ՄիջազգայինՏնտեսականՔաղաքական

Եւրոպայի զանգւածներէն սորվելիք ունի՞նք

2023-ի դեկտեմբերէն ի վեր, Եւրոպան եռքի մէջ է: Բողոքի ալիքներ կը բարձրանան քիչ մը ամէն տեղ, արեւելեան թէ արեւմտեան կողմն Եւրոպայի: Ցոյցեր, գործադուլ, ճամբաներու փակում: Բողոքի ալիքը սահմանափակւած չէ մէկ կալւածի մէջ, այլ կընդգրկէ ցամաքային եւ օդային փոխադրամիջոցները, երկրագործները, անասնաբոյծ-անասնապահները եւ այլ ասպարէզներու մէջ աշխատողներ, որոնք իրենց կողքին շահած են զանգւածները:

Բողոքի շարժումը աւելի հնչեղ դարձաւ վերջին երկու շաբաթներուն, երբ երկրագործներ ու ագարակապաններ, գործադուլի եւ հրապարակային այլ ցոյցերու սահմանէն անդին երթալով, սկսան պաշարման տակ առնել մայրաքաղաքներ ու քաղաքներ, փակեցին սահմաններ, անշարժութեան մատնել երկրին այս կամ այն գօտին (իսկ Եւրոմիութեան մէջ սահման հասկացողութիւնը հիմա տարբեր է): Եթէ Փարիզն ու ֆրանսիական քաղաքներ, ապա նաեւ Եւրոմիութեան ոստանը նկատւող Բրիւսէլը գրաւեցին զանգւածային լրատու աղբիւրներու նորագոյն լուսարձակները, անդին, շարժումը լայն արձագանգ գտաւ Անգլիոյ, Իսպանիոյ, Իտալիոյ, Յունաստանի, Պորտուգալի, Հոլանդիայի, Ռումինիոյ եւ Լեհաստանի մէջ, յիշելու համար շարժումին յիշարժան օրրանները:

Գանգատին խորագիրները բազմաթիւ են. հիմնականը՝ ՍՂՈՒԹԻՒՆԸ: Մարդիկ կը գանգատին, որ ուժանիւթը (վառելանիւթ ու էլեկտրականութիւն), պարարտացուցիչները, մեքենաներն ու գործիքները անհամեմատ սղած են, այնքան մը, որ իրենց աշխատանքը դարձած է անշահաւէտ (ականջը խօսի Հայաստանի երկրագործներուն): Գանգատ կը բարձրանայ, որ Ուկրանիոյ տրամադրւած՝ ազատ առեւտուրի, այսինքն՝ անկէ անհակակշիռ ներածումի շարժումը անարդար վիճակ ստեղծած է տեղական արտադրութեանց համար, կայ նաեւ «Եւրոպայի սահմաններէն դուրս» երկիրներէ (կը յիշւին հարաւ-ամերիկեան երկիրներ) ազատ ներածումներու ստեղծած անարդար վիճակը: Ձայներ կը բարձրանան միջատասպաններու անհամաչափ օգտագործման, կենսոլորտի հարցերու եւ նման՝ «երկրորդական» նկատւող տագնապներու դէմ:

Ճնշումը այնքան մը բարձրացաւ, որ Ֆրանսիայի նոր կառավարութիւնը, ինչպէս նաեւ Եւրոմիութիւնը ստիպւեցան տեղի տալ, որդեգրեցին դարմանումի (կիսատ-պռատ) միջոցներ, տւին խոստումներ, որոնք եղան այս շարժումին ձեռքբերումը: Փետրւարի սկիզբներուն, ալիքը տեղատւութեան նշաններ ի յայտ բերաւ, սակայն ցուցարար բողոքողները զէնքերը վար չեն դրած:

ՈՒԿՐԱՆԻԱՆ ՄԻԱԿ «ՅԱՆՑԱՒՈՐ»-Ը ՉԷ…

Ո՛չ ոքի ուշադրութենէն վրիպեցաւ այն, որ բողոքի եւ պաշարումներու ալիքը գագաթնակէտի մը հասաւ ճիշտ այն օրը, երբ Եւրոմիութիւնը գերաստիճան մը կը գումարէր Բրիւսէլի մէջ, օրակարգի վրայ ունենալով Ուկրանիոյ 50 միլիարդ եւրոյի նոր օժանդակութիւն տրամադրելու ծրագիր մը: Ցուցարարներն ու բողոքողները կը գանգատին, որ իրենց կառավարութիւնները անտեսումի լուսանցքին վրայ նետած են սեփական երկիրներու հոգերը եւ իրարու հետ մրցումի ելած են՝ Ուկրանիան զինելու եւ անոր կործանւող տնտեսութեան օգնութեան ձեռք երկարելու համար (հոս չենք ուզեր քննարկման նիւթ դարձնել այն, որ Ուկրանիա ինչո՞ւ այս վիճակին մատնւեցաւ, եւ արդեօք պէ՞տք է անվերջ շարունակել Ուկրանիոյ զինումը, կամ՝ որքա՞ն կրնայ տեւել «Դանայեան տակառ»-ը լեցնելու մրցավազքը):

