Հայաստան - Արցախ

Այրե՛լ եղծւած դասագիրքերը

-Աւելի քան մէկուկէս ամիս առաջ կորսնցուցինք Արցախի վերջին տարածքները,

-Արցախի բոլոր բնակիչները բռնի գաղթի ենթարկւեցան եւ ապաստանեցան Հայաստան,

-Արցախի քաղաքական եւ զինւորական պատասխանատուները գերի տարւեցան Բաքու (նախկինները չմոռցողներ շատ են),

-Հայաստան հասնող արցախցիները դիմագրաւեցին եւ կապրին այլազան ողբերգութիւններ՝ շնորհիւ «հպարտ քաղաքացիներ»-ու եւ ժողովրդավարութեան պաշտպան Երեւանի իշխանաւորներուն,

-Արցախի ու Հայաստանի Անկախութեան հռչակման օրէն իսկ՝ Հայաստանի քաղաքացիներուն համահաւասար իրաւունք ունեցող արցախցիներուն՝ քաղաքացիական իրաւունքները սակարկութեան ու խօսքի աճուրդի նիւթ դարձած են, իրողապէս անոնց կը զլացւի լիարժէք քաղաքացիութիւն, մարդոց կառաջարկւի «օգտւիլ գաղթականի վիճակ»-էն…

-Սակարան մտած են նաեւ արցախցիներու տրամադրւող նիւթական խորհրդանշական օժանդակութիւնները (հաւանաբար պարգեւավճար ստացողներուն ախորժակը գրգռւած է…),

-Երեւանի իշխանութիւնները ԿԱՄՈՎԻՆ կը շարունակեն քալել հողային եւ այլ կորուստներու տանող ճամբէն, առանձին մնացած՝ «խաղաղութիւն կուզենք» պաստառին տակ, մինչդեռ Թուրքիա, Ադրբեջան եւ մինչեւ իսկ բարեմի՜տ միջնորդներ իրենց սեփական շահերը կը հետապնդեն ու այդ հաշիւներէն իրողապէս դուրս ձգած են Հայաստանը, զայն կը պահեն խօսքի եւ խոստումներու խոհանոցին մէջ,

-Էրդողան եւ Ալիեւ կրկին ու կրկին կը յայտարարեն, թէ Հայաստանէն «արդար պահանջներ» ունին, թէ՝ «Հայաստան պէտք է յարգէ իր խոստումները», «եթէ արցախցիներու տունդարձի հարց կայ (եւ սա պարզապէս խօսքի աճուրդի սիւնակին մէջ է), Հայաստանէն գաղթած բազմահարիւր հազարաւոր ադրբեջանցիներ պէտք է վերադառնան Հայաստան» (եւ այլն),

-Մինչեւ իսկ արցախէն բռնագաղթւածներ հալածող ու բանտարկող «ժողովրդավար» իշխանութիւնները անընդհատ ծափահարողներ կը գտնեն դուրսէն ու այցելու պաշտօնատարներէ,

-Աշխարհը փոթորկող տագնապներուն վրայ վաղը կրնան նորեր աւելնալ՝ նա՛եւ մեր հայրենիքին աւելի մերձակայ գօտիներու մէջ…

Մասնաւորապէս մեզ՝ հայութիւնը պատմական տագնապներու մատնող յիշեալ (եւ այլ) փոթորիկները կարծէք թէ բաւարար չեն, եւ ահա, վերջին օրերուն նոր (ոչ բոլորովին նոր) ուրական մը կը պտտի Հայաստանի հրապարակին վրայ եւ բարձրացուցած է արդար զայրոյթ, խորացուցած է մեր ինքնութեան կորուստին կապւած մտահոգութիւնները:

Մեր խօսքը կը վերաբերի պատմութեան դասագիրքի մը ստեղծած տագնապին: Վերամուտին յայտնի դարձած էր, որ որոշ դասագիրք մը «արդիական» խմբագրումի ենթարկւած է, յայտնապէս ներշնչւած՝ «թաւշեայ յեղափոխութեան» բերած (ան)տրամաբանութենէն: Որոշ քարտէզներէ դուրս ձգւած է Արցախը, պատմական տեղեկութիւնները «կրճատումի» ենթարկւած են եւ իբրեւ թէ արդի մանկավարժութեան պահանջներուն ընթացք տալու համար, հայութիւնը իր ինքնութեան ու էութեան կապող արմատներ… արմատախիլ եղած են: Զեղչեալ ծանօթութիւններուն մասին գրեթէ ամէն օր նորութիւններ կը հրապարակւին քաղաքական դէմքերու, մտաւորականներու, իրա՛ւ պատմագէտներու եւ մանկավարժներու կողմէ:

Չենք ուզեր բոլորը արձանագրել այստեղ, սակայն մէկ բան յստակ է. այս իշխանաւորները վճռած են հայը, մասնաւորաբար նոր սերունդը ԾՐԱԳՐՒԱԾ ԿԵՐՊՈՎ խզել հայուն էութենէն, պատմական ճշմարտութիւններէն, կամայ թէ ակամայ նպաստելով թուրքին հայաջինջ ծրագիրներուն: Իշխանաւորներուն «լուսաբանութիւններն» ալ յաւելեալ վկայութիւն են, թէ ինչպիսի՛ տգէտներու եւ անբաններու խումբի մը մնացած է Հայաստանի ղեկը: Տգէտ ու անբան հռչակումէ զերծ մնալու համար, չի բաւեր ըսել, թէ այս իմաստակները վկայականներով օժտւած են (ոմանք ալ չունին կամ այլեւայլ միջոցներով ձեռք բերած են): Այսօրւան աշխարհը լեցուն է բարձրագոյն վկայականներ ունեցող տգէտներով եւ տխմարներով: Անշուշտ բոլոր վկայեալները չեն մտներ նոյն տոպրակին մէջ, կան բազմաթիւ յարգելի իմաստուններ եւ իսկական բանգէտներ:

***

Կրկնենք. ինչ որ կը հաղորդւի, յաւելեալ ապացոյցներ են, որ այս իշխանութիւնը – եւ զայն հովանաւորողները – ոգի ի բռին լծւած են մեր ժողովուրդը իր պատմութենէն ու աշխարհագրութենէն, նաեւ մշակութային ժառանգութիւններէն խզելու «առաքելութեան»: ՀՈՂԵՐու կորուստէն-յանձնումնէն ետք, ահաւասիկ հարւածի տակ է ԵՆԹԱ-ՀՈՂԸ՝ ՊԱՏՄՈՒԹԻ՛ՒՆԸ:

Տագնապին պատճառած արդար զայրոյթը կարտայայտւի, ընդհանրապէս, այնպիսի մօտեցումով, որ եղածը նորութիւն է:

Այո՛, խնդրոյ առարկայ դասագիրքը նորութիւն է, սակայն եկէ՛ք, մեր յիշողութիւնը պրպտենք եւ երթանք քանի մը տարի առաջ, երթանք մինչեւ 2019-ի հոկտեմբերի կէսերը, երբ «հիներ»-ը փոխարինած «քալողները» պատճառ դարձան մեր ինքնութեան հարւած հասցնող առաջին ահազանգին: Այդ օրերուն, Փաշինեանի կողքին քալողներէն՝ Արայիկ Յարութիւնեան, որ քանի մը նախարարութիւն, ներառեալ՝ կրթութեան նախարարութիւնը միացուցած էր իր մականին տակ, հրապարակ եկաւ ՊԱՏՄԱԿԱՆ որոշումով մը, որ քանի մը օր ետք հաստատւեցաւ նոյնինքն Փաշինեանի կողմէ: Այդ որոշումը կըսէր, թէ բարձրագոյն ուսման հաստատութիւններ ընդունւելու համար, այլեւս պատմութեան եւ հայերէն լեզւի նիւթերուն քննութիւն պիտի չպահանջւի:

Այդ հանգրւանին ալ, ինքնալքում, հայութեան էութիւնը իմաստազրկող որոշումը ահագին վրդովմունք պատճառեց Հայաստանի մտաւորականներուն, դաստիարակներուն եւ մշակոյթի պահապաններուն, վարակեց նաեւ Արտերկիրը: Եղան արդար եւ խարանող քննադատութիւններ, քննարկումներ, յետոյ, ջուրերը գտան իրենց հունը, իշխանաւորները հաստատ մնացին իրենց որոշումին վրայ: Հիմա, երբ համալսարանի պատրաստւողներուն վերաբերող այդ անկիւնադարձէն ետք անցած է չորս տարի, նոյն (ան)տրամաբանական երթը նոր դրսեւորում կը գտնէ, կարգը եկած է միջնակարգի աշակերտներուն, որոնք, ինչպէս կըսեն ախտաճանաչում ընողները, իրողապէս կը դրւին մեր պատմութիւնը խեղեալ, կրճատւած եւ, հետեւաբար, պատանին իր ինքնութեան ճանաչումէն մասամբ զրկող «մարտահրաւէր»-ի առջեւ: Խօսի՞նք այլ այլանդակութեանց մասին, ինչպէս՝ Արցախի ահաւոր ողբերգութենէն ետք, տակաւին չեն հրաժարիր ամերիկացի այլանդակ երգիչի մը համերգէն, լռելեայն կերպով իրենք զիրենք արդարացնելով, որ մարդուն արդէն մեծ գումար տրւած է: Մինչդեռ, այս օրը կը պահանջէ ԱԶԳԱՅԻՆ ԵՐԳԻՆ վերազարթօնքը…:

Եթէ խորհրդային տարիներուն մեր պատմութիւնը այլ տեսակի խեղաթիւրումի ենթակայ էր ու որոշ արմատներ վնասւեցան (առանց արհամարհելու իրա՛ւ պատմագիտութեան դաշտին մէջ հսկայական աշխատանքը), հիմա, անկախ Հայաստանի մէջ «հպարտ քաղաքացի» պատրաստողները կացինի հարւածներ կը հասցնեն գլխաւոր արմատին:

***

Չենք կրնար բաւականանալ քննարկումներուն եւ դասագիրքը քննադատողներուն ձայնակցելով: Պատկերասփռւած հարցազրոյցի մը պահուն, դասագիրքերու հեղինակ պատմագէտ մը, վաստակաւոր մանկավարժի մը հետ ձայն-ձայնի տւած, բաւական մանրամասնութիւններ տւին գայթակղեցուցիչ դասագիրքին մասին, կոչ ուղղեցին, որ ծնողները մերժեն գնել այդ դասագիրքերը: Ազգային ժողովի պատգամաւոր մը արձանագրեց այլ նշումներ: Այլ պատմագէտ մը, նմանապէս պատկերասփռւած զրոյցի մը պահուն, յայտարարեց, որ կը մերժէ իր զաւակին համար օգտագործել պատուհաս դասագիրքը:

Արդար գտնելով հանդերձ այս պահանջներն ու կոչերը, կուզենք քայլ մը յառաջ անցնիլ եւ կոչ ուղղել, որ ողնայար ունեցողներ ԳՈՐԾԻ անցնին, հաւաքեն այդ դասագիրքերը եւ հրապարակաւ կրակի տան, այրե՛ն զանոնք: Դարեր առաջ, Մեծն Մաշտոցի աշակերտներէն մէկը գրած էր «Եղծ աղանդոց»-ը, այսօրւան աղանդաւորները կը խմբագրեն «Եղծ պատմութիւն»:

…Հայաստանի մէջ մերժւած գիրքեր այրելու բարի աւանդութիւն մը կայ: Եթէ անցեալին հրապարակաւ հրոյ ճարակ դարձած կարգ մը գիրքերու մասին կարելի էր վէճ յարուցել, որոշ տրամաբանութեամբ մը պաշտպանել հրկիզւածը, այս պարագային, ՊԱՏՄՈՒԹԻՒՆ ԵՒ ԱՇԽԱՐՀԱԳՐՈՒԹԻՒՆ-ՔԱՐՏԷԶ ԽԵՂԱԹԻՒՐՈՂ դասագիրքերու հրկիզումը լիովին արդարանալի է, զայն պաշտպանել փորձողներուն մտային մերկութիւնը քողարկող՝ թզենիի չորցած վերջին տերեւները այրած-մոխրացած են:

Այո. այս իշխանաւորներուն վնասարար ընթացքը ԳՈՐԾՆԱՊԷՍ մերժելու բազում ձեւեր կան, մէկն ալ, այս դասագիրքերը հրապարակի մը վրայ, ի հարկին՝ Ազգային ժողովի կամ կառավարութեան շէնքին դիմաց այրելն է: Ու պէտք չէ մտահոգւիլ, որ բոցերէն բարձրացող ծուխը կրնայ կենսոլորտը ապականել, որովհետեւ շա՜տ աւելի կարեւոր եւ տարածուն կենսոլորտ մը մաքրւած կըլլայ:

Ս. ՄԱՀՍԷՐԷՃԵԱՆ
7 նոյեմբերի 2023

Առնչւող Յօդւածներ

Back to top button