Հայ Դատ

Ներքին ալեակներու եւ արտաքին արհաւիրքներու միջեւ

«Գարուն էր: Չեկած ամառ՝

Փուլ եկաւ երկնակամար…»

Պ. ՍԵՒԱԿ

 

Հայաստանի ներքին բեմին վրայ, օր-աւուր տեղի կունենան դէպքեր ու հրապարակումներ, մեծ մասամբ՝ իշխանաւորներուն կողմէ սարքովի վիճակներ, որոնք պատճառ կը դառնան ո՛չ միայն հանրութեան մէկ մասին գիտակցութեան աւելի՛ եւս բթացման (հանրութիւն ըսելով՝ ի մտի ունինք նաեւ Սփիւռքեան ափեր), այլ նաեւ ուշադրութիւնները աւելի մեծ ու վտանգաւոր իրադարձութիւններէ շեղելու, ստւարացող սպառնալիքներուն դիմաց՝ «քիթէն անդին չտեսնելու»:

Ի՞նչ տեղի կունենայ այսպէս կոչւած՝ «ներքին բեմին» վրայ: Թուենք մէկ քանի նորութիւններ, որոնք, յամենայնդէպս, չեն կրնար մոռացութեան տոպրակին մէջ նետել նախընթաց՝ վիթխարի կորուստներն ու վնասները (թէեւ հանրութեան մէկ մասը վարակւած է իշխանութեան ներարկած՝ յուշակորուսութեան ախտով):

. Վարչապետ կոչեցեալը, որ տակաւին «ազգընտիր» պիտակը ունի բթացեալ ուղեղներու համար, նորագոյն գիւտ մը ըրաւ եւ, փոքր(ացող) քարտէզ մը ճօճելու իր հնարքին կողքին՝ հրապարակ նետեց անհեթեթ ցնդաբանութիւն եւս (մի՛ հարցնէք, թէ ցնդաբանութիւնը պէտք ունի՞ անհեթեթ որակումի): Սա արդարօրէն եւ հիմնաւորեալ կերպով փոթորիկ յառաջացուց մասնաւորաբար մամուլի եւ բանիմաց մտաւորականներու շրջանակներուն մէջ, որոնք նշեցին, թէ այս մարդուն անմտութիւններու եւ տգիտութեան «պաշարը» արդէն աւելի՛ բարձր գագաթներու հասած է, քան Հիմալայեանի Էւվերէսթը (Արարատի մասին չխօսի՜ք):

. Յաջորդեց այլ «հնարք» մը. հրապարակ եկաւ Ցեղասպանութեան զոհերուն թիւը ճշտելու «տեսութիւն» մը, իբրե՜ւ թէ գիտական ամուր հիմերու վրայ դնելու համար մեր Դատը: Սա նման է «անիւի գիւտը նոր ըրինք» յաւակնութեան: Ամբողջ հայաշխարհը, մեզի հետ նաեւ բազմաթիւ երկիրներ հաստատած են որ Ցեղասպանութիւնը փաստ է, զոհերուն թիւը ընդունւած է իբրեւ 1,5 միլիոն, սա հայութեան կողմէ հնարւած թիւ չէ, այլ օտարներ ալ փաստագրած ու վկայած են զայն: Միայն Թուրքիան է որ հարցականի տակ առած է փաստերը, եւ ահա, Երեւանի իշխանաւորները նոր ապացոյց մը կու տան, թէ կը շարժին թրքական պահանջներով, կը ծառայեն անոր հաշիւներուն: Եւ արդա՛րօրէն հնչեցին հետեւեալ հարցումները: Այդ երբէ՞ն ի վեր սոսկական թիւն է որ կորոշէ Ցեղասպանութեան տարողութիւնը: Այ՛դ ո՞ր ցեղասպանութեան զոհերուն ամբողջական թիւը կարելի եղած է հաշւել: Ինչպէ՞ս կարելի է իսկական թիւեր գտնել «Հիւանդ մարդ»-ուն տարածքին մէջ, երբ անկարելի էր այդ օրերուն վիճակագրութիւն ունենալ, ահագին փաստեր, արխիւներ փճացւած են: Աւելի՛ն: Ինչո՞ւ Հայաստանի իշխանութիւնը կը խուսափի Ադրբեջանն ու հովանաւոր Թուրքիան յստակօրէն «ցեղասպան» կոչելէ, երբ Արցախի բռնագրաւումն ու հայաթափումը փաստ են, նորագոյն «յաւելւած»՝ համաթուրանականութեան ոճիրին: Օտարներ չեն վարանիր իր անունովը կոչելու ալիեւեան ոճիրները: Մի գուցէ անո՞ր համար, որ Երեւանի իշխանութիւնը ուղղակի մեղսակից էր ոճիրին…: Ամերիկացիք ալ կը ջանան ուրանալ, որ բնիկ հնդիկ ցեղերը ցեղասպանութեան ենթարկւած են, իսկ հնդիկները երբեք ալ չեն մտածած հարց արծարծելու մասին, թէ ջարդւածներուն թիւը 25՞ միլիոն է եղած, աւելի՞ կամ պակա՞ս (նոյնը՝ հրեաներուն, քամպոտիացիներուն կամ ափրիկեան ու հարաւ-ամերիկեան երկիրներու մէջ տեղի ունեցած ցեղասպանական ոճիրներու ենթարկւած ժողովուրդներու պարագային):