Դէպի Ուկրաինա հոսող եւրոպական գումարներուն ծիրին մէջ, ոչինչ կըսւի Իսրայէլը զինելու եւ պաղեստինցիներու ջարդին մասնակից դառնալու իրականութեան մասին: Նման բացայայտում ընող մը անմիջապէս պիտի պիտակւի իբրեւ «հակասեմական». մասնաւորաբար գերմանացիք չեն ժպրհիր նման քայլ առնել: Ու որեւէ մէկը հարց չի տար, թէ արդեօք արաբները հնդեւրոպակա՞ն, թէ կարմիր կամ դեղին ցեղերու կը պատկանին: (Չէ՞ որ նմանապէս հարց չի տրւիր, թէ իսլամական Թուրքիան ալ անարգել կը ջարդէ իսլամ քուրդերը, իսլամ սիրիացիներն ու իրաքցիները…): Չտարածւինք մեր քննարկումին մէջ:

Ուրեմն, եւրոպացիք հիմա կը զգա՜ն, որ իրենց տառապանքներուն եւ ապրուստի տագնապներուն գլխաւոր պատճառը՝ Ուկրանիոյ մէջ ուղիղ երկու տարի առաջ պայթած պատերազմն է (բանիմացը պիտի ըսէր՝ նո՜ր բարի լոյս): Զանգւածային մամուլը կը շարունակէ մեղադրանքներ շռայլել Ռուսիոյ հասցէին (չենք ըսեր, թէ Ռուսիա բոլորովին անմեղ է, սակայն կը մոռցւին պատերազմին շարժառիթներուն իսկական պատճառները եւ հարց չի տրւիր, թէ ո՛ր դարակը նետւած են Արեւելք-Արեւմուք մեղմացումի 90-ականներու թղթածրարները):

Քիչ կը խօսւի այս պատերազմին գլխաւոր շահառուներուն մասին, որոնց շարքին, առաջին տեղը կը գրաւեն զէնքի արտադրիչներն ու վաճառականները: Սակայն եկէ՛ք, պահ մը բանանք պզտիկ – ո՛չ միակ – քողարկեալ ծալք մը, եւ հարց տանք, թէ Ուկրանիայէն ցորեն, շաքար, միս եւ այլ արտադրանքներ ներածողները (փոքրամասնութիւն մը անկասկած) եւ այդ արտադրանքները անհաւասար մրցակցութեամբ Եւրոպայի շուկաներուն մէջ տարածողները ի՞նչ «շահաբաժին» ունին այս պատերազմին մէջ, եւ ատիկա կ’ըլլայ տեղական արտադրանքներուն հարւած տալու, սեփական երկիրներուն տնտեսութիւնը ձեւով մը դաշունահարելու գնով…:

Եթէ նման իրականութիւններուն մասին անաղմուկ խօսողներ կան, գրեթէ ո՛չ ոք կը խօսի այլ շահարկողի մը մասին, որ կը կոչւի Միացեալ Նահանգներ, աւելի ճիշտը՝ զայն իրենց տիրապետութեան տակ առած՝ զէնքի, նաւթի եւ ճարտարարւեստի-առեւտուրի այլ կալւածներու հսկաներ: Օրինակի համար, երբ կը խօսին վառելանիւթերու եւ փոխադրամիջոցներու սակերու բարձրացման մասին, այսինքն՝ ապրուստի սղութեան գլխաւոր ազդակին մասին, չի յիշւիր, թէ Միացեալ Նահանգներ ինչպէ՛ս բռնած է եւրոպական երկիրներու կոկորդէն եւ իր կամքը կը պարտադրէ բոլորին (կամքը պարտադրելը միայն ընդդէմ Ռուսիոյ քարոզչութիւն ընելուն չի վերաբերիր): Մոռցւած է, թէ մինչեւ երկու-երեք տարի առաջ, Եւրոպա բաւական աժան վառելանիւթ կը ներածէր Ռուսիայէն, գազտար հսկայական խողովակներ ձգւած էին ծովերու յատակէն: Օր մըն ալ, այդ խողովակները պայթեցան, Ռուսիան ամբաստանւեցաւ իբրեւ խափանարար (մի՛ հարցնէք, թէ ի՞նչ տրամաբանութեամբ պիտի պայթեցնէր իր արտածած կազին խողովակը), յետոյ, քննութիւնները պահ մը աղմկարար կերպով շարունակւեցան, հիմա բարձի թողի եղած են, ու եւրոպացիք մոռցած են, որ ռուսական կազի փոխարէն, իրենց պարտադրւած է շատ աւելի բարձր սակերով ամերիկեան գազ (եւ այլ արտադրանքներ) ներածել, չի յիշատակւիր, թէ նաւթի արաբական երկիրներու «բանալիները» կը գտնւին անոնց ձեռքին, որոնք կը տիրապետեն ամերիկեան տնտեսական հզօրանքի աղբիւներուն: Չի խօսւիր մանաւանդ Ադրբեջանի եւ Թուրքիոյ ճամբով – եւ անոնց շահաբաժին տրամարդելով – Եւրոպա հասնող ռուսական վառելանիւթին մասին…

