդ Ընդհանուր ժողովը տեղի ունեցաւ հոկտեմբերի 2-ից 7-ը, Հայաստան։ Ժողովին մասնակցեցան միութեան Շրջանային եւ Մեկուսի 30 շրջաններէ 75 իրաւասու ձայնով պատգամաւորներ, ՀՅԴ Բիւրոյի անդամ Մկրտիչ Մկրտիչեան, Թեհրանի Հ.Մ.Ա.Կ.-ի ներկայացուցիչ Սոֆի Ջաղարբէկեան, Համազգայինի Կենտրոնական վարչութեան ներկայացուցիչ Արտաշէս Շահբազեան եւ խորհրդակցական ձայնով 28 հրաւիրեալներ, ընդամէնը՝ 103 մասնակիցներ։ Ժողովին բացման ներկայ գտնւեցաւ ՀՅԴ Բիւրոյի ներկայացուցիչ Յակոբ Տէր- Խաչատուրեան։

Ժողովը իր տեսակին մէջ իւրայատուկ էր, որովհետեւ կը գումարւէր ներազգային ծանր պայմաններու մէջ։

Պատգամաւորական Ընդհանուր ժողովը մանրամասն քննութեան ենթարկեց 2019-2023 քառամեակի ՀՄԸՄ-ի Կենտրոնական վարչութեան գործունէութիւնը, յոյժ գնահատելի նկատեց կատարւած աշխատանքները եւ ապագայի հաշւոյն մշակեց նոր ծրագրեր։

Ժողովը լայնօրէն անդրադարձաւ ՀՄԸՄ-ի սկաուտութիւնը, մարզական կեանքը եւ երիտասարդութիւնը յուզող հրատապ հարցերուն եւ համապատասխան որոշումներով քայլեր առաջադրեց անոնց թափ տալու նպատակով։ Արծարծւեցան նաեւ միութեան քարոզչութեան, արդի արհեստագիտութեան եւ ռազմավարական ծրագրերու կապւած հարցեր։

Ժողովը ընդհանուր արժեւորումը կատարեց միութեան կազմակերպական ընդհանուր իրավիճակին եւ ընդգծեց ՀՄԸՄ-ՀԱՍԿ-ի եւ միութեան աշխարհասփիւռ մասնաճիւղերուն աշխատանքային դաշտերը ընդլայնելու կարելիութիւնները։

Ժողովը յատուկ օրակարգով կանգ առաւ Արցախի եւ Արցախի հայութեան կացութեան դիմաց։ Ժողովը հաստատեց, որ դէմ-յանդիման կը գտնւինք Արցախի ժամանակաւոր կորուստի իրականութեան դիմաց, հետեւաբար ժողովը ՀՄԸՄ-ի պարտքն ու
պարտաւորութիւնը նկատեց տէր կանգնիլ եւ պահպանել Արցախի Հանրապետութեան խորրհրդանիշերը՝ դրօշը, քայլերգն ու զինանշանը, այդ խորհրդանիշերուն ընդմէջէն նոր սերունդին մօտ վառ պահելու համար Արցախի վերատիրացման խորհուրդը։

Իբրեւ Արցախի գաղթականներու անմիջական աջակցութեան քայլ, Ընդհանուր ժողովը յառաջացուց «ՀՄԸՄ Արցախ հիմնադրամ»-ը, որ պիտի օժանդակէ արցախցի գաղթականներու անյետաձգելի կարիքներուն։

Իր հնգօրեայ աշխատանքներուն աւարտին, Ընդհանուր ժողովը 2023-2027 քառամեակի ՀՄԸՄ-ի նոր Կենտրոնական վարչութիւնը ընտրեց հետեւեալ կազմով.-

Եղբ. Յակոբ Խաչերեան (Լիբանան)

Եղբ. Վիգէն Աւագեան (Լիբանան)

Քոյր Թալին Օրդողլեան (Լիբանան)

Եղբ. Աւետիս Դերւիշեան (Սիրիա)

Քոյր Սանդրա Վարդանեան (Հայաստան)

Եղբ. Հրաչ Սիսեռեան (Ֆրանսիա)

Եղբ. Ֆեդի Խաժակ Գազանճեան (Շւեդիա)

Եղբ. Վահէ Թանաշեան (Արեւելեան Մ.Ն.)

Եղբ. Մհեր Դաւիթեան (Արեւմտեան Մ.Ն.)

Եղբ. Վիգէն Աբէլեան (Արեւմտեան Մ.Ն.)

Քոյր Լիոնի Սարմազեան (Կանադա)

Քոյր Սեսիլիա Դաղլեան (Հարաւային Ամերիկա)

Եղբ. Տիրան Վահրադեան (Աւստրալիա)

7 հոկտեմբերի, 2023

ԴԻՒԱՆ ՀՄԸՄ-Ի ՊԱՏԳԱՄԱՒՈՐԱԿԱՆ

13-ՐԴ ԸՆԴՀԱՆՈՒՐ ԺՈՂՈՎԻ

«Arfd.am»

Առնչւող Յօդւածներ

Back to top button