. ՔՊ-ական պատգամաւոր մը արժանացած է քաղաքային երիտասարդի մը հրապարակային բերանացի քննադատութեան: Երիտասարդը արդար ընդվզում եւ նողկանք արտայայտած է պատգամաւորին դէմ (որ, ի դէպ, մէկն է ամիսներ առաջ, Եռաբլուրի մէջ նահատակներու ծնողներուն կողմէ յարձակման ենթարկւած եւ սրբավայրէն վտարւած երկու ՔՊ-ական պատգամաւորներէն): Ան ձերբակալւած է, ոստիկանատուն տարւելու ճամբուն, «ժողովրդավարութեան եւ մարդու իրաւունքներուն պասթիոն» Հայաստանի մայրաքաղաքին մէջ, օր-ցերեկով խոշտանգումի եւ անասելի վարկաբեկումի ենթարկւած է, երբ ոստիկանները որոշած են պահ մը «ուրիշ կողմ նայիլ»…: Եւ ահա, խաւ առ խաւ կը բացայայտւին այս վրան-բաց խայտառակութեան յետին ծալքերը, ամբաստանութեան մատներ կուղղւին ո՛չ միան ՔՊ-ականներու, այլ նոյնինքն «ուսապարկը կրող»-ին:

. Ուսապարկապետը դարձեալ կայցելէ Տաւուշի սահմանամերձ գօտին՝ Ոսկեպար, եւ կը կրկնէ «գիւղերը պէտք է յանձնենք, անոնք ադրբեջանապատկան են» յանկերգը, հաւատարիմ մնալով այն տեսութեան, թէ երբ սուտ մը կրկնես ու կրկնես, ի վերջոյ անոր հաւատացողներ (եւ ենթարկուողներ) կըլլան: Տեղացիները, ըստ սպրդած տեղեկութիւններու, դէմ կանգած են առաջադրանքին, սակայն ժամանակին՝ «մենք ժողովուրդին կամքին պիտի ենթարկուինք»-ներով յոխորտացողը բացայայտ կընէ, որ ժողովուրդին կարծիքն ալ «ասֆալթին փռելու» նիւթ է: Սուտին մէկ երեսն ալ, դժբախտաբար, «Ադրբեջանէն գիւղեր պիտի վերստանանք»-ն է, մինչդեռ 44-օրեայ պատերազմէն ասդին, նման սուտերէ ո՛չ մէկը իրականացած է կամ կը նշւէ իրականացում: Խորքին մէջ, ինչ որ տեղի կունենայ, ԲԱՑԱՐՁԱԿԱՊԷՍ ՀԱՅԿԱԿԱՆ ՀՈՂԵՐՈՒ ՀԱՇՒՈՅՆ սակարկութիւններ են, արդէն նւէր տրւածները մոռացութեան տալու գնով, եւ պւաշտօնական Հայաստա՛նը – եւ ո՛չ միայն իշխանաւորները – նահանջէ նահանջ կը վազէ: Հոս ալ յուզումը նոր ալիք կառաջացնէ արդարօրէն, դարձեալ հարցականներ կը հնչեն, թէ երբ սահմանազատում տեղի չէ ունեցած, այդ ո՞ր տրամաբանութեամբ գիւղերու յանձնում տեղի պիտի ունենայ: Իմաստակին ինքնարդարացումը այն է, որ ինք հայկական գիւղ չի յանձներ, այլ կը վերադարձնէ ազերիներուն պատկանածը: Իսկ հանրութիւնը կը մոռնայ, որ ան նոյն «տրամաբանութեամբ» գովերգեց Արցախի մաս առ մաս, միաժամանակ՝ Սիւնիքէն եւ այլ շրջաններէ պատառիկներու յանձնումը (Աղաւնոն, Բերձորն ու Քարվաճառը մանրուքներ մնացին), յետոյ, փաստւեցաւ, որ ինք բերանացի համաձայնութիւններ ունէր Ալիեւի հետ, երէկ «հայկական» դաւանածը այսօր դարձաւ «ազերիապատկան»: Ամէնէն զարմանալի՞ն: Յանձնումները Տաւուշէն վերսկսելու դիտաւորութեան մասին՝ զարմացողներուն… զարմանքն է (բառախաղ չկարծէ՜ք): Հէ՜յ ժողովուրդ, մոռցա՞ծ էք, որ մարդը ժամանակին կը խօսէր Ադրբեջանէն՝ Հայաստանի վրայով ՔԱՆԻ ՄԸ ԱՆՑՔ բանալու դիտաւորութեան մասին, զանոնք պիտի բանար օտարներու համար, եւ այդ «անցքերէն» մէկն ալ… Տաւուշի վրայով էր: Իսկ կա՞ր ժամանակ, երբ Վարդենիսէն դէպի Մարտակերտ ճամբան, ռազմագիտական կարեւորութիւն ունեցող մայրուղին կարգաւորւեցաւ եւ պաշտպանական հարցեր լուծեց (այդ ու նման ծրագիրներու իրականացման մասնակից էր նա՛եւ Սփիւռքը): Յետոյ եղաւ այն, ինչ որ կը ցանկագրւի «Արցախի եւ այլ շրջաններու համաձայնւած նւիրում» խորագիրին տակ, շնորհիւ «ազգընտի՜ր վարչապետ»-ին թուրքանպաստ քայլերուն:

***

Մեր նշածները՝ հանրութեան ուշադրութիւնը իսկական տագնապներէ շեղելու, մարդոց, նաեւ որոշ ընդդիմադիրներու քիթը՝ հիմէ զուրկ վէճերու մէջ մխրճելու նորագոյն հնարքներն են, որոնցմով կը կերտւի «քալողներուն» արդէն իսկ վեց տարեկան պատմութիւնը…:

Քա՜ւ լիցի: Մեր նպատակը ըսել չէ, որ ասոնք անկարեւոր հարցեր են, մարդիկ պէտք չէ զբաղին, յուզւին անոնցմով: Բանականութեան հրաժեշտ չտւողին համար, հայրենիքին ու ազգին ճակատագիրով մտահոգին՝ այս բոլորը էական եւ անյետաձգելի քննարկման նիւթեր են, օր առաջ լուծումներ պահանջող, մեր երկրի շահերուն համապատասխանո՛ղ լուծումներու սպասող հարցեր:

