Հայ ԴատՍփիւռք

Հայոց Ցեղասպանութեան նւիրւած յուշարձան պիտի կանգնի Փիրէայի մէջ

ՀՅԴ Գոքինիոյ «Վարանդեան» կոմիտէի ջանքերով եւ Հայ Դատի յանձնախումբի օժանդակութեամբ, Փիրէայի քաղաքապետական խորհուրդը որոշեց յատուկ յուշակոթող մը կանգնեցնել Փիրէայի կենտրոնին մէջ, յարգելու համար յիշատակը Հայոց Ցեղասպանութեան անհամար զոհերուն, միաժամանակ երախտագիտութիւն յայտնելով Փիրէայի եւ շրջակայքին մէջ ապրող հայութեան։

Երկուշաբթի, փետրւարի 26-ի երեկոյեան, Փիրէայի քաղաքապետական շէնքին մէջ, քաղաքապետական խորհուրդը իր նիստը գումարեց, որու օրակարգերու շարքին ներառնւած էր նաեւ յուշակոթողի հարցը։ Նշենք, որ անցնող ժամանակաշրջանին, հայկական կողմի նախաձեռնութեամբ, տեղի ունեցան հանդիպումներ եւ առաջարկի ներկայացումը, իսկ հայասէր քաղաքապետ Եաննիս Մորալիս ջերմօրէն ընդառաջեց յուշարձանի զետեղման քաղաքի ծանօթ հրապարակներէն մէկուն վրայ։

Քաղաքապետական խորհուրդի նիստին ընթացքին բոլոր խօսք առնողները իրենց հաւանութիւնը տւին հայութեան առաջարկին, ապա որոշումը կայացաւ միաձայնութեամբ։

Նիստին ներկայ եղաւ նաեւ «Վարանդեան» կոմիտէի պատւիրակութիւն մը, որ մօտէն հետեւեցաւ օրակարգի քննութեան, ապա անոր ներկայացուցիչը խօսք առնելով անդրադարձաւ հայ եւ յոյն դարաւոր կապերուն, Փիրէայի, Լիբազմայի եւ Գոքինիոյ մէջ հաստատւած ստւար հայութեան ու անոր պատմութեան, ինչպէս նաեւ տասնամեակներուն ընթացքին հայ տարրի ներդրումին քաղաքի բարգաւաճման։ Նաեւ, ան շնորհակալութիւն յայտնեց քաղաքապետին եւ խորհուրդին, որոնք ընդառաջելով դիմումին, հաւաքաբար եւ միաձայնութեամբ որոշեցին կարեւոր յուշակոթողի զետեղումը քաղաքի ծանօթ ու բանուկ վայրերէն մէկուն մէջ։

Նշենք, որ մօտ 20 տարի առաջ, դարձեալ ՀՅԴ Կոմիտէի ջանքերով եւ Փիրէայի քաղաքապետարանի իրագործումով Գոքինիոյ հայաշատ շրջանի հրապարակին վրայ կանգնած էր Կոմիտաս վարդապետի կիսանդրին, որ դժբախտաբար բաւական տարիներ յետոյ գողցւեցաւ անծանօթներու կողմէ:

Arfd.am

Առնչւող Յօդւածներ

Back to top button