Հայաստան - Արցախ

Ակնարկ. Հիւսիս-Հարաւը եւ Սիւնիք-Թաւրիզը

Պաշտօնապէս կը յայտարարւի, որ Թաւրիզի մէջ Հայաստանի Հանրապետութեան հիւպատոսութեան բացման ուղղութեամբ աշխատանքներ կը տարւին: Երկու տարիէ ի վեր Կապանի մէջ կը գործէ Իրանի հիւպատոսութիւնը: Թաւրիզի հայաստանեան հիւպատոսութիւնը կընկալւի իբրեւ Կապանի իրանեան հիւպատոսութեան հաստատման համապատասխան կամ համարժէք քայլ:

Երկու պարագաներուն ալ ընտրւած վայրը ռազմավարական խոր նշանակութիւն ունի: Իրանը կը շարունակէ ընդգծել, որ Հայաստանի հետ իր սահմանային կարգավիճակի որեւէ փոփոխութիւն չի հանդուրժեր: Սիւնիքը հետեւաբար Հիւսիս-հարաւ ճանապարհով, ճանապարհային կարեւորագոյն ցանցակէտի հանգամանք կը ստանայ:

Իրանին հետեւեցան Ռուսիոյ դաշնութիւնն ու Ֆրանսիան՝ պաշտօնապէս յայտարարելով, որ ծրագրած են Սիւնիքի մէջ հիւպատոսութիւններ հաստատել: Այս որոշումները աւելիով կամրապնդեն Սիւնիքի տարածաշրջանային տարողունակութիւն ստանալու փաստը:

Թաւրիզը կամ Ատրպատականը կարեւորագոյն աշխարհագրական միջավայր է Իրան-Ադրբեջան յարաբերութիւններուն մէջ: Այնտեղի բնակչութեան մեծամասնութիւնը ծագումով ադրբեջանցի է: Նման միջավայրի մէջ Հայաստանի հիւպատոսութիւն հաստատելը պատահականութիւն չէ անշուշտ: Այս պարագային միայն վայրի տրամադրումը չէ, որ տեղւոյն իշխանութիւններու համաձայնութիւնը կենթադրէ: Քաղաքական տրամաբանութիւնը կը համոզէ, որ իրանեան իշխանութիւններու յուշումը չէ բացառւած նման վայրի մէջ հիւպատոսութեան հաստատման եւ ուղղակի վայրի ընտրութեան մէջ:

Մոսկւան կրնայ շատ հանգիստ չընկալել այս գործընթացները: Պաշտօնապէս կը յայտարարէ, որ Նախիջեւան-Ադրբեջան ցամաքային կապի գործարկումը Երեւանն է, որ կը ձգձգէ: Այստեղ անշուշտ պարզ է ակնարկը, որովհետեւ հերթական յաճախականութիւններով Մոսկւայի ներկայացուցիչները կը յիշեցնեն նոյեմբերեան եռակողմի 9-րդ կէտի իրացումը: Այնտեղ, ռուսական հայեցակէտով ամենէն շահագրգիռ առանցքային բաժինը ռուսական ուժերուն կողմէ բացւող ճանապարհներու վերահսկողութիւնն է:

Հետզհետէ տեսանելի կը դառնայ տարածաշրջանի ապաշրջափակումը առաջադրող այլ գիծ մը, որ երկար ատենէ ի վեր արծարծւած, բայց չգործարկւած Հիւսիս-հարաւն է: Իրան -Սիւնիքի վրայով Հայաստան -Վրաստան-Սեւ ծով. այլ խօսքով, Պարսից ծոց- Սեւ ծով ցամաքային տարանցիկութիւնը: Այս գիծին սկզբնակէտերն ու վերջնակէտերը տակաւին կրնան իրենց մասին խօսիլ տալ. այս պահու դրութեամբ, սակայն Պարսից ծոց-Սեւ ծով ճանապարհի մասին են քննարկումները:

Պարզ դարձաւ, որ իրանեան երկու մեծագոյն ընկերութիւններ ստանձնած են առանցքային այս ճանապարհի հարաւային հատւածի հարթեցման աշխատանքները: Այս կը նշանակէ, որ Պարսից ծոց-Սեւ ծով նախագիծը անցում կատարած է դէպի գործնական փուլ: Այս ճանապարհը Իրանի համար ապաշրջափակման առումով կենսաճանապարհ է:

Յայտնաբար այս ճանապարհի գործարկումը չի բխիր Ադրբեջանի շահերէն: Բաքուն Մոսկւայի հետ կուզէ գործարկել զանգեզուրեան միւս ճանապարհը, կամ իրենց ըսելաձեւով՝ միջանցքը: Եթէ ընդունինք այս իրականութիւնը, ապա կեզրակացնենք, որ Սիւնիքի մէջ ուղղակի կը հակադրւին Ադրբեջանի եւ Իրանի շահերը: Աւելի խորացնելով թուրքեւադրբեջանական դաշինքի եւ Իրանի շահերը: Իսկ յաւելեալ տարածաշրջանային դիտանկիւնով՝ Մոսկւայի եւ Թեհրանի մօտեցումները կը բախին իրար: Աշխարհաքաղաքական՝ Արեւմուտքի եւ Ռուսիոյ նաեւ:

Անկախ Սիւնիքի հանգամանքին շուրջ աշխարհաքաղաքական տարակարծութիւններէն, այս բոլորը կը յուշեն, որ հայկական կողմը աժան շտապողականութիւն ցոյց տալու պէտք չունի, անհիմն խաղաղութեան մասին երազանք հիւսելով նոյնիսկ Սահմանադրութիւն փոխելու կամ ապաշրջափակման օրակարգին տակ Բաքւի պահանջներուն արագօրէն տեղի տալու:

Մանաւանդ որ թուրքեւադրբեջանական դաշինքը կը շարունակէ փոխկապակցել Երեւան-Բաքու եւ Երեւան-Անկարա բանակցութիւնները: Մանաւանդ որ Բաքուն նոր պայմաններ առաջ կը քաշէ՝ յայտարարելով, որ Անկախութեան Հռչակագիրը միակ փաստաթուղթը չէ, ուր Բաքւի համար անընդունելի ձեւակերպումներ կան:

Այս բոլորը կը նախանշեն, որ Սիւնիքի կարգավիճակային պատկերացումներուն շուրջ կան աշխարհաքաղաքական հակասութիւններ: Մինչ, մեր իշխանութիւնները նոր յանձնւողական քայլ առնելու համար կաճապարեն:

«Ազդակ»

Առնչւող Յօդւածներ

Back to top button