ՀՅԴ ՄամուլՍփիւռք

Սփիւռքի վերակազմակերպման եւ սփիւռք-հայրենիք յարաբերութիւններու վերասահմանման գծով կարգ մը դիտարկումներ

«Իւրաքանչիւր գաղութ պէտք է ոտքի կանգնի ինքն իր մէջ, ինքն իրեն համար նախ, սակայն միշտ նկատի ունենալով հայութեան ամբողջութիւնը եւ այդ ամբողջութեան ոգեկան կենտրոնը»

Դոկտ. Բաբգէն Փափազեան

Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոս Արամ Ա Վեհափառ 2023 թւականի սեմին, տարեշրջանը հռչակեց «Սփիւռքի տարի», իր հայրապետական պատգամին մէջ շեշտադրումը դնելով ինքնաքննութենէ՝ վերակազմակերպում հասկացութեան վրայ։ 2023 թւականի մօտալուտ աւարտին, հայ ժողովուրդը կը գտնւի համընդհանուր տաժանքի սեմին, երբ ազգովին կը վերապրինք եղեռնագործութեան արհաւիրքը, երբ ականատեսներն ենք Արցախի պետութեան կործանման ու խորտակման։ Նման կացութեան մէջ, Սփիւռքը իսկապէս կարիքը ունի վերարժեւորելու իր հեռակայ նպատակներն ու կարողականութիւնները։

Ի՞նչ է Սփիւռքի գերակայ նպատակը։ Վերադարձ պատմական հայրենի բնօրրա՞ն, հայրենադարձութի՞ւն, հայապահպանութի՞ւն, հայրենատիրութի՞ւն։ Սփիւռքը ունեցած է սկիզբ, որ արդիւնք է 1915 թւականի թուրքական պետութեան կողմէ հայկական բարձրաւանդակին մէջ բնիկ հայ ժողովուրդին դէմ գործադրւած ցեղասպանութեան։ Հետագայ հանգրւանին, Սփիւռքը կրնայ ունենալ նաեւ վախճանաբանութիւն։ Բայց մինչ այդ, Սփիւռքը գոյ է եւ ներկայութիւն է հայոց պատմութեան այս ճակատագրորոշ հանգրւանին։ Սփիւռքը ինքնանպատակ չէ եւ ոչ ալ ճակատագրապաշտութեան ենթակայ հաւաքականութիւն։ Յստակ է նաեւ, որ հայրենատիրութեան իր չափաբաժինը արդիւնաւէտօրէն ներդնելու համար՝ նախապայման է ունենալ հզօր ու կազմակերպւած Սփիւռք։

Այսօր, միջազգային աշխարհաքաղաքականութեան յարափոփոխ ընթացքին մէջ, պատերազմի թէ խաղաղութեան պահերուն, մարդկութեան եւ ազգային հաւաքականութիւններու հիմնարար ուղղորդիչը կը հանդիսանայ գիտարւեստը։ Հայ Սփիւռքը գիտարւեստի բնագաւառէն ներս ունի տասնամեակներու փորձառութիւն եւ Սփիւռքի յանձնառութիւնը պիտի դառնայ գիտարւեստի իր ողջ ներուժը ի սպաս դնել հայրենիքին, տարածաշրջանին մէջ Հայաստանը վերածելով տեղեկագիտութեան եւ գիտարւեստի արդիւնաբերութեան ազդեցիկ ու յառաջատար կենտրոնի, որ իր անուրանալի նպաստը պիտի բերէ նաեւ հայրենիքի անվտանգութեան գործին։