Սակայն եկէ՛ք, պահ մըն ալ մեր աչքերը տարածենք Երեւանէն ու Հայաստանի վտանգւած սահմաններէն քիչ մը անդին (առանց մոռնալու խլւած Արցախը, Բաքու տարւած գերիներն ու պատանդները…), տեսնելու՝ թէ ներքին այս ալեակներուն դիմաց, ինչպիսի՜ արհաւիրքներ կը կուտակւին նա՛եւ մեր հայրենիքին շուրջ-բոլորը, եւ ո՞վ գործնական քայլերու կը դիմէ հակակշռելու համար:

. Տագնապին օղակը «հեռաւոր» Ուկրանիայէն շատ աւելի մօտ է հիմա: Կազայի մէջ աւելի քան 6 ամիս առաջ պայթած տագնապը վերջին շաբաթներուն ստացաւ նոր խորք: Իսրայէլ, որ անցեալին իրանցի զինւրականներ սպանած է Սիրիոյ, Իրաքի եւ Լիբանանի մէջ, ուղղակի հարւած հասցուց Դամասկոսի իրանեան հիւպատոսարանին եւ… մնաց գործնապէս անարձագանգ, անպատիժ: Իրան նախ սպառնաց, յետոյ գործի անցաւ եւ հանրապետութեան պատմութեան մէջ առաջին անգամ ըլլալով՝ ուղղակի ռմբակոծեց Իսրայէլը (իմաստ չենք տեսներ վնասներուն տարողութեան մասին խօսելու մէջ. կարեւորը ակտ-ն էր): Եւ ահա միջազգային փոթորիկ փրթաւ: Արեւմտեան աշխարհը, ամերիկեան խմբավարութեամբ, վազեց Իսրայէլի պաշտպան կանգնելու, զինւորագրեց նաեւ արաբական կարգ մը երկիրներ: Կազայէն սկսած ռազմական գործողութիւններուն դէպի արեւելք, մինչեւ Կովկաս տարածման մասին հիմա աւելի՛ շօշափելի փաստերով կը խօսւի, թէեւ անմիջական պատկերը ցոյց կու տայ, թէ կացութիւնը հակակշիռի տակ պահելը քիչ թէ շատ բոլորին, նա՛եւ Իսրայէլի հաշիւներուն կը համապատասխանէ: Միւս կողմէ, սակայն, ո՞վ կրնայ երաշխաւորել, որ երէկ վառած պատռոյգը վաղը նոր բոցավառում պիտի չունենայ: Ի սկզբանէ յայտնի է, որ Իրանի դէմ լայնածիր դաւ մը կը նիւթուի տարիներէ ի վեր (չըսելու համար՝ տասնամեակներէ): Իսկ Իրանը մեր հարաւի անմիջական դրացին է: Իսրայէլ «դէտեր» ունի Ադրբեջանի վերահսկողութեան տակ գտնւող հողերու, նոյնինքն մեզմէ խլւած Արցախի մէջ (հոս ալ կայ մանրուք մը՝ Երուսաղէմի հայապատկան «պարտէզ»-ին հարցը), ուրկէ… ռուսական ուժերը սկսած են հեռանալ. Անոնց հնգամեայ պաշտօնավարութեան շրջանին աւարտէն առաջ, Արցախը Ադրբեջան դարձաւ նոյնինքն Նիկոլի «խաղաղասիրութեան» ճամբով: Յստակ է, որ Ռուսիա-Ադրբեջանի «բարեկամութիւնը» նոր զարգացում կապրի, շնորհիւ «ազգընտիր»-ին եւ անբան գործակիցներուն հնարամիտ… բացակայութեան: Իրատեսութիւնը կը թելադրէ հաշւի առնել շրջանին մէջ յոռի զարգացումներու հաւանականութիւնը (եթէ պատերազմը չծաւալի, ո՞վ դժգոհ պիտի ըլլայ): Այլ խօսքով, արհամարհելի չէ, որ Իրանը (եւ անոր ճամբով՝ անուղղակիօրէն Ռուսիան) լայն ճակատումի մը ներգրաւելու ճիգը մաս կը կազմէ այդ ծրագիրին: Հայաստան արդեօք նախազգուշական քայլերու կը դիմէ՞ (քիչ անդին…):

