Գաղափարական

ՍԱՀԱԿ ՍԱՀԱԿԵԱՆԸ ԵՒ ԳԵՏԱՇԷՆԸ…

Հայրենի մամուլը գուժեց Սահակ Սահակեանի մահը: Ափսո՜ս…

Հակիրճ մահագրութիւնը զինք ներկայացուցած էր իբրեւ դաշնակցական զինուոր, մտաւորական եւ երգիչ: Վստահ ենք, որ շուտով պիտի ներկայացւի անոր վաստակին լայն պաստառը, առանց մոռնալու անոր զւարթախոհութիւնն ու հաղորդական ընկերականութիւնը:

Կարդալով գուժականը, մեր միտքը թռաւ-գնաց 90-ականներու սկիզբները, երբ ամբողջ հայութիւնը, Հայաստանէն մինչեւ Սփիւռք, մէկ մարդու պէս կանգնած էր Արցախի պաշտպանութեան խրամատներուն մէջ, յառաջ կը տանէր յաղթանակներու դրօշը, քայլ առ քայլ ազատագրելով ազերիական սկզբնական յառաջխաղացքներու հետեւանքով խլւած հողերը: Ոեւէ հայու միտքին մէջ մանանեխի հատիկի մը չափ կասկած չկար, թէ անհաւասար մարտերը կը մղւէին յանուն արդարութեան, ի խնդիր հայութեան իրաւունքներուն պաշտպանութեան, հոգ չէ թէ այդ օրերուն ալ հայութեան մտքին մէջ կը կաթեցնէին «Արցախը բեռ է, տանք՝ ազատինք»-ի դաւաճանական թոյնը: Այդ յաղթանակներուն շնորհիւ էր, որ ազատագրւեցաւ հպա՛րտ Շուշին, ինքզինք խիզախօրէն պաշտպանեց բուռ մը Քարին Տակը, խորտակւեցաւ Աղտամը, սխրալի դրւագներ կերտւեցան Օմարի լեռնանցքի բարձունքներուն, Սարսանգը ամբողջութեամբ դարձաւ հայկական, պաշտպանական սահմանագիծը երկարեցաւ Մարտակերտէն մինչեւ Մարտունի, Հատրութ ու Արաքսի ափ: Հայ ազատամարտիկները չհասցուցին ազատագրել Գետաշէնն ու Շահումեանի հիւսիսային գօտին:

Ազատագրական մարտերու օրերուն, ծնունդ առին հերոսապատումները եւ զանոնք իրենց արիւնով ամրագրած՝ նահատակները պանծացնող երգեր: Անոնց դիմաց, ծնաւ նաեւ «Գետաշէն» երգը, որ դարձաւ բռնագրաւեալ հողերուն՝ մեզմէ խլուած բոլո՛ր  հողերուն վերատիրացման կամքին մէկ արտայայտիչը, խորհրդանիշը:

Երգին բառերուն հեղինակն է Գագիկ Նազարեան, իսկ երաժշտութիւնը յօրինած է ինք՝ Սահակ Սահակեան:

Երգի մը բառերը յօրինելը ստեղծագործութիւն է, այս պարագային՝ հարազատ արձագանգ մը՝ հայութեան ողբին, ապա նաեւ կորսւածին վերատիրացման ժողովուրդի կամքին: Նոյն աղբիւրէն բխած են մեր ազգային-յեղափոխական դարաւոր երգերը: Նման երգ չէր կրնար մնալ թուղթի վրայ, այլ պէտք էր հնչէր ամէն տեղ, Հայաստանէն մինչեւ Սփիւռք: Եւ այդ առաքելութիւնը իր ուսերուն առաւ երգահան Ս. Սահակեանը, զայն տարածեց հայրենիքի երկինքին տակ, հասցուց սփիւռքեան օճախներ:

Ո՞վ չէ լսած Սահակին «Գետաշէն»-ը: Անոր հոգիին խորերէն եկող թաւ ձայնը՝ որ կարծէք թէ կը բխէր Արտաւազդը իրենց գիրկին պահած Մասիսի անդունդներէն, առիւծի բաշեր յիշեցնող մազերը, բեմին վրայ խրոխտ կեցւածքն ու երգին բառերուն համահունչ շարժումները, պանծալի ֆետայիներ յիշեցնող թաւ պեխը լիարժէքօրէն կը վարակէին ունկնդիրը (https://youtu.be/7NqKdSnYCiw?si=_MXU9MN7ugfUgCgI), որ եթէ նստած էր համերգասրահի մը աթոռներուն, անխուսափելիօրէն ինքզինք շարժման մէջ կը դնէր երգին կշռոյթին համաձայն, կը գօտեպնդէր յաղթանակելու կամքը:

Իսկ Սահակը մէկ էր մեր Յեղափոխութիւնը կենդանի պահող երգերու մեկնաբաններէն…

***

Սահակը հիմա մեկնած է անվերադարձ, սակայն իր երգը կը մնայ հնչեղ, կը մնայ պատգամ՝ մեր հողերուն իրաւատիրութենէն չհրաժարող սերունդներուն: Անոնց համար, Գետաշէնն ու Շահումեանը անվերադարձ չեն կորսւած, Շուշին «տժգոյն ու դժբախտ» չէ, ամբողջ Արցախն ու մեր բռնագրաւեալ հողերը Գետաշէն են ու Շահումեան: Հայութիւնը կը մերժէ՛ ընդունիլ Երեւանի իշխանաւորներուն պարտւողականութիւնը, Հայաստանի այս կամ այն շրջանը ազերիական հռչակելու եւ թշնամիին գործակալը մնալու վատոգի վարքագիծը:

Հայութիւնը, Հայաստանէն մինչեւ սփիւռքեան ափեր, հիմա արթնութիւն մը կապրի, շնորհիւ հայրենապաշտպան ընդդիմադիրներուն մրճահարումներուն, դիմակները պատրելու գործին եւ ժողովուրդը համընդհանուր ըմբոստացումի առաջնորդող դրօշին: Այս երթը իր կողքին ունի ո՛չ միայն Տաւուշի վտանգւած գիւղերուն բնակիչները, այլ Հայ Եկեղեցին, մտաւորականներ, պատմագէտներ, քարտէզագէտներ, դիւանագէտներ, զինւորականներ, մէկ խօսքով՝ ամբո՛ղջ ազգը, որովհետեւ անամպ երկինքին մէջ բազմած արեւուն պէս յստակ է, որ Հայաստանի ու հայկական պետականութեան գոյութիւնը – եւ ո՛չ միայն սահմանային այս կամ այն շրջանը – դրւած են կորստեան ճամբու մէջ, սպառնալիքը կը տարածուի դէպի սփիւռքեան ափեր:

***

Օրըստօրէ ծաւալող արթնութիւնը պիտի չսահմանափակուի լոկ Տաւուշէն սկսած՝ կեղծ սահմանազատումն ու սահմանագծումը կասեցնելով, այլ յիշողութեանց մէջ պիտի արթնցնէ, որ թուրք-ազերիական պարտադրանքներով «ստեղծւող» սահմանները ո՛չ մէկ հիմք ունին, պիտի յիշեցնէ՝ որ Հայաստանի սահմանները Տաւուշէն մինչեւ Սիւնիք չեն երկարիր, այլ կը ներփակեն Արցախը՝ իր Գետաշէնով ու Շահումեանով, մեզմէ խլւած բոլոր հողամասերով: Լիարժէք արթնութիւն՝ պիտի նշանակէ ձերբազատիլ թշնամիին հետ գործակցաբար՝ իշխանաւորներուն հրամցուցած կեղծ տեսութիւններէն, հնարքներէն, Հայաստանը տեսնել իր ամբողջութեան մէջ, եւ ո՛չ թէ խորհրդայիններու օրով կամայականօրէն գծւած այս կամ այն քարտէզով:

Աւելի՛ն, պիտի չմոռնանք, որ Հայաստանի սահմանները կը ներփակեն Նախիջեւանը, Կարսը, Վանն ու Սասունը, մէկ խօսքով, բոլոր այն հողերը, որոնք բռնի կերպով խլւած են մեզմէ ու հայաթափւած (ի՜նչ խօսք, որ Հայաստանէն նուէր տրւելիք հողամասերուն՝ կը սպառնայ նոր հայաթափում, ինչպէս եղաւ Արցախի մէջ, սկսելով Հատրութէն ու Աղաւնոյէն…): Այդ բոլորին վերատիրացումը հրամայական կը դարձնեն թշնամիին գործակալներուն հեռացումը, մշակումը արդար հիմունքներով ամբողջական ծրագիրի մը, որուն իրականացումը կը կարօտի փուլային մարտավարութեան: Նման ծրագիր ո՛չ միայն իր շուրջ պիտի համախմբէ հայութեան մասնագիտական ներուժը, բանակէն ու ոստիկանութենէն մինչեւ կուսակցութիւններ, եկեղեցիներ (յարանւանութիւնները), ժողովրդային խմբաւորումները, այլ նաեւ ամբո՛ղջ Սփիւռքը՝ իր ամբողջական ներուժով:

Սահակ Սահակեանի ու նմաններու մահւան գոյժը տրտմեցնող է, սակայն հայրենասիրութեան ու «Քեզ յաղթել չի լինի, իմ քա՛ջ Գետաշէն» պատգամը պիտի ապրի մեր մէջ, պիտի բանայ վերականգնումի լուսաւոր ուղին:

Ս. ՄԱՀՍԷՐԷՃԵԱՆ

29 Ապրիլ 2024

Առնչւող Յօդւածներ

Back to top button