Հայաստան - Արցախ

Վե՛րջ վհատումին, մանաւանդ՝ ինքնասեւեռումի՛ն

Վհատում եւ ինքնասեւեռում։

Երկու մեծ ախտեր, հիւանդութիւննե՛ր նոյնիսկ, որոնց համաճարակի վերածւելուն դէմ պէտք է պայքարիլ ի գին ամէն զոհողութեան։

Ինչի՞ մասին է խօսքը։

Խօսքը կը վերաբերի երկու ահաւոր երեւոյթներու, որոնք անհակակշիռ կընդհանրանան եւ որոնք կը սպառնան մեր գոյութեան իսկ։ Մեր՝ իբր մարդու, իբր հայու, մեր՝ իբր ազգի։

Այդ զոյգ երեւոյթներուն պատճառները ծանօթ են։

Առաջին երեւոյթին՝ վհատումին պարագային, յաջորդական պարտութիւններ, հայրենական տարածքներու, յատկապէս Արցախի նման դարաւոր հայաբնակ մեծատարած ու երկրորդ պետութեան մը վերածւած, արեա՛ն գնով նւաճւած հողամասի մը կորուստ, համաշխարհային համատարած անտարբերութիւն մեր մարդկային ու պապենական իրաւունքներու ոտնակոխումներուն դիմաց, դաշնակից կամ բարեկամ կարծւած պետութիւններու վերապահ կեցւածք ու տակաւին ազգային իշխանութեան ապիկարութիւն, անճրկում եւ գուցէ կարելի է ըսել՝ կատարեալ բացակայութիւն։

Հետեւա՞նքը։ «Կը հրաժարիմ հայութենէ» պիտի ըսէր գրողը։ Ինչո՞ւ հայ մնալ, ինչո՞ւ շարունակել զուր պայքար՝ ինքզինք պահելու, ինքնութիւն պահելու, երկիր պահելու ի խնդիր։ Ամօթի զգացում, ափսոսանք, նոյնիսկ յետադարձ ակնարկով՝ դէմ-յանդիման տարիներու, տասնամեակներու, նոյնիսկ դարերու վրայ երկարած մեր թափած մարդկային ու նիւթական բոլոր զոհողութիւններուն։ Անզօրութեա՛ն զգացում։ «Կեցուցէք դառնալը, դուրս պիտի գամ այս երկրագունդէն» պիտի ըսէր ուրիշ գրող մը։

Այս չէ՞ ի վերջոյ մեր թշնամիին կամ թշնամիներուն ալ ուզածը։ Զիջինք մեր տեղը, մեր հողը, մեր ինքնութիւնը, երթանք կորսւինք, ձուլւինք այլոց մէջ ու վերջ։

Թերեւս կը չափազանցեմ, բայց, այո՛, արագ տարածւող քաղցկեղ մըն է ասիկա, որմէ պէտք է ձերբազատիլ ա՛լ աւելի արագ՝ քանի դեռ ուշ չէ։ Բժի՛շկ, բեր նժդրակը։ Նժդրակը, որ մեր հոգիներէն կտրէ-վերցնէ վհատութեան այս զգացումը։ Միանգամա՛յն։ Բոլորի՛ս հոգիներէն։ Եւ վերադարձնէ մեզի մեր հպարտութիւնը։ Հայ ըլլալու, հայ ըլլալու իրաւունքին գիտակցութիւնը։ Եւ այդ գիտակցութեամբ ապրելու մեր կամքը։

Սա պէտք է ըլլայ մեր թիւ մէկ առաջնահերթութիւնը։ Մեր՝ մեզմէ իւրաքանչիւրին, իւրաքանչիւր հայ մարդու, ինչպէս նաեւ մեր բոլոր կազմակերպութիւններուն եւ անոնց ղեկավար մարմիններուն թիւ մէկ խնդիրը։ Ապա թէ ոչ մնացեալ ամէն ինչը կը թւի անհեթեթ, կը դառնա՛յ անհեթեթ։
Գալով երկրորդ երեւոյթին՝ ինքնասեւեռումին, որ թերեւս նոյն այդ առաջին երեւոյթին ալ հետեւանքը կամ շարունակութիւնը կրնայ հանդիսանալ, ան ալ նոյնքան վտանգաւոր է եւ է՛ մեզ անէացման առաջնորդող այլուղի մը։