. Անդին, Թուրքիա, ՆԱԹՕ-ի անդամ Թուրքիան, վերջին ընտրութիւններուն զգալի նահանջ արձանագրած Էրդողանի Թուրքիան՝ Ռուսիոյ հետ նոր մերձեցում կը խաղայ, դատապարտանքի խօսքեր կարձակէ Իսրայէլի հասցէին, զայն կը մեղադրէ իբրեւ… ցեղասպան (ու Նեթանիահու յանկարծ կը յիշէ՜, թէ Թուրքիա հայերու դէմ ցեղասպանութիւն կատարած է…): Ո՞վ որու վրայ կը խնդայ, բայց մեր վրայ խնդացողները կը բազմանան:

. Եւրոպացիք ժողով կընեն եւ Իրանի դէմ նոր պատժամիջոցներ կը ցանկագրեն, միաժամանակ կը մտածեն, թէ ինչպիսի՞ զէնքեր եւ օժանդակութիւններ պիտի հասցնեն Ուկրանիա եւ Իսրայէլ: Ա՛յն Իսրայէլին՝ որուն ինքնազսպումի կոչերու «խօսքի ապուրներ» կը շնորհեն: Այսինքն, մէկ կողմէ կը թելադրեն, որ պաղեստինցիներուն հանդէպ քիչ մը մարդկային ըլլայ, սննդամթերք եւ բժշկական օգնութիւններ արտօնէ, իսկ միւս կողմէ, զէնք ու անվերապահ զօրակցութիւն կը տրամադրեն, գործնապէս ըսելով, որ «դուն գործդ շարունակէ եւ մենք ուրիշ կողմ կը նայինք, կը պահպանւինք այն դիմակով, թէ դուն միայն Համասի զինեալները կը ջարդես»: Չէ՞ որ շուրջ 35000 պաղեստինցիներու ջարդը իրողապէս նշանակութիւն չունի Իսրայէլի դաշնակիցներուն համար (չմոռնանք, որ Թուրքիա եւս անոնց շարքին է ու քննադատողի խօսքերը պարզապէս աչքերը փոշիով լեցնելու կը ծառայեն): Անոնք լաւագոյն պարագային մե՜ծ աղմուկ կը բարձրացնեն, բայց գործնապէս ոչի՛նչ կընեն, երբ տասնեակ հազարաւորներ կը ջարդւին, բազմապատիկ թիւով վիրաւորներ կիյնան, քաղաքներ կը քանդւին, մինչեւ իսկ սննդամթերք եւ օժանդակութիւն հասցնող միջազգային կազմակերպութիւններու անդամներ օր-ցերկով կը սպանւին: Իսրայէլ կը խոստովանի, թէ ոճիր գործած է, յետոյ մե՜ծ շնորհք կընէ… ներողութիւն խնդրելով, եւ այդ չքմեղանքը ընդունելի կըլլայ միականի աշխարհին կողմէ: («Ո՜վ մարդկային արդարութիւն…»):

