Դաշնակցական ԲեմՍփիւռք

Արցախի բռնի դատարկումը մարդկութեան դէմ գործւած մեծագոյն ոճիրներէն է, որ պէտք է սրբագրւի

ՀՅԴ Բիւրոյի ներկայացուցիչ Յակոբ Տէր-Խաչատուրեանի արտասանած խօսքը՝ ՀՅԴ 133-ամեակի տօնակատարութեան.

Կասկած չկայ, որ բախտորոշ օրերու մէջ կապրին հայրենիքն ու հայութիւնը այսօր. ակնյայտ է, որ Հայաստանը յայտնւած է աշխարհաքաղաքական բարդ ու դժւարին կացութեան մէջ, ուր արտաքին ազդակները լարւած են իրեն դէմ. Թուրքիա եւ Ադրբեջան դարձած են ինքնավստահ, ամբարտաւան եւ անզիջող` մեր նկատմամբ. Հարաւային Կովկասի մէջ տարածաշրջանային եւ համաշխարհային ուժերը մեծապէս աշխուժացած են, որովհետեւ քաղաքական փոփոխութիւններու նախանշաններն են նկատած ու մրցակցական հեւքի են դիմած. իրադրութիւն մը, որ կը հակադրւի Հայաստանի շահերուն ու մեր հայրենիքը անգամ մը եւս կը դարձնէ միջազգային կռւախնձոր:

Այս արտաքին իրողութիւնը, սակայն, ոչ մէկ ձեւով կարդարացնէ ՀՀ իշխանութիւններու քաղաքական եւ ներազգային այն ահաւոր բացթողումները, որոնք կը վտանգեն Հայաստանի լինելիութիւնն անգամ:

Հայութեան եւ Հայաստանի 1990-ականներու յաղթանակները 2020-ի աշունէն արդէն վերածւեցան շարունակական պարտութիւններու շղթայի. Արցախեան պատերազմի արհաւիրքը եւ հայաթափումը, ՀՀ արտաքին ձախող քաղաքականութիւնը եւ ներազգային պառակտումը կը հանդիսանան մեր պատմութեան նորագոյն քառամեակի ՀՀ իշխանութիւններու աղէտալի իրագործումները:

Վերջին երեսնամեակի յաղթական Հայաստանը այսօր աշխարհին կը ներկայանայ որպէս պարտւած ու իր ազգային էութենէն դատարկւած պետութիւն, որ պատրաստ է թշնամիին շնորհելու շարունակական միակողմանի զիջումներ:

Այսօր, իր բնիկ ժողովուրդէն դատարկւած Արցախը ողբերգական հանգամանքէ անդին, նաեւ զրկւած է պաշտպանելու նոյնինքն Հայաստանի սահմանները, որոնք յարձակումի եւ բռնաբարումի կենթարկւին թուրք-ադրբեջանական ուժերու կողմէ:

Այսօր, հզօր ու ինքնավստահ հայրենիքի փոխարէն, ՀՀ իշխանութիւնները հայ ժողովուրդին կը մատուցեն գոյութենական սպառնալիքի ենթակայ Հայաստան մը, որուն Անկախութեան Հռչակագիրն ու սահմանադրութիւնը թշնամիին պահանջով թուլամորթաբար փոփոխութեան ենթարկելու աշխատանքին է լծւած Նիկոլ Փաշինեանի վարչակարգը:

Եւ փոխանակ համահայկական կարողականութիւնը համախմբելու այս ճգնաժամային օրերուն, փաշինեանական վարչակարգը տակաւին լծւած է` հայութեան մէջ սեւի ու սպիտակի բաժանարար գիծեր ստեղծելու, բանակի որակն ու մարտական ոգին հարւածելու, ՀՀ-ի մէջ ոստիկանական բռնատիրութիւն հաստատելու, Արցախի Հանրապետութիւնը կազմալուծելու, արցախահայութեան իրաւունքները անտեսելու, Հայաստանի մէջ Արցախի հիմնահարցին դէմ քարոզչութիւն ծաւալելու, ժողովուրդին եւ մանաւանդ երիտասարդութեան մէջ քաղքենիացում եւ ազգային առումով անտարբերութիւն սերմանելու, ազգային արժէքները` հայոց պատմութիւնը, հայագիտական նիւթերը, ազգային հարցերու հանդէպ նւիրումի պատրաստակամութիւնը եւ Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցին ու հայ ազգային կառոյցները տկարացնելու, Հայ Դատի համաշխարհային պայքարը նսեմացնելու, նոյնիսկ Սփիւռքի մէջ հաստատւած կառոյցները քայքայելու սեւ գործին: Ինչպէս ընտրարշաւներու ընթացքին, նաեւ այս բազմամակարդակ գրոհին համար ՀՀ իշխանութիւնները լայնօրէն ի գործ կը դնեն խորհրդարանական մեծամասնութեան եւ գործադիր իշխանութեան տրամադրութեան տակ գտնւող պետական լծակները: ՀՀ այս իշխանութեան համար չէ մնացած որեւէ ազգային սրբութիւն, այլ միայն` ամէն գնով իշխանութիւնը պահելու մտասեւեռում:

Այսօր ոչ միայն հայրենի ժողովուրդը, այլեւ ՀՀ-էն դուրս հայապատկան հողերու եւ Սփիւռքի հայութիւնն ալ խոր հիասթափութեան եւ ընկճւածութեան ենթարկւած է` ի տես այս իշխանութիւններու ապիկար ու ազգակործան քաղաքականութեան գոյացուցած ահաւոր վնասներուն: հայութեան կարեւոր շերտերու մէջ առաջացած է նոյնիսկ Հայաստան-Սփիւռք կապերու խզում, ինչ որ անշուշտ անընդունելի երեւոյթ է, բայց նաեւ` դժբախտ իրողութիւն:

Մենք կը մերժենք որեւէ յուսահատութիւն եւ յանձնւողական տրամադրութիւն, որովհետեւ կը հաւատանք, որ հայութիւնը իր մէջ ունի ուժականութիւնը` պարտութիւններէ յաղթանակ կերտելու եւ իր ազգային արժանապատւութիւնը վերականգնելու: Յամենայն դէպս ՀՅԴ-ին համար վերջին կորուստները ժամանակաւոր են, 2020-ի հետեւանքը ճակատամարտի մը պարտութիւնն էր պարզապէս, եւ թշնամիներուն դէմ պատերազմը կը շարունակւի բոլոր ճակատներու վրայ: Մեզի համար Արցախի բռնի դատարկումը մարդկութեան դէմ գործւած մեծագոյն ոճիրներէն է, որ պէտք է սրբագրւի:

Այս համոզումով է, որ մենք փարած ենք Հայաստանի, Արցախի եւ հայութեան դատի հետապնդման գործին թէ՛ հայրենի, եւ թէ՛ համաշխարհային մակարդակներով:

Այսօր, աւելի քան երբեք, անհրաժեշտ է`

Ա) Կերտել հայրենի եւ համահայկական ազգային առողջ ուժերու համախմբում` վերաթարմացնելով համազգային օրակարգը, որուն առաջին յաջող փորձը կատարւած էր Ցեղասպանութեան հարիւրամեակի համահայկական համախմբւածութեան օրերուն, եւ որ սակայն մնաց անաւարտ ու այս իշխանութեան օրերուն ալ` լրիւ անտեսւած:

Բ) Շարունակել ՀՀ-ի մէջ համախմբել ընդդիմադիր առողջ կուսակցութիւններն ու հասարակական գործիչները միասնաբար պայքարելու ապազգային եւ հայութեան խորթ հանդիսացող նկրտումներուն դէմ. ձերբազատիլ ներկայ իշխանութիւններէն, որպէսզի կարելի ըլլայ կերտել ազգային նկարագրով, անհատական ազատութիւններու եւ հաւաքական իրաւունքներու վրայ հիմնւած արդար համակարգ մը եւ ՀՀ-ի քաղաքական դաշտին մէջ պաշտպանել Արցախահայութեան իրաւունքները:

Գ) Պաշտպանել Արցախի եւ արցախահայութեան իրաւունքները թէ՛ Հայաստանի մէջ, թէ՛ համաշխարհային բեմերու վրայ. արդէն իսկ կազմւած են Արցախի բարեկամներու համաշխարհային խումբեր, եւ կը կազմակերպւին ցոյցեր, հաւաքներ, քարոզչական արշաւներ` քողազերծելու թուրք-ադրբեջանցի յարձակողապաշտ եւ ցեղասպան միտումները. վերջին օրինակը այս շաբաթավերջի նախաձեռնութիւններն են, որոնք աւելի քան յիսուն քաղաքներու մէջ պիտի ներկայացնեն Արցախի հարցը եւ զայն պահեն միջազգային օրակարգի վրայ: Նեցուկ կանգնիլ նաեւ, որ Արցախը պահէ իր պետական կառոյցները եւ որպէս վտարանդի կառավարութիւն ամրագրէ արցախահայութեան վերադարձի իրաւունքը մեր բոլորի օժանդակութեամբ: Եւ անշուշտ կայ մարդասիրական երեսը, որ պատերազմի օրերէն իսկ արժանացած է մեր ուշադրութեան եւ համահայկական հոգածութեան. մեր բաժինը, գլխաւորաբար` ՀՕՄ-ի աշխոյժ ջանքերով, արդէն վաղուց ընթացքի մէջ է եւ յաջողութեամբ կը պսակւի` մեծաքանակ տարողութեամբ նիւթական օժանդակութիւն հասցնելով արցախահայութեան:

Դ) Համահայկական հոգածութեամբ վերականգնել մարտունակութիւնն ու պատրաստւածութիւնը Հայոց Բանակին, որ մեր լինելիութեան եւ անկախութեան միակ երաշխաւորն է. ամէն գնով փարիլ մեր անկախ պետականութեան պահպանման նպատակին` քաջ գիտակցելով, որ իշխանութիւնները գնայուն են, իսկ պետութիւնը պարտի մնալ մնայուն:

Ե) Կերտել ինքնավստահ, նախաձեռնող ու հայկական ակունքներէ բխող արտաքին քաղաքականութիւն, հեռու` պարտւողական եւ յարատեւ միակողմանի զիջումներու կողմնորոշումներէ. աւելի քան երբեք անհրաժեշտ է ապաւինիլ մեր ուժերուն` հայկական արեւելումով առաջ մղելու Հայաստանի ու հայութեան շահերը: Էական է հեռու մնալ Արեւմուտքի հանդէպ կոյր վստահութիւն տածելէ եւ սատարելէ արեւմտեան յոռի բարքերու հայրենիք ներածումին: Պարտաւոր ենք ազգովին անդրադառնալ, որ ո՛չ ամբողջովին արեւմտեան, ո՛չ ալ միակողմանի արեւելեան թեքումներն են, որոնք պիտի բերեն Հայաստանին անվտանգութիւն կամ խաղաղութիւն: Հաւասարակշռւած ու Հայաստանի շահերն իսկապէս պաշտպանող արտաքին քաղաքականութիւնն է միակ ճանապարհը` միաժամանակ չանտեսելով որեւէ շրջանային գերուժ, որ կառնչւի Հայաստանի ճակատագրին հետ. այս ուղղութեամբ անհրաժեշտ է վերաթարմացնել հայ-ռուսական եւ հայ-իրանական յարաբերութիւնները, որոնք քայքայւեցան այս իշխանութիւններու օրօք: Ազգովին պարտինք պայքարիլ թէ՛ Արեւմուտքի, եւ թէ՛ Արեւելքի պետութիւններու Ադրբեջանի եւ Թուրքիոյ ունեցած գործակցական սերտ կապերուն դէմ:

Զ) Վերաթարմացնել եւ արդիականացնել Սփիւռքի կառոյցներն ու բարձրացնել կազմակերպւածութիւնը նւիրեալ զանգւածներուն` անոնց նոր աւիշ ներարկելով եւ յաւելեալ վճռակամութեան մղելով. կտրականապէս դէմ ենք Սփիւռքը վերակառուցելու կամ վերակազմակերպելու այն սին կոչերուն, որոնք կը միտին հիմնայատակ քանդելու Սփիւռքը եւ ասոր կամ անոր շահերուն հպատակեցնելով` անձեւ քաոս եւ կամակատար հետեւորդներ ստեղծելու: Սփիւռքեան համահայկական թէ տեղական կազմակերպ կառոյցները աւելի քան հարիւրամեակէ մը ի վեր տարածւած գործունէութեամբ փաստած են իրենց հայանւէր ու հայրենանւէր պատրաստակամութիւնը. անշուշտ միշտ կարելի է աւելիին ձգտիլ` առանց սակայն հիմերը խարխլելու. հիմնական հարց է նաեւ սփիւռքահայութեան հիասթափութիւնը փարատելու եւ հայրենքէն օտարելու վտանգը կանխելը. Հայաստան եւ Սփիւռք մէկ ամբողջութիւն են եւ, ինչպէս շարունակաբար հաստատած ենք, յանձնառու Սփիւռքը կարեւորագոյն գրաւականն է հզօր հարենիքի, եւ փոխադարձաբար` ազգային նկարագրով պետութիւնը լաւագոյն երաշխիքն է Սփիւռքի յանձնառութեան եւ հայկական նկարագրի ամրապնդման:

Է) Աննահանջ շարունակել համայն հայութեան շահերու պաշտպանութիւնը աշխարհով մէկ. ՀՅԴ-ի Հայ Դատի հիմնական առաքելութիւններէն է ՀՀ-էն եւ ԱՀ-էն դուրս գտնւող արեւմտահայաստանի, ջաւախահայութեան եւ առհասարակ աշխարհասփիւռ հայ փոքրամասնութիւններու իրաւունքներու պահպանումն ու ընդարձակումը: Միաժամանակ վառ պիտի պահենք ազգային ազատագրական պայքարի նւիրումը եւ հետապնդենք մեր դատը` բոլոր մակարդակներով ու միջոցներով:

Ը) Հայ երիտասարդութիւնը շարունակաբար ներգրաւել, քաղաքականացնել եւ մղել ծառայելու հայրենիքին ու մեր սրբազան դատին: Որպէս գործնական քայլեր թւեմ երեք այժմէական օրինակներ միայն, առաջինը արդէն իսկ վերաբացւած ՀՅԴ կուսակցական դպրոցն է Հայաստանի մէջ ամուր հիմքերու վրայ դնելու համար երիտասարդութեան ազգային, գաղափարական եւ քաղաքական դաստիարակութիւնը. երկրորդը Հայ Դատի վարժողական ծրագրերն են, որոնք պատրաստած են ու կը շարունակեն պատրաստել նուիրեալ բանակ մը, եւ երրորդը, ինչպէս տեսանք դեռ երէկ ՀՅԴ «Զաւարեան» Ուսանողական միութեան հրատարակութիւններու շնորհահանդէսին, օրինակն է մեր ուսանողական ու երիտասարդական կառոյցներուն, որոնք փարած կը մնան քաղաքական, գաղափարական, ազգային ու յեղափոխական արժէքներու դաստիարակչութեան, տարածման եւ մանաւանդ կիրարկման գործին:

Սիրելի՛ հայրենակիցներ,

Ես ալ, իմ կարգիս կուզեմ հաստատել, որ լիբանանահայութիւնը առհասարակ եւ Լիբանանի մեր կառոյցը` յատկապէս, մի՛շտ եղած են պատնէշի վրայ: Համահայկական բոլոր կարիքներուն հասնող Լիբանանի մեր կառոյցը ամենուրեք գործունեայ է, եւ լիբանանահայութիւնը պիտի մնայ այն հնոցը, որ համահայկական առումով կը հասցնէ գործիչներ, դաստիարակներ, ղեկավարներ: Այդ պատճառով է, որ երբ Լիբանանը, որ միշտ կը հասնէր բոլորին, որոշ ժամանակ մը ինք դարձաւ կարիքաւոր, հայաշխարհը ձեռք երկարեց նաեւ Լիբանանին: Բոլորի՛ն վարձքը կատար, վստահ ենք, որ նոյն ուժականութեամբ եւ աշխուժութեամբ պիտի մնաք պատնէշի վրայ:

Այսօր ձեր` հայ ժողովուրդի առջեւ Դաշնակցութիւնը կը վերանորոգէ իր վճռակամութիւնը` մեր երկարաշունչ պայքարը աներեր առաջ տանելու, հայութեան անժամանցելի իրաւունքները պահանջելու եւ Հայաստանն ու հայութիւնը իր թշնամիներէն աննահանջ պաշտպանելու համար:

«Ազդակ»

Առնչւող Յօդւածներ

Back to top button