Ինքնասեւեռում՝ երկու մակարդակի վրայ։ Նախ անհատական, մեր ամբողջ ուշադրութիւնն ու ջանքերը կենտրոնացնելով սեփական անելիքներուն, սեփական նպատակներուն, սեփական շահերուն, հաճոյքներուն եւ զւարճութիւններուն վրայ, անտեսելով հաւաքականը, ազգայինը, մոռնալով համայնքը, ազգը։ Ապա, հաւաքական մակարդակով՝ յառաջացնելով «մենք մեր մասին մտածենք», «մենք Սփիւռքի վրայ կենտրոնացնենք մեր ուժերը», «մենք Սփիւռքը զօրացնենք», «մոռնանք հայրենիքը»։ Եւ տակաւին՝ «մէկ սենտ չեմ տար այլեւս Հայաստանի համար», «ա՛լ կը բաւէ կթան կովի տեղ դրւինք» եւ նման արտայայտութիւններ, տրամադրութիւններ, կեցւածքներ։

Գիտենք նաեւ ասոր պատճառները՝ յատկապէս Սփիւռքը ծաղրելու, նսեմացնելու, ստորնացնելու, հայրենիքէն խզելու բոլոր ճիգերը, որ դժբախտաբար անհերքելի իրականութիւն են այսօր։

Սակայն կանդրադառնա՞նք, թէ մեզ վհատեցնելու թէ հայրենիքէն մեկուսացնելու բոլոր փորձերը նոյն նպատակը կը հետապնդեն՝ քայքայել մեր ազգային ներուժը, ջլատել ազգային-համազգային կարողականութիւնը, տկարացնել իբր մէկ ազգ գոյատեւելու մեր կամքը։

Այս իրողութիւն մըն է, որուն հետ չենք կրնար հաշտւիլ, իսկ եթէ հաշտւեցանք՝ արդէն կորսնցուցինք մեր գոյութեան իրաւունքն իսկ։

Կը մոռնա՞նք արդեօք, որ երբ «մենք» կըսենք, այդ «մենք»-ը ամբողջութիւն մըն է, որքան ալ բազմաբնոյթ, բազմաճիւղ, բազմաշերտ մասերով։ Զիրար լրացնող, իրարմով զօրացող ամբողջութիւն մը։ Այդպէս է՝ մեր պատմութեան, մեր ճակատագրին որպէս հետեւանք։

Անշուշտ զարգացնել-զօրացնել Սփիւռքը, եւ երկար է այդ ճանապարհը մեր առջեւ, բայց զօրացնել՝ միշտ հայեացքը ուղղւած Արարատին, միշտ վառ՝ «Ազատ-Անկախ-Միացեալ»-ի տեսլականը մեր աչքերուն առջեւ, մեր հոգիներուն մէջ։ Եւ գուրգուրալ, ամուր պահել այդ տեսլականը՝ զայն օր մը ի վերջոյ իրականութեան վերածելու առաքելութեամբ օծւած նշխարի պէս փոքրիկ այս հողը, ինչպէս կըսէ միւս բանաստեղծը։ Եւ քաղաքակրթութեան անկաշկանդ բերել կարենալու համար մեր ներդրումը՝ մե՛ր լեզւով, մե՛ր մշակոյթով, մե՛ր հանճարով։

Այս ալ պիտի ըլլայ թիւ մէկ առաջնահերթութիւն։ Այո, հակասական թող չթւի։ Առաջնահերթութիւն է պայքարը ընդդէմ վհատեցման, առաջնահերթութիւն է նոյնպէս պայքարը ընդդէմ ինքնամեկուսացման, ինքնասեւեռումին։

Մեր բոլոր ճիգերը իմաստ կունենան այդ պայքարի յաջող ելքէն ետք միայն։

Ով ունի ունկն՝ լուիցէ։

ՎՐԷԺ-ԱՐՄԷՆ
Horizonweekly.ca

Առնչւող Յօդւածներ

Back to top button