Դաշնակցական ԲեմՀայաստան - Արցախ

Ազգային ուխտի վճռական հրամայականը

ԿԱՐՕ ԱՐՄԵՆԵԱՆ

 

Բագրատ Սրբազանի առաջնորդութեամբ դէպի Երեւան դիմող քայլերթը կը յորդի խանդավառութեամբ, կորովով եւ վարակիչ լաւատեսութեամբ։ Տեսանիւթերը կը վկայեն, որ ան կուռ է, ինքնավստահ, հաւատաւոր, նպատակախնդիր եւ հայրենի հողին ուժականութիւններով տոգորւած։ Սրտանց մաղթենք, որ ան նաեւ ըլլայ հարուստ Ընդդիմութեան փորձի թանկագին դասերով եւ նոր առաւելոււթեամբ օժտէ հայրենիքի ազատագրման մեր պայքարը յաջորդող օրերուն։

Բնական է, որ երբ քայլերթը մուտք գործէ Երեւան, մայրաքաղաքի քաղաքական իրականութիւնն է, որ պիտի գերիշխէ եւ այդ իրականութենէն բխող բարդ մարտահրաւէրներն են՝ որոնց պիտի բախի Բագրատ Սրբազանի գլխաւորած շարժումը եւ հոն է, որ տեղի պիտի ունենայ շարժման իսկական փորձաքննութիւնը։

Այս առումով, պայման է, որ (ա) Շարժումը պահպանէ, ամրապնդէ եւ ընդլայնէ իր համաժողովրդական խարիսխը, (բ) մնայ քաղաքականօրէն զգաստ եւ զոհ չերթայ ներքին եւ արտաքին տարաբնոյթ ուժերու եւ գործիչներու (եւ առաջին հերթին՝ փաշինեանական համակարգի) որոգայթներուն, (գ) գործէ համապարփակ ռազմավարութեամբ եւ ոչ՝ կացութիւններուն հակազդողի դիրքերէն։

Վերոյիշեալ պայմանները օրը-օրին գոհացնել կարենալու համար, Շարժումը պիտի ունենայ յստակօրէն ձեւաւորւած ղեկավար մարմին մը եւ յստակ օրակա՛րգ՝ բիւրեղացած առաջնահերթութիւններով։ Բնականօրէն, այսօր շատ բան կախւած է Բագրատ Սրբազանի դատողութիւններէն որպէս Շարժման առաջնորդի։ Կը թւի, թէ Սրբազան Հօր անմիջական խորհրդականներն են ԱԺ պատգամաւոր Գառնիկ Դանիէլեանն ու Սուրէն Պետրոսեանը։ Երկուքն ալ՝ ուշիմ եւ նուիրեալ անձնաւորութիւննե՛ր։ Այսօր, սակայն, Երեւանի բարդ միջավայրին մէջ խարսխւող Շարժումը ինքնաբերաբար պիտի ստիպուի միջավայրի քաղաքական հրամայականներուն համապատասխանող կառոյց մէջտեղ բերել, մէկ կողմէ՝ լուծելով քաղաքական արեւելումի սուր խնդիրներ եւ միւս կողմէ՝ օրը-օրին կառավարելով մարտավարական (tactical) գործողութիւններու դաշտը։ Մէկ բան յստակ է։ Շարժումը այլեւս կը գտնւի քաղաքականութեան աւազանին մէջ, ուր ան պիտի դրւի քաղաքական ընտրութիւններ ընելու փշոտ հարցերուն առջեւ։ Այդ ընտրութիւնները ընելով է միայն (ո՛չ՝ անոնցմէ խուսափելով), որ Շարժումը կրնայ ձեւաւորել մեր ազգային մեծ համախոհութիւնն ու միասնականութիւնը։ Բագրատ Սրբազանի կոչերը ժողովուրդին՝ հեռու մնալու նեղմիտ բեւեռացումներէ լիովին կը ցոլացնեն ազգին ներկայ հրամայականներու ոգին։ Առաջնորդ Սրբազան Հայրը այժմ պիտի գործէ քաղաքական ղեկավարի պատասխանատւութիւններով, եթէ կուզենք վստահ ըլլալ, որ Շարժումը հասնի իր նպատակին։

Առաւե՛լ՝ Շարժումը, որ ծնունդ առաւ Տաւուշէն ազգային հրամայականներով, այժմ մտած է համաշխարահային քաղաքականութեան թէժ ծիրերէն ներս եւ հոն է, որ ան ի վերջոյ ցոյց պիտի տայ իր «մետաղ»-ը։