. Մեզ մօտէն ու հեռւէն շրջապատող, վտանգաւոր, սպառնական նոր օղակներու մէջ առնող իրադարձութիւններուն խորապատկերին առջեւ (մենք ուղղակի նպատակ չենք թերեւս, այլ կրնանք կրել «կողմնակի վնաս». օտարները ունին collateral damage եզրոյթը, ուր զոհերը ընդհանրապէս շատ աւելի տուժող են, քանի յայտարարւած թիրախները), հայկական մամուլի աղբիւրներ կը հաղորդեն, որ ամերիկացի զինւորական խորհրդական մը եկած է Երեւան, եւ որոշ աղբիւրները այս քայլը կը ներկայացնեն (իբրեւ թէ) Հայաստանի կողմէ չարիք կանխելու միջոց: Մարգարէ ըլլալու պէտք չկայ, հասկնալու համար, թէ պատւիրակը ինչպիսի՜ խորհուրդներ տալու համար առաքւած է Երեւան: Եւ սա՝ օր մը ետք բացայայտ այն զգուշացումէն, որ նշմարւեցաւ Երեւանի մէջ Իրանի դեսպանին տւած մամլոյ ասուլիսին ճամբով: Նման բացայայտ կեցւածք հազւադէպ է, մինչեւ իսկ՝ աննախընթաց (եւ սա փաշինեանական «աննախընթաց»-ներուն չի նմանիր): Չենք մոռցած, որ նախապէս ալ, իրանցիք դժգոհութեամբ արձագանգած էին արեւմուտք բուրող քայլերու նկատմամբ, ինչպէս՝ եւրոպացի դէտերու տեղադրումը: Ամերիկացիին խորհուրդները հաւանաբար համահունչ են Բոլթէնի, Պըլոսիի եւ այլոց յորդորներուն, ինչպէս նաեւ Բրիտանիայէն, Ֆրանսայէն ու այլ տեղերէ հնչած «բաղձանքներուն», թէ՝ Հայաստան պէտք է հեռանայ Իրանէն, Ռուսիայէն, մտնէ Արեւմուտքի դաշտ, ուր զինք… երախաբաց կուլ տալու պատրաստ է Թուրքիան, համաթուրանական ծրագիրը կատարելութեան հասցնելու միտող Թուրքիան, Երեւանի մէջ իր գտած «խաղաղասէր» գործակատարներուն հլու կամակատրութեամբ:

***

Ներքին ու շրջանային-արտաքին այս խորապատկերին դիմաց, հանրութիւնը արդեօք պիտի բանա՞յ աչքերն ու միտքը, որպէսզի հասկնայ, թէ ընդդիմադիրները ինչո՛ւ կրկին ու կրկին կը շեշտեն օր առաջ իսկակա՛ն իշխանափոխութիւն կատարելու, երկրին ղեկը Հայաստանի եւ հայութեան շահերով առաջնորդւող վարչախումբի մը վստահելու պահանջը: Ընդդիմադիրներու այս կոչերը կը հնչեն ծայրամասերուն մէջ, կը հնչեն Երեւանի մէջ, պիտի հնչեն ամէն տեղ, պիտի հասնին նաեւ Սփիւռք (սա կը հնչէ առ նուազն «Զարթի՛ր, լաօ՛»-ի օրերէն ի վեր, աւելի քան 4 տարի):

Պէտք է օր առաջ դուրս գալ պարտադիր բթացումի այս վիճակէն: Իշխանափոխութիւն՝ պիտի նշանակէ նախեւառաջ վերջ դնել թշնամիին ԲՈԼՈՐ ՀԱՇԻՒՆԵՐՈՒՆ ԵՒ ՊԱՀԱՆՋՆԵՐՈՒՆ հլու կամակատարը եղող այս վարչախումբին գործունէութեան (իսկ հաշւետւութիւնը բնական հետեւութիւն մըն է), որմէ անդին, կայ շա՛տ աւելի դժնդակ առաքելութիւն մը՝ կանգնեցնել անյատակ վիհն իր վար անկումը, դարմանել աւելի քան հինգ տարիէ ի վեր արձանագրւած վնասները (բոլոր կալւածներուն մէջ) ու երկիրը «փաթեթային ծրագիրով» մը՝ սեփական բազուկին վստահելով, քայլ առ քայլ վերադարձնել բնական հունին:

…Միայն մէկ շաբաթ հեռու ենք Ապրիլ 24-էն, որ այլապէս մէկ այլ նահատակն է այս վարչախումբի կործանարար վարքագիծին:

 

Ս. ՄԱՀՍԷՐԷՃԵԱՆ

17 ապրիլի 2024

Առնչւող Յօդւածներ

Back to top button