Հայաստան - ԱրցախՍփիւռք

Սինանեանի նկարագրին յատուկ խեղաթիւրումը

Վերջերս այսպէս կոչւած Սփիւռքի յանձնակատար Սինանեանի գրասենեակը լուր մը տարածած է, թէ իբր Աւստրալիոյ մէջ իրեն հանդիպած են ՀՅԴ Կենտրոնական Կոմիտէի եւ ուղեկից միութիւններու ներկայացուցիչներ եւ քննարկած են Հայաստանին վերաբերող հարցեր:

Այո, փետրւարի 10-ին հանդիպած են, բայց հանդիպման նպատակը եղած է իրենց բողոքի ձայնը բանաւոր եւ գրաւոր իրեն եւ իր մաս կազմած իշխանութեան յղելը:

Ստորեւ գրաւոր նամակին բովանդակութիւնը․

ՀՅԴ Աւստրալիոյ եւ անոր ուղեկից կազմակերպութիւնները

  • Խստագոյնս կը դատապարտեն ՀՀ կառավարութեան քաղաքականութիւնը, որ վտանգեց Արցախի անկախ պետականութիւնը եւ Արցախի ժողովուրդի՝ իր պապենական հայրենիքին մէջ ապահով ապրելու մարդու հիմնարար իրաւունքները։
  • Կը հաստատեն, որ Նիկոլ Փաշինեանը եւ անոր կառավարութիւնը բացարձակապէս ձախողած են ՀՀ տարածքային ամբողջականութիւնը եւ սահմաններու անձեռնմխելիութիւնը պահպանելու եւ պաշտպանելու իրենց ամենակարեւոր պարտականութիւնը։ Հակառակ Հայաստանի եւ հայ ժողովուրդի նկատմամբ Ադրբեջանի շարունակական յարձակումներուն, անոնք դեռ կը շարունակեն կառչած մնալ իշխանութեան եւ առաջ մղել «խաղաղութեան պայմանագիր»-ի օրակարգը։
  • Կը դատապարտեն ՀՀ կառավարութեան՝ Ադրբեջանի կողմէ կալանաւորւած հայ ռազմագերիներու ազատ արձակման եւ վերադարձի գծով ձախողումը։
  • Կը դատապարտեն Հայաստանի կառավարութեան շարունակական ջանքերը՝ խարխլելու եւ խոչընդոտելու Արցախի իշխանութիւններուն գործունէութիւնը Հայաստանի մէջ։
  • Կը պնդեն, որ Փաշինեանի կառավարութեան շարունակական յարձակումները Հայոց եկեղեցու եւ բանակի վրայ՝ երկու կարեւոր կառոյցներու, որոնք կը պաշտպանեն մեր ինքնութիւնն ու մշակոյթը Հայաստանի մէջ, խարխլելով պատերազմական վիճակի մէջ գտնւող Հայաստանի ազգային հիմքերը եւ, ի վերջոյ, կը վտանգեն Հայաստանի պետականութիւնը։
  • Կընդգծեն, որ մեր պատմական եւ մշակութային խորհրդանիշերը, ինչպիսիք են Հայաստանի Հանրապետութեան զինանշանը, մեր պետական օրհներգը եւ Արարատ լեռը, կը կազմեն մեր հայկական ինքնութեան էութիւնը Հայաստանի եւ ամբողջ աշխարհի մէջ, եւ կը մերժեն այս խորհրդանիշերը մեր մշակոյթէն եւ ինքնութենէն ջնջելու բոլոր փորձերը։
  • Կը դատապարտեն Հայաստանի կառավարութեան որոշումը՝ արգիլելու ՀՅԴ շարք մը առաջնորդներու եւ երիտասարդ գործիչներու մուտքը Հայաստան։ Անոնք կընդգծեն, որ իշխող կառավարութեան եւ հայոց պետականութեան միջեւ կայ էական տարբերութիւն եւ կը պնդեն, որ ՀՅԴ-ն պիտի շարունակէ ի գործ դնել Հայաստանի իշխանութեան քայլերը քննադատելու իր իրաւունքն ու պարտականութիւնը, որոնք կը հակասեն մեր ազգային շահերուն եւ կը վտանգեն մեր պետականութիւնը։
  • Կը դատապարտեն ուժի անհամաչափ կիրառումը եւ ոստիկանական դաժանութիւնը հայ ցուցարարներու նկատմամբ, որոնք վերջին երեք տարիներուն ընթացքին, բողոքի շարժումներուն ժամանակ կօգտագործեն իրենց ժողովրդավարական իրաւունքը՝ արտայայտելով իրենց զայրոյթը ընդդէմ Արցախի վերաբերեալ Հայաստանի կառավարութեան վարած քաղաքականութեան։
  • Աւստրալահայերու անունով, որոնք 2020 թւականի Արցախեան պատերազմի ժամանակ բարեխղճօրէն նւիրաբերած են «Հայաստան» Համահայկական հիմնադրամին, կը պահանջեն, որ Փաշինեանի կառավարութեան կողմէ իւրացւած բոլոր միջոցները պէտք է ամբողջութեամբ վերադարձւին «Հայաստան» Համահայկական հիմնադրամին եւ տրամադրւին իրենց բուն նպատակին՝ Հայաստանի եւ Արցախի հայութեան։

Այս կէտերը շեշտւեցան յանձնակատարի հետ հանդիպման ժամանակ։

Հանդիպման մասնակիցները վերահաստատեցին նաեւ, որ հայկական պետականութիւնը, Հայաստանի տարածքային ամբողջականութիւնը եւ Արցախի հայկական ինքնութիւնը անսակարկելի կը մնան ՀՅԴ Աւստրալիոյ, անոր քոյր կազմակերպութիւններու եւ աւստրալահայութեան համար, որոնք ինչպէս միշտ պատրաստ են աջակցելու Հայաստանին, Արցախին եւ մեր ժողովրդին։

Yerakouyn.com

Առնչւող Յօդւածներ

Back to top button