Հայ Դատ

Զօրավիգ ենք Երուսաղէմի հայութեան եւ պատրիարքութեան հազարամեայ իրաւունքներու պատշպանութեան

ՀՅԴ Հայ Դատի Կենտրոնական խորհուրդի յայտարարութիւնը

Երուսաղէմի հայկական թաղամասի «Կովերու պարտէզ» անունով ծանօթ հողամասի հարցը մտած է նոր փուլ, ինչը Երուսաղէմի Հայոց պատրիարքութեան բնորոշումով «ամենամեծ գոյաբանական սպառնալիք» է Պատրիարքութեան 16-դարեայ պատմութեան մէջ։

Բռնի ուժ կիրառելու փորձեր կը կատարէ եւ կը սպառնայ ոչ միայն խաբէութեամբ ստորագրւած եւ խնդրայարոյց պայմանագրի դիմացի կողմը, այլ նաեւ՝ Երուսաղէմի ոստիկանութիւնը։ Երուսաղէմի հայ համայնքը եւ Հայոց պատրիարքութիւնը միասնաբար լծւած են բռնութեամբ հարցը պարտադրելու ջանքերուն դիմադրութեան։

ՀՅԴ Հայ Դատի Կենտրոնական խորհուրդը կը յայտարարէ, որ իր բոլոր հնարաւորութիւններով եւ գործակցաբար Հայ Դատի համաշխարհային ցանցին հետ, զօրավիգ կը կանգնի Երուսաղէմի հայ համայնքին եւ Հայոց պատրիարքութեան՝ պաշտպանելու իր հազարամեայ իրաւունքները։

Հարցին կարգաւորումը պէտք է կատարւի բացառաբար տեղական եւ միջազգային օրէնքներու հիման վրայ՝ առանց ուժ կիրառելու կամ ուժ կիրառելու սպառնալիքի։

Երուսաղէմի մէջ հայկական իրաւունքներու հարցը կը վերաբերի համայն հայութեան, հետեւաբար՝ այդ իրաւունքները ոտնահարելու որեւէ փորձ՝ ենթակայ է համայն հայութեան համարժէք վերաբերմունքին։

ՀՅԴ ՀԱՅ ԴԱՏԻ ԿԵՆՏՐՈՆԱԿԱՆ ԽՈՐՀՈՒՐԴ
17 նոյեմբերի 2023

Առնչւող Յօդւածներ

Back to top button