Այս առումով, այս քայլերթը, իր իսկութեան մէջ, ուղղւած է վճռակամ, բազմաշերտ, լայն հնարաւորութիւններու տիրապետող թշնամիի մը դէմ, որ կեցած է փաշինեանական համակարգի թիկունքին եւ կը յաւակնի տնօրինել հայ անկախ պետականութեան ճակատագիրը։ Ան ուղղւած է, առաջին հերթին, Թուրքիոյ եւ Ադրբեջանի ֆաշիստ, խուժդուժ եւ ծաւալապաշտ պետականութեանց դէմ եւ այս վերջինները սնուցող համաշխարհային ուժերուն։

Ռուսաստանը դադրած է Հայաստանի ռազմավարական դաշնակիցը ըլլալէ։ Ռուս մեծապետական շահերու գործօնը, որ հող կը հայթայթէր Ռուսաստան-Հայաստան ռազմավարական հեռահաս սերտակցութեան, այժմ լայնօրէն ստորադասւած է Մոսկւայի տէրերու անձնական եւ խմբակային շահերուն, որոնք ընդելուզւած են Ալիեւի ֆինանսական կայսրութեան։ Մոսկւայի տէրերը այսօր գործընկերային սերտ յարաբերութեան մէջ են Ալիեւի հետ։ Շնորհիւ Ալիեւի քաղաքականութեան, Ադրբեջանի ռազմանիւթային ծաւալուն գնումները Ռուսաստանէն գործնականօրէն Մոսկւան կը դնեն կարեւոր գործընկերոջ դիրքին մէջ եւ Ալիեւին կու տան առանձնաշնորհեալ կարգավիճակ Մոսկւայի մէջ։ Այս դաշինքն է, որ հնարաւոր դարձուց 44-օրեայ Պատերազմը եւ Ալիեւի յաղթանակը այդ պատերազմին մէջ։ Ան հնարաւոր դարձուց հայկական զինուժի լուծարումը եւ մեր ժողովուրդի բարոյալքումը։ Արցախի հայաթափումը եւ Ադրբեջանի յառաջխաղացքը մեր հայրենի հողերէն ներս՝ որ դեռ կը շարունակւի։ Ալիեւ կրցաւ «գնել» այս բոլորը Մոսկւայէն ճակատագրական հարւած տալով Կովկասի հաւասարակշռութեան եւ էապէս վերջ դնելով Հիւսիս-Հարաւ Ռուսաստան-Հայաստան-Իրան Առանցքին։

Աշխարհակարգի հակադիր կողմը Արեւմուտքն է եւ ՆԱԹՕ-ն, որոնց գլխաւոր առաջնահերթութիւններն են Կովկասի մէջ ՝ (ա) Ռուսաստանի չէզոքացումը եւ (բ) Իրանի շրջափակումը։ Պարզ է, որ այս օրակարգի իրագործման համար, Հայաստանը վճռական ոչինչ ունի տալիք։ Փոխարէնը՝ Արեւմուտքի ղեկավար ուժերը ունին երկու հզօր դաշնակիցներ՝ յանձինս ՆԱՏՕ-ի մէջ տիրապետող ներկայութիւն ունեցող Թուրքիոյ եւ իր յուսալիութեան (credibility) փորձաքննութիւնը փայլուն անցուցած` Ադրբեջանի, որոնք, իրենց կարգին, կը հետապնդեն Հայաստանը լուծարելու բացայայտ քաղաքականութիւն։ Պարզ է նաեւ, որ ԱՄՆ եւ Արեւմուտքը մեծ ակնկալութիւններ կապած են Թուրքիոյ (եւ անշուշտ Ադրբեջանի) Ռուսաստանի եւ Իրանի կնճռոտ հարցերու կապակցութեամբ եւ բնականաբար պատրաստ են (մեր հաշւոյն) լուրջ համաձայնութիւններու (բացայայտ կամ լռելեայն) իրենց օրակարգը առաջ տանելու համար։ Հետեւաբար Հայաստանի անվտանգային հարցերու հանգուցալուծման մէջ Արեւմուտքի շահերը էապէս բախման մէջ են Հայաստանի շահերուն հետ։ Յամենայն դէպս Հայաստանի շահերը ստորադասուած են թէ՛ Արեւմուտքի, եւ թէ՛ թուրքեւադրբեջանական բեւեռի շահերուն։ Եւ փաշինեանական համակարգը ճիշտ այն գործօնն է, որուն սուր կարիքը ունի Արեւմուտքի ղեկավարութիւնը Կովկասի մէջ։

