ՍփիւռքՔաղաքական

«Էլիզէ»-ի ժեստը եւ թելադրանքը

Անցած տասնօրեայ մեր արձակուրդը շատ հետաքրքրական իրադարձութիւններու շրջան մը եղաւ, որոնց օրը օրին անդրադառնալու հնարաւորութիւնը չունեցանք։

Ներկայիս լուսարձակի տակ պիտի բերենք Միսաք Մանուշեանի եւ կողակցին վերայուղարկաւորումը Ֆրանսիայի մեծամեծերու Պանթէոնին մէջ, եւ անոր իմաստը, պատգամը ուրիշներու։

Ինչ խօսք, մեր պաշտօնակիցներէն «Ազդակ» եւ այլք լայնօրէն անդրադարձան իրադարձութեան, թէ՛ պատահելէն առաջ, թէ՛ անկէ ետք։ Մենք պիտի փորձենք տարբեր դիտանկիւնէ ընկալել նոյն իրադարձութիւնը, որուն մեր պաշտօնակիցները չեն ուզած անդրադառնալ, թերեւս պատշաճ չեն գտած։

Առաջին հերթին, ֆրանսական պետութեան այս ժեստը ուղղւած էր ֆրանսական լսարանին, բայց ճիշտ ո՛ր իմաստով։ Մանուշեանը խորհրդանիշերու մեծ կոյտ մը կը մարմնաւորէ՝ Հայոց Ցեղասպանութենէն գաղթականութիւն, քաղաքացիական յանձնառութենէն մինչեւ իրաւունքներու զլացում եւ այլն։ Այս ամբողջ տեւողութեան, մեր ականջներուն տակ ֆրանս-հայկական բարեկամութիւնը ջատագովող համանւագ հնչեց։ Բայց եթէ հայկական կողմէն ատիկա անկեղծ եղաւ, արդեօք ֆրանսական կողմը հայոց անարատ գինիին ջուր չխառնե՞ց։ Խառնե՛ց…

Կիլիկիոյ աղէտը՝ պարպումը, ճիշտ Արցախի նման, թուրք-ֆրանսական մեծապետական համաձայնութեամբ իրականացաւ։ Կուզենք հաւատալ, որ Մանուշեանին եւ անոր ընդմէջէն հայ ժողովուրդին եղած խոնարհումը իր ծալքերուն մէջ կը կրէ աւելի քան հարիւրամեակ մը առաջ նոյն պետութեան մեղքին ապաշխարանքը։

Պատգամներու երկրորդ կարեւոր ուղղութիւնը Ռուսիան է, աւելի որոշ՝ Կրեմլը։ Նոյնպէս մեծապետական նեղ հաշիւներով հայութեան արիւնը եւ աւիշը քամած կայսրութիւն մը, որուն դաշնակցայնութիւնը հիւանդկախ փորձ մըն է 21-րդ դարուն մարսելու նախորդ դարերու նւաճումները։ Կրեմլը մեզի համար չի նոյնանար Ռուսիոյ հետ, հետեւաբար՝ պատգամը Ռուսիոյ տիրոջ՝ Կրեմլի կուղղւի։

Եթէ Ֆրանսիա Մանուշեանի մէջ խտացուց ամբողջ դարու մը երկայնքին հայութեան այլազան նպաստներուն իր երախտագիտութիւնը, Կրեմլ հազար անգամ աւելի պատճառ պիտի ունենար իւրաքանչիւրը առանձին նշելու։ Բայց հասարակարգերը տարբեր եղած են ու կը մնան։ Ֆրանսիա ժողովրդավարական երկիր է, բաւականին ապակենտրոն վարչամեքենայով, մինչ Ռուսիա ղեկավարւած է եւ կը ղեկավարւի խիստ կենտրոնաձիգ համակարգով, որուն գլուխը՝ ցարէն, կոմկուսի առաջին քարտուղարէն, ներկայիս՝ պետութեան նախագահէն աւելիին չի բաւեր։ Հետեւաբար՝ խորհրդարան, ծերակոյտ, տեղական ինքնակառավարման մարմիններ մեծ հաշւով ձեւական բնոյթ ունին։ Ասկէ առաջ առիթ ունեցած ենք ըսելու՝ Կրեմլ արգիլեց ու կարգիլէ, որ Ռուսիա աւելի մարդկային դիմագիծ ստանայ եւ այլոց գրաւիչ դառնայ։

Եթէ «Էլիզէ»-ի պալատին մէջ կը խորհին, որ Հայոց Դատին պաշտպան կանգնելով մարդկութեան յառաջդիմութեան կը նպաստեն, ինչպէս ժամանակին ըսած է եւրոպացի տեսաբան-գործիչ մը, Կրեմլի եւ շուրջը խմբւած մարդիկ տարբեր ձեւով կը խորհին մինչեւ այսօր. բիրտ ուժի վրայ հիմնւած այլամերժ քաղաքականութիւնն այլընտրանք չունի անոնց համար։ 21-րդ դարուն մարտնչող բռնակալութիւններու վէմը…

