ԳաղափարականԴաշնակցական ԲեմՀայաստան - ԱրցախՍփիւռք

Յայտարարութիւն ՀՅԴ Աւստրալիոյ Կենտրոնական կոմիտէի

Մինչ աշխարհի տարածքին հայ ժողովուրդը մեծ շուքով նշեց Հայոց Ցեղասպամութեան 109-րդ ամեակը, հայրենի հայութեան մէկ խիզախ հատւածը գոյութենական նոր պայքար կը ծաւալէր ընդդէմ նո՛յն՝ թուրք-ադրբեջանական թշնամիին, յանուն՝ հայրենի Տաւուշի փրկութեան։

19 ապրիլին Հայաստանի իշխանութիւնները պաշտօնապէս յայատարարեցին իրենց որոշումը՝ Տաւուշի մարզի չորս սահմանամերձ գիւղեր յանձնելու Ադրբեջանին՝ անգամ մը եւս միակողմանի զիջումներու ճամբով տեղի տալով Ադրբեջանի հայակործան միտումներուն ու քաղաքականութեան։

Տաւուշի մեր խիզախ հայրենակիցները արդէն երկու շաբաթ է ոգի ի բռին կը պայքարին իրենց հայրենի հողը պահելու համար՝ կազմակերպելով ցոյցեր, փակելով ճանապարհներ եւ իրազեկման ու պայքարի կոչ յղելով համայն հայութեան։

Տաւուշցիներու ուղերձը յստակ է. Տաւուշի մարզէն միակողմանի զիջումներ կը վտանգեն ամբողջ Հայաստանի ապահովութիւնը։ Արդարեւ ռազմավարական հսկայական նշանակութիւն ունեցող այս տարածքներու յանձնումով, խոցելի կը դառնայ Հայաստանի պաշտպանութեան ամբողջ համակարգը, կը վտանգւի Հայաստանը մատակարարող հիմնական կազատարը, ինչպէս նաեւ Հայաստան-Վրաստան միջպետական մայրուղին։

Աւելի՛ն, բոլոր զարգացումները կը յուշեն, որ այս միակողմանի զիջումները պիտի խթանեն հողային նոր պահանջներ։ Արդարեւ, Ադրբեջանի նախագահ Իլհամ Ալիեւ բազմիցս պահանջած է հաստատումը այսպէս կոչւած «Զանգեզուրի միջանցք»-ին, եւ տակաւին այս շաբաթ Ադրբեջանի մէջ պաշտօնապէս հիմը դրւեցաւ «Արեւմտեան Ադրբեջան» (եզր մը որ Ադրբեջանի իշխանութիւնները կը գործածեն ներկայ Հայաստանի ամբողջ տարածքի մասին) հեռատեսիլի կայանին, որուն նպատակն է նիւթեր սփռել «գրաւեալ արեւմտեան Ադրբեջանի» մասին։

Թշնամիին յարձակողական միտումները անզիջողական են։ Եւ ուրեմն այդպէս պէտք է ըլլայ նաեւ մեր պայքարը։

Դէ՛մ ենք Հայաստանի իշխանութիւններու զիջողական, պարտւողական քաղաքականութեան։

Կը հաստատենք մեր միահամուռ զօրակցութիւնը Տաւուշի հայրենակիցներուն եւ հայրենիքի փրկութեան անոնց պայքարին։

ՀՅԴ Աւստրալիոյ Կենտրոնական կոմիտէ

4 մայիսի 2024

Առնչւող Յօդւածներ

Back to top button