Պէտք է ենթադրել, որ Արեւմուտքի ռազմագէտները կուզեն ունենալ տկար, բարոյալքւած, պառակտւած եւ թուլակամ Հայաստան մը իրենց ափսէին վրայ։ Հայաստա՛ն մը՝ զոր կրնան «սփոփել» ողորմութիւններով եւ որ կը մնայ լիովին կառավարելի իրենց «գործընկեր»՝ փաշինեանական համակարգին կողմէ։ Եւ Հայաստա՛ն մը՝ որ կրնայ հեշտօրէն ընդունիլ իր քաղաքական ինքնասպանութիւնը կամաւորապէս լքելով իր պատմական յիշողութիւնը, իր անհատականութիւնը, իր արժանապատւութիւնը։ Կայսերական այս մեծ գործարքին համար՝ Արեւմուտքը կը թուի գտած ըլլալ իր իտէալ գործավարը։

Այս բոլորէն կը հետեւի, որ Հայաստանը չունի եւ չի կրնար ունենալ ռազմավարական դաշնակից որքան ատեն որ փաշինեանական համակարգը ամուր կառչած կը մնայ իշխանութեան դիրքերուն։ Այսինքն՝ որքան ատեն որ Ընդդիմութիւնը չի յաջողիր վտարել այս համակարգը իշխանութեան դիրքերէն։ Նաեւ՝ որքան ատեն որ ազգին որոշիչ զանգւածը (critical mass) ինքզինք կը պահէ կրաւորական մեր ազգային ճգնաժամին դէմ յանդիման։

Շան գլուխը, սիրելիներ, թաղւած է հոս։ Բագրատ Սրբազանին կողմէ առաջնորդւող շարժումը դատապարտւած է նախորդ ընդդիմութեան ճակատագրին, եթէ ՀՀ քաղաքացիները փախուստ տան իրենց քաղաքական պարտաւորութիւններէն։ Բագրատ Սրբազանի գլխաւորած շարժումը փուլ բերողը կրնայ միայն ըլլալ Հայաստանի Հանրապետութեան քաղաքացին, եթէ ան մերժէ յայտնւիլ այսօր հայրենիքի ազատագրութեան պատնէշներուն վրայ։ Այն ինչ, որ ունինք այս պահուն, վերջին պատեհութիւնն է ազգը իր ահռելի տիղմէն դուրս հանելու եւ փրկելու մեր հայրենի պետականութիւնը։

Այսօր հնչեց այն միտքը, որ Շարժման նպատակն է կասեցնել սահմանազատման եւ սահմանագծման «բանակցութիւն»-ներու կեղծ գործընթացը առաջին հերթին սառեցնելով Տաւուշի չորս գիւղերը թշնամիին յանձնելու չարաշուք ծրագիրը։ Կասկած չկայ, որ այդ քայլը վճռական նշանակութիւն ունի այսօր մեր երկրին համար։ Բայց գործը չի կրնար կանգ առնել հոտ։ ՇԱՐԺՄԱՆ ՆՊԱՏԱԿԸ ՊԻՏԻ ԸԼԼԱՅ ԱՐՄԱՏԱԿԱՆ ԼՈՒԾԱՐՈՒՄԸ ՓԱՇԻՆԵԱՆԱԿԱՆ ՀԱՄԱԿԱՐԳԻՆ։ ՎԻՇԻԱԿԱՆ ԿԱՄԱԿԱՏԱՐ ԵՒ ՅԱՆՑԱԳՈՐԾ ԱՅՍ ԻՇԽԱՆՈՒԹԻՒՆԸ ՊԻՏԻ ՎԵՐՋՆԱԿԱՆՕՐԷՆ ԴՈՒՐՍ ԴՐՒԻ ՄԵՐ ԵՐԿՐԻ ՔԱՂԱՔԱԿԱՆ ԲԵՄԷՆ, ՈՐՊԷՍԶԻ ԱԶԳԸ ԿԱՐՈՂԱՆԱՅ ՎԵՐՍՏԻՆ ԿԵՐՏԵԼ ԼԾԱԿԱՅԻՆ ԿԱՐՈՂԱԿԱՆՈՒԹԻՒՆՆԵՐՈՒ (leverage) ԻՐ ԿԵՆՍԱԿԱՆ ԶԻՆԱՐԱՆԸ։