Սփիւռքի հայրենիքին մատուցած աւանդական օժանդակութեան ծրագիրներուն՝ ճանապարհաշինութեան եւ կամ դպրոցաշինութեան կողքին, այսօր աւելի քան երբեք առաջնահերթ են գիտարւեստի կենտրոններու հիմնադրման, տիեզերական հետազօտութիւններու, արհեստական բանականութեան եւ գիտական այլ նորարարութիւններու ուղղւած զարգացման ծրագրերը։ Այս առումով, առաջիկայ տարիներուն, Հայաստան-Սփիւռք գործակցութեան զարգացման համակարգւած քաղաքականութեան գլխաւոր բաղադրիչը պէտք է որպէս հիմնախարիսխ ունենայ գիտարւեստի ոլորտի համագործակցութիւնը։ Սփիւռքի հայկական մասնագիտական ներուժի յայտնաբերման ու համախմբման ուղղւած ճիգերը ու այդ վիթխարի գիտական ներուժի ներգրաւումը Հայաստանի արհեստագիտութեան զարգացման գործընթացին մէջ, այսօր առաջնահերթութիւն պէտք է դառնայ։

Ինչ կը վերաբերի Սփիւռքի ներքին ինքնակազմակերպման հարցերուն, առաջին հերթին անհրաժեշտ է հետազօտական ծրագիրով մը եւ կամ Համասփիւռքեան խորհրդաժողովով մը քննարկման բովէ անցընել եւ չափակշռել, թէ անցնող կէս դարուն ի՞նչ էր սփիւռքահայութեան ընդհանուր իրավիճակը, քաջատեղեակ ըլլալով այն իրողութեան, որ իւրաքանչիւր սփիւռքահայ գաղութ սկիզբ առած եւ հիմնադրւած է քաղաքակրթական տարբեր աշխարհագրական տարածաշրջաններու մէջ ու այդ առումով առանձնայատուկ իր աշխարհընկալումները ունի։

Միջին Արեւելքի հայահոծ գաղթօջախները, սփռւած Լիբանանի, Իրանի, Սիրիոյ, Եգիպտոսի, Իրաքի եւ այլ երկիրներու մէջ, յիսնամեակ մը առաջ, համընդհանուր կէս միլիոն հայ բնակչութիւն կը հաշւէին տեղաբաշխւած աշխարհագրական այդ տարածքին մէջ։ Այդ թիւը, անցնող 50 տարւան ընթացքին նւազած է 50 տոկոսով։ Նոյն ժամանակահատւածին, ուռճացած է Հիւսիսային Ամերիկայի սփիւռքահայութեան թւաքանակը։ Այստեղ օրինակ կը բերենք կանադական կառավարութեան Պետական վիճակագրական բաժանմունքի մարդահամարի տւեալները երկրի հայ համայնքին առնչւող, ընդորում 2011-ի հաւաքագւած տւեալներու համաձայն հաշւառւած 55 հազար հայերու թիւը՝ տասնամեակ մը ետք, 2021 թւականի վիճակագրութեամբ արդէն յաւելում արձանագրելով հասած է մօտ 70 հազարի, այսիքն՝ 20% աճ արձանագրւած է տասը տարւան ընթացքին։ Միջին Արեւելքի աշխարհաքաղաքական յարափոփոխ իրավիճակը, անվերջանալի հակամարտութիւնները եւ տնտեսական տագնապալի կացութիւնները, վերջին կէս դարուն Միջին Արեւելքի հայկական Սփիւռքին մէջ յառաջացուցած են գաղթաշարժի նոր ալիքներ դէպի արտաշխարհ, յատկապէ՛ս դէպի Արեւմուտք եւ մասամբ դէպի Հայաստան։ Այս ընթացքով, պարզորոշ կը դառնայ, որ եթէ Սփիւռքի մէջ հայ անհատի ինքնութեան պահպանման հարց ունինք այսօր, աւելի լուրջ հարցի վերածւած է Սփիւռքի Միջին Արեւելքի հայահոծ գաղթօջախներու գոյապահպանման խնդիրը։

Հայրենի պետութեան ամրապնդման առաքելութեան մէջ իրենց որոշիչ տեղերն ունին ազգահաւաքն ու հայրենադարձութիւնը։ Ցաւօք, Հայաստանի վերանկախացումէն ի վեր, ազգահաւաքը խթանող գործնապաշտ նախաձեռնութիւններ եւ ամենակարեւորը՝ հայրենադարձութեան կիրառելի հայեցակարգ յառաջացնելու որեւէ ծրագիր երբեք չիրականացաւ։ Միջին Արեւելքի մէջ յամեցող հակամարտութիւններուն պատճառով Հայաստան ներգաղթած սիրիահայերու եւ իրաքահայերու ստւար զանգւած մը հայրենադաձ ըլլալէ ժամանակ մը անց՝ գաղթեց արտասահման։

