Դաշնակցական ԲեմՀայաստան - Արցախ

Մամլոյ հաղորդագրութիւն

2-3 նոյեմբերին, ՀՅԴ Բիւրոյի հրաւէրով, Կիպրոսի Լարնաքա քաղաքին մէջ, տեղի ունեցաւ ՀՅԴ Հայաստանի Գերագոյն մարմնի, Արցախի Կենտրոնական կոմիտէի եւ համահայկական ողջ կառոյցի մարմիններու ներկայացուցիչներու ու հրաւիրեալ ընկերներու մասնակցութեամբ գումարւած խորհրդաժողովը:

Սոյն Խորհրդաժողովի հիմնական օրակարգն էր՝ Ադրբեջանի կողմէ ցեղասպանական յարձակումներու հետեւանքով Արցախի Հանրապետութեան բռնի հայաթափումի լոյսին տակ Հայաստանի ու հայութեան առջեւ ծառացած մեծ մարտահրաւէրները:

Երկօրեայ բազմակողմանի քննարկումներով ժողովը անդրադարձաւ արցախահայութեան առաջնահերթ հասարակական ու տարրական կարիքներուն, Ադրբեջանի կողմէ դեռ շարունակւող յարձակողապաշտ ու ցեղասպան լկտի քաղաքականութեան, Արցախի Հանրապետութեան գերեվարւած ռազմա-քաղաքական ղեկավարութեան հարցին, Արցախի Հանրապետութեան պետականութեան կարեւորագոյն օղակներու դիմագրաւած դժւարութիւններուն, միջազգային ու տարածաշրջանային քաղաքական իրադրութեան եւ Հայաստանի իշխանութիւններու վարած ապաշնորհ ու պարտւողական քաղաքականութեան:

Վերոնշեալ քննարկումներու լոյսին տակ, ժողովը ձեւաւորեց այն հիմնական ուղղութիւնները, որոնք պիտի հունաւորեն համադաշնակցական ընտանիքի քաղաքական ու աշխատանքային առաջիկայ քայլերը եւ որոնք պէտք է դառնան ազգի ու հայրենիքի ճակատագրով մտահոգւած եւ հայ ժողովուրդի հաւաքական ազգային պայքարի կամքը վերականգնող ներազգային բոլոր ճիգերը շաղկապող առանցք:

6 նոյեմբերի, 2023
ՀՅԴ Մամլոյ դիւան

Առնչւող Յօդւածներ

Back to top button