Շարժման ղեկավարութիւնը ՊԻՏԻ գտնւի մեծ փորձութիւններու առջեւ յառաջիկայ օրերուն։ Կարելի է նոյնիսկ պատկերացնել, որ Փաշինեան՝ ի՛նք խորամանկօրէն փորձէ շրջել խաղաքարտերը եւ ժամանակաւորապէս «սառեցնել» սահմանազատման գործընթացը ջանալով կոտրել Շարժման թափը եւ Օրմանեան պատրիարքի յայտնի ասոյթով՝ «հարցը հինցնե՛լ»… Նմանօրինակ սադրանքներու բոյն է տարածաշրջանը եւ պատճառ չկայ կարծելու, որ տարբեր է ըլլալու Հայաստանի ներքին քաղաքական բեմը։ Հայրենիքի ազատագրման գործը ներկայիս լայն չափերով կախեալ է երկրի որոշիչ զանգւածէն առանց որուն Շարժումը դատապարտւած է ձախողութեան։ Յաջորդող օրերուն, փաշինեանական համակարգի նպատակը պիտի ըլլայ արգիլել կազմութիւնը համաժողովրդական այդ լայն խարիսխին։ Իսկ գոյանալու պարագային՝ զայն ներսէն պառակտել։

ԿԱՆԽԵԼՈՒ ՀԱՄԱՐ ՓԱՇԻՆԵԱՆԱԿԱՆ ՀԱՄԱԿԱՐԳԻ ԵՒ ԱՅՍ ՎԵՐՋԻՆԻ ԱՐՏԱՔԻՆ ՀՈՎԱՆԱՒՈՐՆԵՐՈՒ ՆՄԱՆԱՏԻՊ ՄԵՔԵՆԱՅՈՒԹԻՒՆՆԵՐԸ՝ ՊԱՅՄԱՆ Է, ՈՐ ՇԱՐԺՈՒՄԸ ԱՆՅԱՊԱՂ ՃԱՄԲԱՅ ՀԱՆԷ ՔԱՂԱՔԱԿԱՆ ՈՒԺԵՐՈՒ ԱՄԵՆԱԼԱՅՆ ԶՕՐԱՇԱՐԺԸ ԱՆԿԱՐԵԼԻՈՒԹԵԱՆ ՄԱՏՆԵԼՈՎ ԻՇԽԱՆՈՒԹԵԱՆ ՍՏԵՂԾԱԾ ՈՍՏԻԿԱՆՈՒԹԵԱՆ ԽՈՒԺԴՈՒԺ ՄԻՋԱՄՏՈՒԹԻՒՆԸ։

ՊԱՏՄԱԿԱՆ ՊԱՀԸ ՆԱԵՒ ԿԸ ՊԱՀԱՆՋԷ, ՈՐ ՇԱՐԺՄԱՆ ԱՌԱՆՑՔԻՆ ՇՈՒՐՋ ՁԵՒԱՒՈՐՒԻ ՔԱՂԱՔԱԿԱՆ ՈՒԺԵՐՈՒ ԱՆՆԱԽԱԸՆԹԱՑ ՀԱՄԱԽՄԲՈՒՄ ՄԸ ԾՆՈՒՆԴ ՏԱԼՈՎ ԱԶԳԱՅԻՆ ՈՒԽՏԱԳՐԻՆ (national pact), ՈՐ ՊԻՏԻ ՀԱՐԱԶԱՏԱԳՐԷ ՇԱՐԺՈՒՄԸ ԸՆԴԴԷՄ ՓԱՇԻՆԵԱՆԱԿԱՆ ՍՈՒՏ ՀԱՄԱԿԱՐԳԻՆ ԵՒ ԸՆԴԴԷՄ ԹՇՆԱՄԻԻՆ ԵՒ ՀՀ ԱՆԿԱԽՈՒԹԵԱՆ ՀՌՉԱԿԱԳՐԻՆ ՀԵՏ ՄԻԱՍԻՆ ՀԻՄ ՀԱՆԴԻՍԱՆԱՅ ՀՀ ՆՈՐ ՍԱՀՄԱՆԱԴՐՈՒԹԵԱՆ։

Կը կրկնեմ. պատմական այս գործընթացին առաջին վճռորոշ հանգրւանը փաշինեանական իշխանութեան ամբողջական լուծարումն է։ Ան պէտք է լուծարւի ՕՐԵՐՈՒ եւ թերեւս ժամերու ընթացքին։ Ան պէտք է լուծարւի ամէն գնով եւ ՀԻՄԱ։ Ժամանակի բոլոր լուսանցքները սպառած են վաղուց եւ պատմութիւնը արդէն կը քալէ մեր վրայէն։

Մայիսի 5, 2024

Առնչւող Յօդւածներ

Back to top button