Հայ Սփիւռքի պատմական առաքելութիւնը եղած է նաեւ հայապահպանումը։ Ձուլում, այլասերում եւ օտարացում՝ տարասփիւռ հայութեան աքիլլէսեան կրունկն են։ Հայապահմանման գծով Սփիւռքի վերակազմակերպումը իմաստաւորելու համար անյետաձգելի են հայագիտական ամբիոններու ստեղծումները։ Հայագիտութիւնը ու անոր տարածումն ու խթանումը գործանականօրէն պիտի նպաստէ Սփիւռքի համայնքներու ամրագրման ու հայ անհատի ազգային ինքնագիտակցութեան խորացման:

Այլ հարց մը, որ կը վերաբերի Հայաստան-Սփիւռք յարաբերութիւններուն, այն է, որ ժամանակը հասած է, որ ուսումնասիրւի Հայաստանի քաղաքական կեանքին մէջ Սփիւռքի մասնակցութեան հարցը։ Ինչպէ՞ս կրնայ սփիւռքահայը գործօն մասնակիցը ըլլալ Հայաստանի օրէնսդրական դաշտին մէջ, կամ ի՞նչ են կարելիութիւնները, որ Հայաստանի Հանրապետութեան Ազգային ժողովին սահմանւած կարգով ընտրւին նաեւ Հայաստանի Հանրապետութեան քաղաքացիութիւն ունեցող Սփիւռքի ներկայացուցիչներ։ Թւենք այլ երկիրներու օրինակներ։ Ֆրանսիայի Հանրապետութիւնը ունի 11 արտասահմանեան ընտրատարածք (overseas constituency), այսինքն Ֆրանսիայի Ազգային ժողովի ընտրութիւններուն մասնակցող քաղաքական կուսակցութիւններու Սփիւռքի թեկնածուները իրաւունքը ունին մասնակցելու խորհրդարանական ընտրութիւններուն արտասահամանեան ընտրատարածքներուն մէջ։ Իտալիոյ Հանրապետութիւնը արտասահամանեան ընտրատարածքներուն համար 8 աթոռ վերապահած է ստորին պալատին, իսկ 4 աթոռ՝ վերին պալատին համար։ Նշւած երկու երկիրները իրենց սփիւռքները ընտրութիւններուն մասնակից դարձնելու այս նոր փորձառութիւնը որդեգրած են անցնող տասնամեակին։ Սփիւռքի ներկայացուցիչներ ընտրելու նոյնատիպ աշխատելաձեւ ունին Ալժերիան, Թունուզը, Էկւադորը եւ Դոմինիկեան Հանրապետութիւնը։ Հայաստանի պարագային, այս մէկը իրագործելու համար անշուշտ եւ առաջին հերթին անհրաժեշտ պիտի ըլլան սահմանադրական բարեփոխումներ։

Այս դիտարկումները կը նշենք, ի մտի ունենալով, որ այսօրւան դրութեամբ Սփիւռքի վերակազմակերպումը իւրաքանչիւր հայ գաղթօջախի ապագայի երկարաժամկէտ ծրագրի առաջնահերթութեան կիզակենտրոնը պէտք է ըլլայ, որպէսզի հզօր Սփիւռքով ընձիւղւի ապագայ հզօր հայրենիքը, իսկ Հայաստանը իր կարգին պէտք է դառնայ «համայն հայութեան հայրենիք»-ը, ճիշտ ինչպէս նշւած էր «Հայաստան-Սփիւռք» առաջին խորհրդաժողովի հռչակագրին մէջ։

«Հորիզոն»-ի խմբագրական

Առնչւող Յօդւածներ

Back to top button