Դաշնակցական Բեմ

Արթնցնել հայու ազգային գիտակցութիւնը եւ ազդու ձեւով հակադարձել բոլոր նկրտումներուն

Ծ․Խ․- Ստորեւ, յապաւումով լոյս կընծայենք, ՀՅԴ Բիւրոյի անդամ Խաժակ Մկրտիչեանի խօսքը, արտասանւած նոյեմբերի 18-ին Փրովիտենսի եւ դեկտեմբերի 2-ին Դիտրոյտումի, Հ․Յ․Դաշնակցութեան 133-ամեակին առթիւ.

«Այսօր, դժբախտաբար չեմ եկած տօնական խօսք ըսելու եւ կամ ձեզ ուրախացնող ճառ արտասանելու, որովհետեւ վերջին տարիներուն ազգովին զրկւած ենք տօնախմբութենէ, մեզմէ խլւած են մեր յաղթանակները, գերեվարւած է Արցախ աշխարհը, վտանգւած է Հայաստանի Հանրապետութիւնը, հազարաւոր հայորդիներ զոհ դարձած են թշնամու յարձակողապաշտ ու ցեղասպան քաղաքականութեան, իսկ Արցախի Հանրապետութեան ռազմաքաղաքական ղեկավարներ Բաքւի բանտերուն մէջ պատանդ են:

Եկած եմ սակայն ըսելու նաեւ, որ սուգն ու պարտութիւնը յաւերժ կը մնան եթէ մեր մէջ մարի պայքարի կրակը, յարատեւ պայքարի կամքը ու հաշտւինք մեր կրած պարտութեան ու կորուստին հետ: Ազգային գաղափարախօսութեան կրող հայը չի կրնար հաշտւիլ այս ողբերգական կացութեան հետ եւ ականջ տալով մեր պատմութենէն հնչող «յարատեւ պայքար»-ի կոչին՝ պէտք է լծւի գահավիժող այս ընթացքը կասեցնելու ու շրջելու գործին:

Այս տխուր ու իւրաքանչիւրիս զայրոյթ պատճառող իրականութեան ի տես, պիտի նշեմ երկու փաստ, որոնց ուղիղ հետեւանքն է հայութեան ու Հայաստանի մերօրեայ անմխիթար կացութիւնը:

1-Վերջին հինգ տարիներուն, հետեւողականօրէն ու աստիճանաբար Հայաստանն ու հայութիւնը ներքաշւեցան արեւելումներու վնասաբեր յորձանուտին մէջ: Գիտակցաբար հրահրւեցան ռուսամէտութեան ու արեւմտամէտութեան սադրիչ թէզեր ու այդ յորձանուտին մէջ նահանջեց ու խամրեցաւ հայամէտութիւնը, ազգային շահով ու իրաւունքով առաջնորդւելու բանականութիւնը: Հարաւային Կովկասի նման աշխարհաքաղաքական բարդ դրւածք ունեցող շրջանին մէջ, Հայաստանի իշխանութիւններու վարած ազգակործան քաղաքականութեան հետեւանքով, Հայաստանն ու Արցախը այսօր դարձած են տարածաշրջանային ու միջազգային տիրութիւններու հակադիր շահերու բախման կիզակէտ: Եղած դաշնակիցներուն հետ յարաբերութիւնները սրելուն զուգահեռ՝ իշխանութիւնները չկրցան ազդեցիկ նոր դաշնակիցներ ձեռքբերել, եւ կողմնացոյցը կորսնցուցած խարխափումի մէջ կօրօրւի մեր արտաքին քաղաքականութիւնը: Աւելին, Հայաստան այսօր կը վխտայ օտար ու թշնամի երկիրներու շահերուն ծառայող գործակալներով, իսկ հայութեան ու Հայաստանի շահերը լքւած են բախտի ճակատագրին:

2-Ներազգային մակարդակի վրայ յարձակման ենթակայ են ազգային ու հայկական բոլոր արժէքները: Ազգային գաղափարախօսութիւնն ու զայն կրող քաղաքական ուժերը, կառոյցներն ու անհատները՝ հալածանքի ու հակաքարոզչութեան ուղղակի թիրախ են այսօր: Թիրախ է նոյնիսկ հայրենազրկւածութեան ու ցեղասպանութեան արդիւնքով կազմաւորւած Սփիւռքը, որ իր հոգեկերտւածքով ազգային գաղափարախօսութեան կրողն է ու դատ ունեցող պահանջատէրն է: Անոր համար հայրենիքը լոկ աշխարհագրական տարածք չէ, որուն մէջ խումբ մը մարդիկ հանգիստ, ուրախ ու զւարթ կապրին: Անոր համար ազգը բարձրագոյն արժէք է, իսկ հայրենիքը՝ ազգի զարգացման ու ծաղկման պատմական բնօրրան: Անոր համար, հայրենիք պաշտպանելն ու անոր սիրոյն զոհւիլը՝ ազգի գոյատեւման հարց է:

Դժբախտաբար, այս ճակատին վրայ ազգայինը տեղատւութեան մէջ է, մասամբ ազգային գաղափարախօսութիւնը կրող ուժերու չհամակարգւած աշխատելաձեւի, մասամբ ալ հակազգային հոսանքի իշխանական լծակներու ակնյայտ չարաշահումի պատճառով:

Որո՞նք են մեր այսօրւան ընելիքները: Ես պիտի փորձեմ ձեւակերպել այն անմիջական ընելիքներուն շարքը, որոնց շուրջ պէտք է համախմբւին ազգային գիտակցութեամբ առաջնորդւող ուժերը, կառոյցներն ու անհատները: Այսօրէական այս խնդիրները պիտի ըլլան բոլորիս օրակարգի սեղանին, մարմիններ, յանձնախումբեր, մտաւորականներ Հայաստանի եւ Սփիւռքի մէջ:

1-Արցախահայութեան ցուցաբերւած մարդասիրական եւ անմիջական օժանդակութեան հարցը առաջնային խնդիր է, ոչ միայն մարդասիրական դիտանկիւնէն, այլ նոյնիսկ ազգային ռազմավարական թելադրանքով, որուն նպատակն է արցախահայութեան համար հասարակա-տնտեսական տանելի պայմաններ ստեղծելով՝ նպաստել զիրենք Հայաստանի մէջ պահելու խիստ անհրաժեշտ ու ըստ էութեան ազգային հեռանկարին:

2-Բաքւի բանտերուն մէջ գերեվարւած Արցախի Հանրապետութեան ռազմաքաղաքական ղեկավար հայորդիներու ազատ արձակման գծով ի գործ դնել ամէն հնարաւոր միջոց, որովհետեւ անոնք Արցախի Հանրապետութեան կերտած ժողովրդավար համակարգի, արցախահայութեան ինքնորոշման կամքի խորհրդանիշն են: Ողջ էութեամբ ահաբեկչական Բաքւի վարչակարգը, կը համարձակի ահաբեկիչներ որակել զիրենք, այն ալ ԱՄՆ-ի, Ֆրանսիայի ու Ռուսաստանի լռութեան ներքոյ, երբ նոյն այդ երկիրները դեռ մինչեւ երէկ իրենց բիւջէներուն մէջ օժանդակութիւններ կը յատկացնէին անոնց ղեկավարած հանրապետութեան ու կը բանակցէին անոնց հետ, իբրեւ ժողովրդավարօրէն ընտրւած արցախահայութեան կամքը արտայայտող ղեկավարներ:

3-Արցախի Հանրապետութեան պետական համակարգի կարեւոր օղակներու պահպանումը բոլորիս համար գերնպատակ պէտք է ըլլայ եւ բոլոր միջոցներով պարտաւոր ենք աջակցիլ անոնց պահպանման, որովհետեւ անոնց առկայութիւնը կարեւոր լծակ ու գործօն է արցախահայութեան իրաւունքներու հետապնդման, իսկ այդ օղակներու լուծարումը յստակօրէն կը նշանակէ արցախահայութեան գլխատում եւ Արցախի հարցի վախճան:

4-Ադրբեջանի կողմէ Արցախի եւ արցախահայութեան նկատմամբ ի գործ դրւած ոճրային բոլոր քայլերը ուղիղ կերպով ցեղասպանական արարքներ են: 44-օրեայ պատերազմէն մինչեւ բռնի տեղահանում, շրջափակում, խաղաղ բնակչութեան վրայ յարձակում ու հայաթափում՝ անվիճելիօրէն ցեղասպան քաղաքականութեան շղթայի իրերայաջորդ օղակներ են, որոնք իրենց արժանի գնահատականը պէտք է գտնեն միջազգային քաղաքական ու իրաւական բոլոր ատեաններու մէջ:

5-Ցեղասպան քաղաքականութեան արժանի գնահատականը հիմք կը ստեղծէ արցախահայութեան վերադարձի իրաւունքին, զոր արծարծ պէտք է պահել ներազգային մակարդակի վրայ ու միջազգային ատեաններուն առջեւ: Բնականաբար, վերադարձի իրաւունքին սերտօրէն ածանցւած են արցախահայութեան անվտանգութիւնը ապահովող եւ ինքնորոշման իրաւունքները պահպանող միջազգային երաշխիքները:

Եզրափակելով, ազգային գաղափարախօսութեան կրող ուժերուն առջեւ դրւած օրակարգային այս խնդիրները լոկ ցանկութիւններ կրնան մնալ, եթէ այդ ուժերը չկարենան համակարգւած ձեւով ինքնադրսեւորւիլ իբրեւ «յարատեւ պայքար»-ի թելադրանքի հետեւորդներ, արթնցնել հայու ազգային գիտակցութիւնը եւ ազդու ձեւով հակադարձել հակազգային ու պարտւողական բոլոր նկրտումներուն»:

Խաժակ Մկրտիչեան

Arfd.am

Առնչւող Յօդւածներ

Back to top button