ՀՅԴ Մամուլ

Ադրբեջանի նախագահի (նախ)ընտրութիւնը

Օրերը կը հաշւենք, մեր աչքերը ուղղած փետրւարեան մօտալուտ օրւան մը. բայց ո՞վ հետաքրքրւած է, կամ, աւելի ճիշտը, ո՞վ կը հաւատայ, որ Ադրբեջանի նախագահական արտակարգ ընտրութիւնները արդար, ժողովրդավար պայմաններու մէջ եւ ամենայն թափանցիկութեամբ պիտի կատարւին։ Բաքու բացայայտ դարձուցած է, որ օտար դէտերու ներկայութիւնը պիտի չհանդուրժէ, ինչպէս չի հանդուրժեր Հայաստան հասած եւրոպացի դէտերու հսկողութիւնը…

Բռնապետին փափագն ու մարմաջը չէ միայն այլ-ընտրութիւնն ու (նախ)ընտրութիւնը, այսինքն՝ «տաքը տաք»-ին կատարել նախագահական ընտրութիւնները։ Պատճա՞ռ։

Յատկապէս Արցախի մէջ իր արձանագրած սարքովի յաղթանակով եւ իր նաւթին բոյրը եւրոպաներ հասցուցած Իլհամ Ալիեւ բաւական զօրաւոր դիրքի վրայ է այս փուլին: Երկրին ղեկը 2003-ին իրողապէս հօրմէն ժառանգած միապետը չուզեր ժամանակ կորսնցնել, մանաւանդ, որ Եւրոպայէն դէտեր հետզհետէ ձայն կը բարձրացնեն, թէ մարդկային տարրական իրաւունքներ չեն յարգւիր, եւ այդ դաժան, բռնատիրական պայմաններուն մէջ, ընդդիմութիւնը շարունակ ոտնակոխ եղած է, բանտերը լեցուն են այլախոհներով (Արցախէն կամ հայկական բանակէն գերի բռնւածները՝ այլ էջի մը լուսանցքին վրայ)։

Արցախի 44-օրեայ պատերազմին իր տարած «փառաւոր» յաղթանակէն, ապա նաեւ՝ անցեալ սեպտեմբերին, Արցախի վերջին պատառիկին բռնագրաւումէն ու նորագոյն ցեղասպանութեան իրականացումէն ետք, այս բռնապետին մեծամոլութեան եւ հալածախտի բարդոյթը հասած է նոր գագաթնակէտի, այնքան մը, որ ամէն մէկ շարժումի ետին կերեւակայէ տեսնել, թէ իր դէմ դաւ մը կը սարքւի։ Ակներեւ է, որ այս հիւանդութիւնը տարածւած է կովկասեան բարձրաւանդակի երկիրներուն մէջ։ ՀՀ ղեկավարն ալ բռնատիրութեան տարբերակներու բարդոյթէն կը տառապի։

Եզակի է Ադրբեջանի սահմանադրութիւնը, որ կարելի է խորագրել «Ալիեւի սահմանադրութիւն»։

Նշենք կարգ մը տողեր այդ սահմանադրութենէն․-

Ադրբեջանի նախագահը երկրին ղեկավարն է։ Ան կը ներկայացնէ Ադրբեջանի հանրապետութիւնը, թէ՛ ներքին, եւ թէ՛ արտաքին ճակատներուն վրայ։

Ադրբեջանի նախագահն է երկրին օրինական ուժի երաշխաւորը։

Ան որոշում կու տայ, որպէսզի կատարւի խորհրդարանի (Միլլի մեջլիս) ընտրութիւնը, նախարարներու նշանակումը, օրէնսդիր դատախազի ընտրութիւնը, բանակի ընդհանուր զօրավարին նշանակումը, պատժամիջոցներու որոշումն ու բնականաբար անոնց բեկանումը – եթէ անշուշտ պատահած է։ (Ի՜նչ ժողովրդավարութիւն, իշխանութեան թեւերու ի՜նչ բաժանում…)

Կրնանք մինչեւ իսկ կէս-կատակ ըսել, որ նախագահը իրաւասութիւն ունի քւէարկողներուն ձեռքէն խլել թուղթերը եւ ի նպաստ իր անձին քւէարկել։

Իտալական ոճով երգիծանքը շարունակենք։ Նախագահը իրաւասութիւն ունի շինծու ընդդիմութիւն մը ստեղծելու: Փաստը այն է, որ կեղծ ժողովրդավարութիւն մը բեմադրելու համար, հրապարակ նետւած են հինգ-վեց այլ թեկնածուներ, որոնց մասին չարժեր ժամանակ մսխել:

Եւ ահա՛, փոխանակ հոկտեմբեր 2025-ի չորեքշաբթի օր մը՝ Ադրբեջանի նախագահական արտակարգ (եւ արտառոց) ընտրութիւնները տեղի պիտի ունենան չորեքշաբթի, 7 փետրւարին։

Երկրի սահմանադրութեան 102-րդ յօդւածը կըսէ, թէ Ադրբեջանի նախագահական ընտրութիւններուն պաշտօնական արդիւնքը կը տեղեկացնէ սահմանադրական դատարանը, յաջորդող 14 օրերուն:

Արդեօք ո՞վ պիտի սպասէ, կամ հաւատք ու համբերութիւն ունի սպասելու։ Չէ՞ որ արդիւնքը ընտրութենէն շա՜տ առաջ, թւականի ճշտումի պահէն ի վեր յստակ է…

Ընտանեկան տաքուկ միջավայր մըն է Բաքւի պալատը, որուն տանտէրներն են տէր եւ տիկին նախագահ եւ փոխնախագահ Իլհամ Ալիեւն ու Մեհրիբան Ալիեւան։ Զարմանալի պիտի չըլլայ, որ Փաշինեան Բաքու երթայ՝ շնորհաւորելու համար «խաղաղասէր գործընկերոջ» վերընտրութիւնը: Այլապէս, Ալիեւ կրնայ նախանձիլ Էրդողանի…

«Հայրենիք»-ի խմբագրական,
Բոստոն

Առնչւող Յօդւածներ

Back to top button