Դաշնակցական ԲեմՍփիւռք

Առցանց հանդիպում՝ ՀՅԴ Բիւրոյի անդամ եւ Երիտասարդական հարցերու պատասխանատու Յովսէփ Տէր-Գէրոգեանին հետ

Յունւարի 14-ին ՀՅԴ Երիտասարդական եւ Ուսանողական մեծ ընտանիքի ընկերներու խուռն մասնակցութեամբ տեղի ունեցաւ առցանց հաւաք՝ ՀՅԴ Բիւրոյի անդամ ընկեր Յովսէփ Տէր-Գէրոգեանին հետ: Ներկայ էին աւելի քան 23 միութիւններէ եւ 15 երկիրներէ երիտասարդներ եւ ուսանողներ: Հանդիպումը առիթ էր զրուցելու Հայրենիքի ներկայ մարտահրաւէրները դիմագրաւելու միջոցներուն մասին եւ մեր ընելիքները որպէս ՀՅԴ Երիտասարդներ Հայկական Հարցի այս ճգնաժամային հանգրւանին, մասնաւորաբար Արցախի հիմնախնդրի մասով:

Հանդիպումը կրկին անգամ եկաւ հաստատելու, որ ՀՅԴ Երիտասարդական եւ Ուսանողական մեծ ընտանիքը աննահանջ կը մնայ իր խրամատներուն մէջ, պայքարը շարունակելու եւ մեր ժողովուրդին եւ ազգին իրաւունքներուն համար կռիւ տալու:

Արցախեան հարցը փակւած չէ եւ չի կրնար փակւիլ քանի դեռ վառ է ազգային ազատագրական պայքարի նւիրւած երիտասարդութեան կամքը եւ վճռակամութիւնը:

Arfd.am

Առնչւող Յօդւածներ

Back to top button