ՀԱՅԿԱԿԱՆ ԿՈՂՄՆ ԱՇԽԱՐՀԻ

Եւրոպան եռեւեփող յիշեալ ալիքներուն՝ մակընթացութեանց եւ տեղատւութիւններու դիմաց, հայկական աշխարհը, ի մասնաւորի Հայաստանը կապրի անոնց արձագանգներուն լուսանցքին վրայ:

Ուկրանիոյ պատերազմը, անմիջականօրէն եւ կարճ ժամանակի համար, դրական շարժում մը բերաւ Հայաստանին: Ռուսիոյ դէմ որդեգրւած պատժամիջոցները, գաղտնիք չէ, մեծ գումարներ հոսեցուց Հայաստան, որ դարձաւ ռուսական շուկան աշխարհին կապող մանր կամուրջ մը (մի՛ հարցնէք, թէ «Ռուսիոյ հետ գործակցողին դէմ ալ պատժամիջոց պիտի որդեգրենք» սպառնացող Արեւմուտքը ինչո՞ւ անտարբեր մնաց. եւ լա՛ւ է, որ անտարբեր մնաց): Տնտեսութեան մէջ դրական թիւեր արձանագրւեցան վերջին երկու տարիներուն, սակայն վերջին ամիսներուն, ըստ տնտեսագէտ-ֆինանսագէտներու՝ դրական ալիքին մարումի նշանները սկսած են ի յայտ գալ: Խորքին մէջ, երկրի՛ն տնտեսութիւնը այդքան ալ չէ նպաստաւորւած, ո՛չ միայն անոր համար, որ օրինակի համար՝ անոր դիմաց ունեցանք Արցախի նման անհաշւելի կորուստներ (հողային եւ տնտեսական), այլ որովհետեւ տնտեսվարումը կը մնայ մանկապարտէզային մակարդակի վրայ (այդ ալ դուրսերէն որոշ «ներշնչումով»): Անշուշտ օգտւող փոքրամասնութիւն մը կայ Հայաստանի մէջ եւս, անոնք, որոնք վարձով բնակարան տրամադրած են դուրսէն եկողներու եւ աշխատանքի կոչւած՝ նորաստեղծ ընկերութիւններու մէջ (սա դրական կէտ մը կարելի է նկատել բնականաբար), սակայն այլապէս, ՍՂՈՒԹԻՒՆՆ ՈՒ ՍՂԱՃԸ «նպաստաւորւած են» Ուկրանիայէն եւ այլ տեղերէ փշող՝ համաշխարհային տնտեսական, ապրուստի սղութեան հովերէն:

Երեւանի լրատու աղբիւրները երկու «դասակարգ» ունին. կայ իշխանութեան հակակշիռին ենթակայ կալւածը, որ կը փորձէ ամէն բան վարդագոյն, գոյնզգոյն ներկայացնել, եւ կայ իրատես կալւածը, որ լաւին կըսէ լաւ, իսկ վատին կու տայ իր իրական անունը:

Ապրուստի վիճակը, մասնաւորաբար սահմանափակ եկամուտով բնակիչին, գիւղացիին համար (ասոնց կողքին են արցախցի գաղթականները), վիճակը ծանր է: Շատ սահմանափակ եւ կարճատեւ շարժումներ կարձանագրւին, օրինակ՝ ձկնորսներուն բողոքը եւ այլն (հիմա ձմեռ է, օրերը կարճ են…), սակայն ընդհանուր պահանջատիրութիւն մը չի բարձրանար: Ամէն մարդ ստիպւած է «իր կարապետը լալ»: Ձկնորսին տագնապը կարծէք թէ աղերս չունի պայթած շուկայի մը եւ այլ առեւտրականներու, զինւորներ կորսնցուցած ընտանիքներու ցաւերուն հետ. հոն ալ բողոքի ալիքները կարճատեւ են: Արցախի եւ հայրենի հողերու կորստեան տագնապներն ալ կը ստեղծեն «մանր ալիքներ», որոնք կը փշրւին ոստիկաններու վահաններուն դիմաց:

ԻՆՉՈ՞Ւ ԿԱՐԴԻՒՆԱՒՈՐՒԻՆ

Քանի սկսանք տնտեսական-հասարակական հարցերով, վերադառնանք այդ ոլորտը:

Եւրոպայի մէջ պայթած եւ ծաւալած, երկրէ երկիր արձագանգ գտած – եւ մեծ ու փոքր ձեռքբերումներ իրագործող – բողոքի շարժումները որոշ յաջողութեան կը հասնին, կապահովեն շարունակականութիւն, որովհետեւ իշխանութիւններու ձախաւերութիւններուն դէմ դրօշ բարձրացնողները ԿԱԶՄԱԿԵՐՊՒԱԾ են, ունին յստակ օրակարգ, անկախ անկէ, թէ ի՞նչ գոյն ունի տւեալ երկրին իշխանութիւնը: Կան արհեստակցական միութիւններ, համադաշնակցութիւններ, ընկերակցութիւններ, որոնք կապ կը պահեն իրարու հետ, մէկը միւսին զօրակից կըլլայ: Բողոքը սկսողը գիտէ, թէ ԱՐԴԱՐՈՒԹԵԱՆ ԵՒ ԻՐԱՒՈՒՆՔԻ համար կը շարժի (չմոռնանք, որ հոն հողի-հայրենիքի կորուստի հարցեր չկան, այսինքն՝ մեր ցաւը աւելի խորն է): Որոշ նախագահի մը, վարչապետի մը քւէ տւողը չըսեր, որ ան «ազգընտիր է», իրեն «մանդատ տւած եմ, ինչ որ ուզէ՝ թող ընէ»: (Միամիտ չենք, սակայն նախանձախնդիր՝ որտեղ մըն ալ դուրսէն իրաւունքի պաշտպանութեան հովերէ նպաստ քաղենք, ո՛չ միայն ուկրանիական նպաստաւորող զեփիւռներէն):

Կայ աւելի՛ն. Հայաստանի մէջ սպասելին՝ լոկ տնտեսական-հասարակական տագնապին դէմ բողոքի լայն ալիքը չէ, նման ալիքի մը ԿԱԶՄԱԿԵՐՊՈՒՄԸ՝ հիմնականին մէջ բոլոր այն ձեռքերուն կողմէ, որոնք պէտք է աշխատաւորական ու արհեստակցական համադաշնակցութիւններու դերը կատարեն, նման միաւորներ ոտքի հանեն: Հայաստանի մէջ կորուստը ունի շատ աւելի՛ վտանգաւոր երեսներ. հող ու հայրենի՛ք կը կորսնցնենք քայլ առ քայլ, եւ իշխանութիւնը կը շարունակէ իր խաղերը խաղալ, մանրապատումներով, օր աւուր խելապատիկներէ դուրս ցատկող «գիւտերով» է որ կը զբաղեցնէ զանգւածը, ըսել կուզենք՝ կը շարունակէ խաբել ու քնացնել բոլորը:

Եւրոպայի շարժումներ նորութիւն չեն քաղաքակիրթ, անարդար իշխանաւորներու դէմ պայքարող ԳՈՐԾՈՂ-ԱՇԽԱՏՈՂ ԴԱՍԱԿԱՐԳԵՐՈՒ աշխարհին մէջ, եւ հակառակ տեղքայլերու եւ նահանջներու, մի՛շտ ալ դէպի առաջ շարժումը ի վերջոյ յաջողութիւններ արձանագրած է եւ կեանքի պայմանները տարած է դէպի բարելաւում, տեղ-տեղ իրականացուցած է իշխանափոխութիւն, երգելով՝ «երբ չի մնում ելք ու ճար…»:

Ս. ՄԱՀՍԷՐԷՃԵԱՆ
3 փետրւարի 2024

Առնչւող Յօդւածներ

Back to top button