Եթէ պահ մը խորհինք, որ ֆրանսիացիները ջուր կը ծեծեն, այսինքն ապարդիւն գործի լծւած են հայոց արժէքները մեծարելով ու իրաւունքներուն մասին խօսելով, չենք կրնար անտեսել, որ թուրքական ամբողջ խաժամուժին մէջ բարձր եւ արձագանգող է Փարիզի ձայնը, իսկ մնացածն արդէն մեր գործն է՝ եթէ ստանձնենք…

Կրեմլը՝ ինչպէս քիչ վեր ըսինք, մինչեւ վերջ քամեց հայոց արիւնն ու աւիշը, մարդկութեան կենսատու նիւթը եւ դեռ ախորժակ կը պահէ։ Ըսած ենք՝ հայոց թերութիւնն է այդքան տրւիլն անուղղայ կայսրութեան եւ անխոնջ ծառայութիւնը անոր հզօրացման։ Հակառակի ակնկալութիւնը՝ Կրեմլէն ժեստը, կարգելափակէ դեռ չյագեցած ինքնահաստատւելու կիրքը։ Կը թւի, Կրեմլ այնքան ինքնավստահութիւն չունի, որ գնահատէ իր հպատակին (ո՛չ քաղաքացիին, որ իրաւունքներ ունի, այլ հպատա՛կ, որ ճորտ է, թէկուզ այդ անունը չի տրւիր այսօր)։ Եւ զարմանալին այն է, որ Կրեմլի հետ հայոց մօտ չորս դարու փորձառութիւնը չեզրափակւիր ինքնագիտակցութեան զարթօնքով եւ ճորտային դիրքէն դուրս գալու սլացքով։ Տասնիններորդ դարու մեր յեղափոխութիւնը թէեւ փորձեց լուսաւորել հայոց մտքերը եւ մերկացուց կայսրութեան հայահալած էութիւնը, սակայն այդ լուսաւորչական աշխատանքը չհասաւ պսակելու հարկաւոր առարկայական միջոցներով։

Կրեմլը պէ՛տք է պատասխանէ «Էլիզէ»-ին եւ գտնէ իր հայ տիպարը, խորքով արժեւորէ զայն։ Անո՞ւն կը պակսի. եթէ յուշելու ըլլանք, կայսրութեան անմնացորդ ծառայած թերեւս միլիոնաւոր հայոց նպաստը տարբեր երեսներով կը խտացնէ Լորիս Մելիքովը, որ 19-րդ դարուն փորձեց կայսրութեան դիմագիծը փոխել, վերանորոգել զայն եւ թերեւս խնայել հետագայ արհաւիրքները՝ յեղափոխութիւններ եւ ներքին պատերազմ, արեւելքի մէջ կրկնօրինակել բրիտանական սահմանադրական թագաւորութեան մոդելը, որ մինչեւ այսօր՝ թէկուզ կաղն ի կաղ, կը յարատեւէ։

Յոյս ունի՞նք, որ նման ժեստի ընդունակ են Կրեմլի բնակիչները եւ իրենց շուրջ սպասաւորողները։ Իրականութեան մէջ 90 եւ աւելի տոկոսով այսօր անյոյս է նման ակնկալութիւնը։ Մուրացիկը երբեք չեն արժեւորեր։ Իսկ մենք Կրեմլի դռան մուրացիկները մնացած ենք, որովհետեւ ատ աւելի հեշտ է. մուրա՜լ։ Եւ որմէ՞ մուրալ. քու դահիճներուն ձեռքերը արձակողէն։

Այն օրը, որ մենք դադրինք մուրացկանութենէ, կախեալութենէ, կամք ցուցաբերենք ոչ թէ խօսքով ինքնուրոյն դառնալու, այն ատեն հաստատ բան մը պիտի փոխւի։

Վերջապէս, Կրեմլ այսօր Իրանի չափ ալ չկայ, որ կարենայ գնահատել իրեն անկեղծօրէն ծառայած հայերը։ Ժամանակ մը առաջ Թեհրան մեծարեց Եփրեմ Խանը. Եփրեմ Դաւթեան, անցած դարասկիզբի պարսկական սահմանադրական շարժման յաղթանակը կերտած հայ յեղափոխականը։ Իրան շնորհակալ եղաւ, մեծութիւն ցուցաբերեց, որուն ցարդ չի մատչիր Կրեմլը իր անծայրածիր հողերով եւ պաշարներով։

Կրեմլը պարտաւո՛ր է վերանայիլ իր ընթացքը եւ հաշտւիլ հայութեան հետ, առանց ստիպողութեան, առանց սպառնալիքներու, առանց անկապ քարոզչական նախադասութիւններու…

Այլեւս կշտացանք Կրեմլի սոփեստութիւններէն, կը սպասենք արիութիւն, իմաստութիւն, հեռատեսութիւն։

ԶԱՒԷՆ ԼԻՅԼՈԶԵԱՆ

Առնչւող Յօդւածներ

Back to top button