Դաշնակցական ԲեմՀայաստան - Արցախ

Երբ Արցախը ողնաշարն էր մեր Ազգային անվտանգութեան

Կարտագրեմ հետեւեալ հատւածը փետրւարի 11, 2015 թւակիր եւ «Պանթուրքիզմի գրաւը եւ Արցախի հարցը» խորագրեալ յօդւածէս։

Հայոց Ցեղասպանութեան հարիւրամեակի օրերուն դեռ մենք իրաւունք ունէինք նախապատրաստութիւն ակնկալելու հայ անկախ պետականութեան երկու բեւեռներէն՝ ՀՀ եւ ԱՀ ինքնիշխան պետականութիւններէն։ Մենք ունէինք հզօր բանակ եւ գործող դիւանագիտութիւն։ Ունէինք մանաւանդ Արցախի կենսական ամրոցը։ Այսօր ունինք երկու եղերազաւեշտական լոզունգներ՝ «խաղաղութեան պայմանագիր» եւ «հայկական խաչմերուկ», որոնցմով Փաշինեանական համակարգը կը փորձէ խաբել մեր ժողովուրդը, բայց կը խաբէ միայն ինքզինք։

Ահաւասիկ՝

«…Եթէ Թուրքիա եւ Ադրբեջան յաջողին իրականացնել իրենց համաթրքական երազանքը եւ կարողանան ճեղքել զիրենք աշխարհագրականօրէն բաժնող հայկական պատւարը, հիմնովին կը յեղաշրջւի Կովկասեան տարածաշրջանի ուժային քարտէզը եւ թուրքեւադրբեջանական առանցքը կը հաստատէ ինքզինք, որպէս Կովկասեան բեմի գլխաւոր դերակատարը։ Թուրքիոյ աշխարհաքաղաքական խարիսխը մեծապէս կամրապնդւի Սեւ Ծովու աւազանին մէջ եւ ան կը սկսի տիրապետող ներկայութիւն ըլլալ նաեւ Կասպից ծովու աւազանին մէջ։ Թուրքիա եւ Ադրբեջան իրենց հակակշռին տակ կառնեն հիւսիս-հարաւ հաղորդակցութեան ուղիները եւ Ռուսաստանը կը բաժնեն Իրանէն եւ Արեւմուտքը կը բերեն պարտադիր գործակցութեան իրենց իսկ թելադրած պայմաններով։

Պանթուրքիզմի յառաջխաղացքը ինքնաբերաբար պայթուցիկ վիճակ կը ստեղծէ Իրանեան Ադրբեջանի մէջ վտանգելով Իրանի ներքին հաւասարակշռութիւնը։ Ան նաեւ կը գրգռէ Հիւսիսային Կովկասի եւ Ռուսաստանի այլ վայրերու թրքացեղ եւ իսլամ բնակավայրերու անջատողական ախորժակները։ Եւ ի վերջոյ կը սկսի խլրտիլ Կենտրոնական Ասիան։ Արցախի հիմնախնդրի ետին գոյութիւն ունի ամբողջ թնճուկը տարածաշրջանի բարդ հիւսւածքին, իսկ պանթուրքիզմի հեռանկարները շատ աւելին են քան հայ-թուրքական հակամարտութիւնը։

Բնական է, որ պանթուրքիզմի այս հեռանկարներուն հանդէպ չեն կրնար անտարբեր մնալ Ռուսաստանն ու Արեւմուտքը։ Չի կրնար անտարբեր մնալ եւ Իրա՛նը։ Պանթուրքիզմի ծաւալապաշտութեան դէմ հեռահար միջոցներ ձեռք պէտք է առնեն Հայաստանն ու Վրաստանը եւ քուրդ ազգային շարժումը։

Այս բոլորը ըսելէ ետք, պէտք է վճռականօրէն շեշտել, որ այս մեծ պատկերին հիմնական որոշիչը Արցախի հիմնախնդիրն է, ուր շատ մեծ են վտանգները։ Տարածաշրջանի մեծ սակարկութիւններու սեղանին վրայ մեծապետական ուժերու խաղականոնները արագ վերիվայրումներու կենթարկւին ամէն օր եւ այդ խաղին մէջ Արցախը կրնայ նեղ շահերու զոհ դառնալ։

Արցախի լինելիութեան միակ իսկական երաշխաւորը մեր ժողովուրդն է։ Մեր բազմակողմանի պատրաստւածութիւ՛նը (preparedness)։ Արցախի դատը պիտի շահւի ոչ միայն սահմանագծին վրայ, այլեւ աշխարհի բոլոր մեծ մայրաքաղաքներուն մէջ։ Պահել Արցախը իր ազատագրւած միւս տարածքներով՝ մեր ազգային գերակշիռ առաջնահերթութիւնն է այսօր։ Մեր գոյութեան եւ անկախութեան հզօր գրաւակա՛նը։ Պարտութեան մատնել պանթուրքիզմի քաղաքականութիւնը այս բոլոր ճակատներուն վրայ՝ մեր հաւաքական պարտականութիւ՛նն է»։

ԿԱՐՕ ԱՐՄԵՆԵԱՆ

Առնչւող Յօդւածներ

Back to top button